Սփիւռք
-
Թիւերէն Անդին՝ Տուեալները (data) Որպէս Ռազմավարական Անհրաժեշտութիւն Սփիւռքահայութեան Համար
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Թիւերէն Անդին՝ Տուեալները (data) Որպէս Ռազմավարական Անհրաժեշտութիւն Սփիւռքահայութեան ՀամարՍփիւռքահայ իրականութեան մէջ մենք յաճախ կը խօսինք «համայնք», «ազգային ինքնութիւն», «գոյատեւում» եւ «ապագայ» եզրերուն մասին։ Կը կազմակերպենք ժողովներ, համագումարներ եւ քննարկումներ, կը խօսինք ռազմավարութիւններու մասին եւ յայտարարութիւններ կը կատարենք։ Սակայն հազուադէպօրէն հարց կու տանք․ արդեօք մենք իսկապէս կը ճանչնա՞նք մեր համայնքները։ Մօտաւորապէս քանի՞ հայ կ’ապրին այսօր Լիբանանի, Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու,…
-
Ժողովրդավարութիւնը Եւ Մանդատները Վերցնելու Թէ Վար Դնելու (ընդդիմութեան) Տիլեման
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Ժողովրդավարութիւնը Եւ Մանդատները Վերցնելու Թէ Վար Դնելու (ընդդիմութեան) ՏիլեմանԱնկախութենէն ի վեր, Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութիւնը գրեթէ նոյնացաւ իշխանութեան վրայ գտնուող, այսինքն՝ պետական մեքենային վրայ ամբողջական վերահսկողութիւն հաստատած եւ, հետեւաբար, վարչական լծակներու անկաշկանդ շահագործման կարողութիւն ունեցող քաղաքական ուժի վերարտադրման օրինականացումը արձանագրող ընտրական գործընթացին հետ: Փաստօրէն, միայն երկու առիթով իշխանութեան վրայ գտնուող ուժի շարունակականութիւնը բացառուած է. մէկը 1998-ին, պալատական յեղաշրջման ճամբով,…
-
Իրապաշտ Ըլլալու Կարեւորութիւնը
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Իրապաշտ Ըլլալու ԿարեւորութիւնըԱզգերու եւ անհատներու կեանքին մէջ երազանքը, իտէալները եւ բարձր տեսլականները կարեւոր դեր ունին։ Առանց երազանքի դժուար է ապագայ կերտել, իսկ առանց իտէալներու՝ դժուար է պայքարիլ արդարութեան եւ յառաջդիմութեան համար։ Սակայն, երբ երազանքը կը հեռանայ իրականութենէն եւ կը վերածուի կոյր ռոմաթիզմի (վիպապաշտութեան), ան կրնայ դառնալ վտանգաւոր։ Այս պատճառով է, որ իրապաշտութիւնը…
-
Սփիւռքը` Երէկ Եւ Այսօր Գոյատեւումէն Դէպի Ռազմավարական Ուժ
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Սփիւռքը` Երէկ Եւ Այսօր Գոյատեւումէն Դէպի Ռազմավարական ՈւժՀայկական սփիւռքը դար մը շարունակ եղած է մեր ազգային կեանքին ամէնէն կարեւոր իրականութիւններէն մէկը: Ան ծնաւ մեծ ողբերգութենէ մը` Հայոց ցեղասպանութենէն, բայց ժամանակի ընթացքին վերածուեցաւ կազմակերպուած, կենսունակ եւ համաշխարհային ներկայութիւն ունեցող իրականութեան: Սակայն 1991-ին Հայաստանի անկախութիւնը ոչ միայն նոր էջ բացաւ հայրենիքին համար, այլ նաեւ արմատապէս փոխեց սփիւռքին դերը: Այսօր…
-
Արդեօք Օր Մը Վերջ Պիտի Գտնէ՞․․․
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Արդեօք Օր Մը Վերջ Պիտի Գտնէ՞․․․Վերջերս կարդացած յօդուածներուս մեծամասնութիւնը նուիրուած էր աշխարհի ներկայ խառնաշփոթ իրավիճակին։ Անշուշտ պէտք չէ մոռնալ նաեւ Լիբանանը, որ առանձնայատուկ կերպով ներգրաւուած էր այդ ընդհանուր հոլովոյթին մէջ։ Լիբանանը եւ պատերազմը աւելի քան սերտ բարեկամներ դարձած են․ անոնք յիսունմէկ տարիէ գրեթէ անբաժան են եւ միայն կարճ ընդմիջումներով հեռացած։ Երկուքն ալ չեն կրցած առանձին…
-
Ինչո՞ւ Տակաւին Չունինք Լիարժէք Պետութիւն և Ինչպէ՞ս Կ՛ունենանք Զայն
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Ինչո՞ւ Տակաւին Չունինք Լիարժէք Պետութիւն և Ինչպէ՞ս Կ՛ունենանք ԶայնԻնչո՞ւ չկարողացանք իրականացնել պետութեան իսկական հասկացողութիւնը մեր Հայրենիքին մէջ։ Պետութիւն ըսելով, անշուշտ նկատի ունիմ, ո՛չ թէ պատեր եւ սահմաններ, այլ՝ պետութեան ամբողջական հասկացողութիւնը, որպէս հաւաքական դաշինք, մտայնութիւն եւ կողմնացոյց։ Իմ համեստ կարծիքով հետեւեալին մէջ կը կայանայ ախտաճանաչումը: Մենք չկրցանք պետութեան հասկացողութիւն իրականացնել, քանի մենք վերէն սկսանք։ Հիմնարկներ կառուցեցինք նախքան քաղաքացիներ…
-
Համազգային Պատասխանատուութեան Հրամայականը․ Սփիւռքը Իրաւունք Ունի՞ Ակնկալիքներ Ունենալու
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Համազգային Պատասխանատուութեան Հրամայականը․ Սփիւռքը Իրաւունք Ունի՞ Ակնկալիքներ ՈւնենալուՀայկական քաղաքական միտքը այսօր կանգնած է հիմնարար հարցումի մը դիմաց, որ այլեւս չի կրնար յետաձգուիլ կամ շրջանցուիլ՝ արդեօ՞ք տրամաբանական եւ արդարացի է, որ հայկական սփիւռքը ակնկալէ, թէ Հայաստանի մէջ 2026-ի Յունիսին կայանալիք ընտրութիւններուն մասնակցող քաղաքական ուժերը իրենց ծրագիրներուն մէջ՝ հայաստանեան հարցերու կողքին, յստակ, համակարգուած եւ բովանդակային կերպով անդրադառնան նաեւ համազգային…
-
Արեւմտահայերէնը Հիմք՝ Ազգային Միասնութեան, Սփիւռքի Զարգացման, Եւ Հայ Դատի Գոյատեւման
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Արեւմտահայերէնը Հիմք՝ Ազգային Միասնութեան, Սփիւռքի Զարգացման, Եւ Հայ Դատի ԳոյատեւմանԱրեւմտահայերէնը հիմք է ոչ միայն մեր լեզուական ինքնութեան, այլեւ՝ մեր հաւաքական յիշողութեան, մեր պատմական արդարութեան պահանջին՝ Հայ Դատին, եւ ընդհանրապէս հայութեան գոյատեւման։ Արեւմտահայերէնը բառերու պարզ շարան մը չէ, ոչ ալ անցեալի փոշոտ էջերու մէջ փակուած հնութիւն մը։ Արեւմտահայերէնը կենդանի գոյութիւն է՝ շունչով, յիշողութեամբ եւ պայքարով լեցուն։ Այս լեզուն ծնած է…
-
Սփիւռքի Մասին Մտորումներ
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Սփիւռքի Մասին ՄտորումներՍփիւռքը իբրեւ քաղաքական հաւաքականութիւն ճանչնալու եւ հայրենիքին հետ կապուած անոր զարգացման հարցը քննելու նախադրեալ յօդուած մըն է այս գրութիւնը։ Անշուշտ, մասնագիտական երկար նիւթ է Սփիւռքը իբրեւ ոչ-պետական եւ անդրազգային հաւաքականութիւն քննարկելու եւ անոր քաղաքական, տնտեսական, մշակութային եւ զանազան մարզերու գոյութիւնը մեկնաբանելու եւ արժեւորելու գործը։ Այս գործին մէջ Խաչիկ Թէօլէօլեան եղած…
-
Հայ, Հայեր, Հայաստան, Հայաստաններ
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Հայ, Հայեր, Հայաստան, Հայաստաններ«Պայքարը եւ ըմբոստութիւնը միշտ ունին որոշ չափով յոյս,մինչ յուսահատութիւնը համր է»(Շարլ Պոտլեր, ֆրանսացի բանաստեղծ, Ի. դար) Խորագրի չորս բառերու իւրաքանչիւրին տակ ի՞նչ կրնանք դնել, որ մենք մեզ հասկնանք, զիրար հասկնանք, մեզ հասկնան: Ո՞վ կրնայ ճիշդ սահմանում տալ ՀԱՅ անուան տակ յայտնուող մարդուն եւ մարդոց: Ո՞ւր են անոնք: Ինչպէ՞ս կը զանազանուին…






