-
Շարունակէ Կարդալ →: Արդեօք Օր Մը Վերջ Պիտի Գտնէ՞․․․
Վերջերս կարդացած յօդուածներուս մեծամասնութիւնը նուիրուած էր աշխարհի ներկայ խառնաշփոթ իրավիճակին։ Անշուշտ պէտք չէ մոռնալ նաեւ Լիբանանը, որ առանձնայատուկ կերպով ներգրաւուած էր այդ ընդհանուր հոլովոյթին մէջ։ Լիբանանը եւ պատերազմը աւելի քան սերտ բարեկամներ դարձած են․ անոնք յիսունմէկ տարիէ գրեթէ անբաժան են եւ միայն կարճ ընդմիջումներով հեռացած։ Երկուքն ալ չեն կրցած առանձին գոյատեւել եւ աւելի ամուր եւ…
-
Շարունակէ Կարդալ →: Անարդարութեան Վրայ Կառուցուած Աշխարհը Եւ Մեր Սպասումները
Ամէն տարի, Ապրիլի 24-ին, հայ ժողովուրդին մէջ ժամանակ առ ժամանակ կը վերակենդանանայ գաղափար մը, որ առաջին հայեացքով կը թուի բնական ու արդար. եթէ ցեղասպանութիւնը ճանչցուի, իսկ անիկա պիտի՛ ճանչցուի, ապա անոր արդիւնքներէն մէկը պէտք է ըլլայ պատմական հողերու վերադարձը (խօսքը ուիլսընեան Հայաստանի մասին է): Այս տրամաբանութիւնը յուզական ու մարդկային առումով հասկնալի է, բայց եթէ փորձենք…
-
Շարունակէ Կարդալ →: Ինչո՞ւ Տակաւին Չունինք Լիարժէք Պետութիւն և Ինչպէ՞ս Կ՛ունենանք Զայն
Ինչո՞ւ չկարողացանք իրականացնել պետութեան իսկական հասկացողութիւնը մեր Հայրենիքին մէջ։ Պետութիւն ըսելով, անշուշտ նկատի ունիմ, ո՛չ թէ պատեր եւ սահմաններ, այլ՝ պետութեան ամբողջական հասկացողութիւնը, որպէս հաւաքական դաշինք, մտայնութիւն եւ կողմնացոյց։ Իմ համեստ կարծիքով հետեւեալին մէջ կը կայանայ ախտաճանաչումը: Մենք չկրցանք պետութեան հասկացողութիւն իրականացնել, քանի մենք վերէն սկսանք։ Հիմնարկներ կառուցեցինք նախքան քաղաքացիներ կառուցելը։ Սահմանադրութիւն գրեցինք նախքան մարդոց…
-
Շարունակէ Կարդալ →: Համազգային Պատասխանատուութեան Հրամայականը․ Սփիւռքը Իրաւունք Ունի՞ Ակնկալիքներ Ունենալու
Հայկական քաղաքական միտքը այսօր կանգնած է հիմնարար հարցումի մը դիմաց, որ այլեւս չի կրնար յետաձգուիլ կամ շրջանցուիլ՝ արդեօ՞ք տրամաբանական եւ արդարացի է, որ հայկական սփիւռքը ակնկալէ, թէ Հայաստանի մէջ 2026-ի Յունիսին կայանալիք ընտրութիւններուն մասնակցող քաղաքական ուժերը իրենց ծրագիրներուն մէջ՝ հայաստանեան հարցերու կողքին, յստակ, համակարգուած եւ բովանդակային կերպով անդրադառնան նաեւ համազգային նշանակութիւն ունեցող առանցքային հարցերուն։ Այս…
-
Շարունակէ Կարդալ →: Արեւմտահայերէնը Հիմք՝ Ազգային Միասնութեան, Սփիւռքի Զարգացման, Եւ Հայ Դատի Գոյատեւման
Արեւմտահայերէնը հիմք է ոչ միայն մեր լեզուական ինքնութեան, այլեւ՝ մեր հաւաքական յիշողութեան, մեր պատմական արդարութեան պահանջին՝ Հայ Դատին, եւ ընդհանրապէս հայութեան գոյատեւման։ Արեւմտահայերէնը բառերու պարզ շարան մը չէ, ոչ ալ անցեալի փոշոտ էջերու մէջ փակուած հնութիւն մը։ Արեւմտահայերէնը կենդանի գոյութիւն է՝ շունչով, յիշողութեամբ եւ պայքարով լեցուն։ Այս լեզուն ծնած է մեր մեծ մայրերուն շուրթերուն վրայ՝…
-
Շարունակէ Կարդալ →: Սփիւռքի Մասին Մտորումներ
Սփիւռքը իբրեւ քաղաքական հաւաքականութիւն ճանչնալու եւ հայրենիքին հետ կապուած անոր զարգացման հարցը քննելու նախադրեալ յօդուած մըն է այս գրութիւնը։ Անշուշտ, մասնագիտական երկար նիւթ է Սփիւռքը իբրեւ ոչ-պետական եւ անդրազգային հաւաքականութիւն քննարկելու եւ անոր քաղաքական, տնտեսական, մշակութային եւ զանազան մարզերու գոյութիւնը մեկնաբանելու եւ արժեւորելու գործը։ Այս գործին մէջ Խաչիկ Թէօլէօլեան եղած է ռահվիրան եւ Սփիւռքի մասին…
-
Շարունակէ Կարդալ →: Հայ, Հայեր, Հայաստան, Հայաստաններ
«Պայքարը եւ ըմբոստութիւնը միշտ ունին որոշ չափով յոյս,մինչ յուսահատութիւնը համր է»(Շարլ Պոտլեր, ֆրանսացի բանաստեղծ, Ի. դար) Խորագրի չորս բառերու իւրաքանչիւրին տակ ի՞նչ կրնանք դնել, որ մենք մեզ հասկնանք, զիրար հասկնանք, մեզ հասկնան: Ո՞վ կրնայ ճիշդ սահմանում տալ ՀԱՅ անուան տակ յայտնուող մարդուն եւ մարդոց: Ո՞ւր են անոնք: Ինչպէ՞ս կը զանազանուին մոլորակի ութ կամ տասը միլիառ…
-
Շարունակէ Կարդալ →: Արեւմտահայերէնը Դարձնել Նոր Սերունդի Ձայնը
Նախորդ յօդուածին մէջ (ներկայացուած տուեալները մեզ կը հրաւիրեն լուրջ խորհրդածութեան. արեւմտահայերէնի կենսունակութեան պահպանումը այսօր մեր համազգային առաջնահերթութիւնն է: Մեր նպատակն է արեւմտահայերէնը հասցնել հոն, ուր կը բաբախէ նոր սերունդին սիրտը` թուային հարթակներէն մինչեւ առօրեայ ստեղծագործական շփումներ: Այս յօդուածով լուսարձակի տակ պիտի առնենք այն գործնական եւ խոստմնալից քայլերը, որոնք կրնան լեզուի ուսուցումը վերածել ներշնչող, ժամանակակից եւ…
-
Շարունակէ Կարդալ →: Իմաստուններու Խորհուրդ
Տարիներ շարունակ հայութիւնը անօգնական հանդիսատեսը կ’ըլլայ հայութեան երեւելի դէմքերու միջեւ ծաւալող մտահոգիչ հանրային հակամարտութիւններուն, ուր քաղաքական տարաձայնութիւնները կը վերածուին անարգ ու անվայել քաղաքական թատերաբեմի։ 12 փետրուար 2026-ին, ինը յայտնի հայեր՝ Նուպար Աֆէեան, Անթոնի Պարսամեան, Տենհամի Լորտ Արա Տարզի, Էրիք Էսրայիլեան, Վահէ Կապրաշ, Վաչէ Մանուկեան, Ժոզէֆ Օղուրլեան եւ Պերճ Սեդրակեան, «Մետիամաքս»-ի հարթակով հրապարակեցին բաց նամակ մը՝…
-
Շարունակէ Կարդալ →: Սփիւռքը Ոեւէ Մէկուն Սեփականութիւնը Չէ
Հայ եկեղեցւոյ ներկայիս դիմագրաւած խոր տագնապը կը շարունակէ խռովեցնել հայութեան միտքն ու հոգին, միշտ յուսալով, որ Մայր Աթոռի գահին նստած կաթողիկոսը իր մէջ կը գտնէ քաջութիւն` ընդառաջելու Եկեղեցւոյ բարենորոգման կոչերուն, որպէսզի ազգովին դուրս գանք այս տխուր ու անբաղձալի վիճակէն: Վերջերս բարձրացան ձայներ, որոնք ներկայ տագնապին ամբողջ պատասխանատուութիւնը կ’ուզեն դնել Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն վրայ, անտեսելով տագնապին…






