Արուեստական իմացականութեան (ԱԻ-AI) նկատմամբ խանդավառութիւն կը տիրէ ամէնուր։ Մեքենաները այսօր կրնան գրել, նկարներ եւ երաժշտութիւն ստեղծել, լեզուներ թարգմանել, նոյնիսկ մարդուն նման խօսիլ։ Շատեր արդէն վստահ են, թէ ԱԻ-ի միջոցով մարդկային գիտակցութեան ստեղծումը պարզապէս ժամանակի հարց է։ Ըստ այս պատկերացումին, եթէ հաշուարկային ուժը, տեղեկութիւններու ծաւալը եւ ալկորիթմները բաւական զարգանան, մեքենան օր…
Հայկական սփիւռքը դար մը շարունակ եղած է մեր ազգային կեանքին ամէնէն կարեւոր իրականութիւններէն մէկը: Ան ծնաւ մեծ ողբերգութենէ մը` Հայոց ցեղասպանութենէն, բայց ժամանակի ընթացքին վերածուեցաւ կազմակերպուած, կենսունակ եւ համաշխարհային ներկայութիւն ունեցող իրականութեան: Սակայն 1991-ին Հայաստանի անկախութիւնը ոչ միայն նոր էջ բացաւ հայրենիքին համար, այլ նաեւ արմատապէս փոխեց սփիւռքին դերը: Այսօր…
Երբ հայ ընտանիքի մը մէջ, ուր հայր եւ մայր հայ են, մայրենիի հաղորդակցութիւնը կը նուազի, եւ լեզուն դուրս կը մնայ տնային խօսակցութիւններէն, լեզուի բնականոն զարգացման ընթացքը կը դիմագրաւէ նոր մարտահրաւէրներ` զայն մղելով զգայուն վիճակի: Լեզուական այս տեղաշարժը ցոյց կու տայ, որ մարտահրաւէրը հասած է մեր ինքնութեան կարեւորագոյն բջիջին` տան: Այսօր…
Շուէտի Սթոքհոլմ քաղաքին մէջ բնակող այլախոհ թուրք հետաքննող լրագրող Ապտուլլահ Պոզքուրթը, «Nordic Monitor»-ի մէջ հրատարակուած «Թուրքիան կ’աշխուժացնէ Ուաշինկթընի մէջ գաղտնի եւ բացայայտ ազդեցութեան գործողութիւնները» խորագիրով յօդուածին մէջ բացայայտած է Թուրքիոյ բազմաշերտ ու ընդլայնուող գործունէութիւնը Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Ահա թէ ինչպէ՛ս Պոզքուրթը ամփոփած է իր բացայայտումները. «Թուրքիան զգալիօրէն ընդլայնած է իր…
«Անոնք, որոնք չեն յիշեր անցեալը, դատապարտուած են զայն կրկնելու»։ Ճորճ Սանթայանա 19-րդ դարու վերջերուն Ճափոնէն Ռուսաստան հասաւ ներդրուած տիկնիկներու գաղափարի նախատիպերէն՝ պզտլիկ փայտէ կերպար մը, որ կը ներկայացնէր եօթը յաջողութեան աստուածները՝ Shichi-fukujin-ը։ Այդ «աստուածներէն» մին՝ Fukurukuju-ն, կը ներկայանար որպէս կերպար, որ իր ներսդին կը կրէր վեց ուրիշ կերպարներ։ Shichi-fukujin-ը ստեղծուած…
Շուտով մեր հայրենիքէն ներս տեղի պիտի ունենան նոր Ազգային ժողովի ընտրութիւններ: Արդ, այս տողերով կ’ուզեմ դարձեալ կամուրջ մը նետել, եւ կապուիլ անխտիր բոլոր ընթերցողներուս, որպէսզի օրուան խորհուրդին մէջ փաթթուած, կրկին պարզեմ միտքս: Նախ ըսեմ որ մտահոգ բառերով կ’առաջնորդուին այս տողերս, որովհետեւ, ներկայիս Հայաստանէն ներս խառնաշփոթ վիճակ մը գոյութիւն ունի: Տեսակ…
Եթէ պահ մը փորձենք Իրան-Իսրայէլ արիւնալի ու կործանարար բախումներու խորքը թափանցել, մեզի համար ակներեւ ու բացայայտ կը դառնայ, աշխարհաքաղաքական շահերու կողքին, որ անոնց նպատակն է արգելարկել հիւլէական զէնքի տիրանալու Իրանը կարելիութիւնը, ու զրկել շրջանային զօրեղ ուժ դարձած շիի պետութիւնը, որ նոյնիսկ խաղաղ նպատակներու համար հիւլէական արհեստագիտութիւն զարգացնելէ․․․ Ու այդ արգելքները…
Գրառումներ՝ Անօդաչու Թռչող Սարքերու Աղմուկին Տակ 13 Մարտ․ Մօտ երկու տարի առաջ, խումբ մը իսրայէլացի զինուորներ տեսախցիկի առջեւ բռնաբարեցին պաղեստինցի տղամարդ մը, բանտին մէջ։ Զոհը ծանր դրութեան մէջ փոխադրուեցաւ հիւանդանոց: Գործ յարուցուեցաւ 10 զինուորի դէմ։ Ապա թիւը իջաւ 5-ի։ Քանի մը օր առաջ, երկրի դատախազութիւնը կարճեց գործը` «ապացոյցներու անբաւարար ըլլալու…
Հայաստանի յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւնները, որոնք նշանակուած են 7 Յունիս 2026-ին, քաղաքական սովորական մրցակցութենէ մը անդին, պատմական ու գոյաբանական խաչմերուկ մը կը ներկայացնեն։ Հայ ընտրողը այս հանգրուանին կոչուած է կայացնելու որոշում մը, որ պիտի սահմանէ երկրի քաղաքական, ընկերային եւ ինքնութեան ուղեգիծը՝ առնուազն յաջորդ տասնամեակներուն համար։ Այս համատեքստին մէջ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ…
Վերջերս կարդացած յօդուածներուս մեծամասնութիւնը նուիրուած էր աշխարհի ներկայ խառնաշփոթ իրավիճակին։ Անշուշտ պէտք չէ մոռնալ նաեւ Լիբանանը, որ առանձնայատուկ կերպով ներգրաւուած էր այդ ընդհանուր հոլովոյթին մէջ։ Լիբանանը եւ պատերազմը աւելի քան սերտ բարեկամներ դարձած են․ անոնք յիսունմէկ տարիէ գրեթէ անբաժան են եւ միայն կարճ ընդմիջումներով հեռացած։ Երկուքն ալ չեն կրցած առանձին…
Azg21 Armenian Independent Blog
Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։





