
Վերջերս կարդացած յօդուածներուս մեծամասնութիւնը նուիրուած էր աշխարհի ներկայ խառնաշփոթ իրավիճակին։ Անշուշտ պէտք չէ մոռնալ նաեւ Լիբանանը, որ առանձնայատուկ կերպով ներգրաւուած էր այդ ընդհանուր հոլովոյթին մէջ։ Լիբանանը եւ պատերազմը աւելի քան սերտ բարեկամներ դարձած են․ անոնք յիսունմէկ տարիէ գրեթէ անբաժան են եւ միայն կարճ ընդմիջումներով հեռացած։ Երկուքն ալ չեն կրցած առանձին գոյատեւել եւ աւելի ամուր եւ անքակտելի կապերով վերամիացած։
Պահ մը մտածեցի թօթափել պատերազմին հետ կապուած ամէն մտածում․ նոյն միտքերը, նոյն կարծիքները, նոյն ենթադրութիւները, նոյն վերլուծումները, որոնք հարիւր անգամ լսած եմ, եթէ ոչ աւելի։ Վե՞րջը․․․ապարդիւն։ Յիսունմէկ տարուան ընթացքին, պատերազմին տարբեր ձեւերն ու դրսեւորումները «ճաշակեցինք»։ Շատ դէպքեր տեղի ունեցան, որոնց մէջ մասամբ կամ ամբողջովին դերակատար եղանք։ Բայց իբր լիբանանցի պայքարեցանք, տոկացինք, դիմադրեցինք, յաճախ շատ սուղ գին վճարեցինք, բայց յուսացինք ու գոյատեւեցինք։
1984-ի գարնան էր, երբ Լիբանանի երկինքը կարծես վարժ էր անհանգիստ շնչելու։ Ես՝ դեռ համալսարանական ուսանողուհի, սովորական օր մը կը կարծէի ապրիլ։ Առաւօտեան առաջին դասապահերէն մէկն էր` համակարգչային ծրագրաւորումի․ դասարանը լուռ էր եւ բոլորս լուրջ կեդրոնացած էինք ուսուցիչին բացատրութեան վրայ։ Յանկարծ այդ լռութիւնը ճեղքուեցաւ եւ արտասովոր աղմուկ մը տիրեց դասարաններուն զուգահեռ՝ նրբանցքին մէջ։ Նախ թեթեւ, ապա՝ անհանգիստ ալիքներու պէս աճող։ Հարցական եւ շուարած դէմքերով, արագ քայլերով, մերթ ընդ մերթ բարձրաձայն պոռչտուքով՝ աշակերտներ սկսան անցնիլ նրբանցքին մէջէն։ Ի՞նչ պատահած էր․․․ յայտնի չէր։ Քանի մը վայրկեան ետք լուրը հասաւ մեզի. բախումներ սկսած էին Փաղանգաւոր կուսակցութեան եւ Լիբանանեան ուժերուն միջեւ, որուն հետեւանքով Նահր Էլ Քէլպի փապուղին փակուած էր։ Այդ անունը, որ մինչ այդ մեզի համար պարզ անցք մըն էր, յանկարծ դարձաւ պատնէշ մը` բաժնող, կտրող, մեկուսացնող։ Շատ մը ուսանողներու երթուդարձի միակ միջոցն էր, որովհետեւ համալսարանը կը գտնուէր Զուք Մսպէհի մէջ։ Դասապահերը անմիջապէս դադրեցան այդ օրը։ Նախ ենթադրեցինք, թէ մէկ-երկու ժամէն ամէն ինչ կը հանդարտի եւ մենք տուն կը վերադառնանք։ Բայց սխալած էինք։ Ժամերը արագ կ’ընթանային եւ իրիկնամուտի նարնջագոյն շղարշը կամաց-կամաց կը ծածկէր համալսարանին շէնքերը։ Ուսանողներէն շատ փոքր թիւ մը՝ շրջանին մէջ մօտիկ պարագաներ ունենալով, ապաստան գտան հոն։ Իսկ մենք՝ մեծամասնութիւնս, մնացինք։ Ուսանողները կ’երթեւեկէին համալսարանին շուրջ, շուարած եւ մտահոգ։ Ոչ ոք մտածած էր, թէ օր պիտի գայ եւ տուն վերադառնալը պիտի դառնայ անհասանելի շքեղութիւն։ Այս վիճակը կրնար օրեր տեւել, իսկ մեր պայուսակները լեցուն էին դասագիրքերով, բայց դատարկ կեանքի ամենահիմնական պէտքերով։
Փապուղիին վերաբացուելու յոյսը հետզհետէ մարեցաւ։ Ժամն էր մեր ծնողներուն լուր հաղորդելու, թէ «լաւ եւ ապահով» ենք եւ փարատելու անոնց մտահոգութիւնը։ Բարեբախտաբար, այդ օրերուն, ազատ ժամերուս, կ’աշխատէի համալսարանին մուտքի եւ արձանագրութեան բաժինի գրասենեակին մէջ։ Անմիջապէս ուղղուեցայ հոն եւ տուն հեռաձայնեցի։ Պատահմամբ, մօրս բարեկամուհին՝ տիկին Ռեբեքան այցելութեան եկած էր։ Անոր դուստրը՝ Լենան, նոյն համալսարանի ուսանողուհի էր, եւ երթուդարձի դժուարութիւններու պատճառով, կը բնակէր համալսարանի գիշերօթիկ բաժինին մէջ։ Տիկին Ռեբեքան առաջարկեց, որ այդ գիշեր մնամ Լենային մօտ։ Թէեւ Լենային հետ միայն մէկ անգամ հանդիպած էի՝ տարբեր դասապահերու պատճառով, ան մեծ սիրով ընդունեց զիս։ Յաջորդ առտու, տեղեկացանք, թէ երկու կողմերը հաշտուած են եւ փապուղին վերաբացուած է։ Շնորհակալութիւն յայտնեցի Լենային եւ մեկնեցայ։ Այդ առաւօտ ինքզինքս իսկապէս բախտաւոր զգացի․ շատ ուսանողներ իրենց ինքնաշարժներուն մէջ գիշերած էին մինչեւ լոյս, իսկ ուրիշներ, մինչեւ լոյս, նստած համալսարանի բակին մէջ։
Ներկայիս, երբ ես նման դէպքերու մասին կը պատմեմ իմ զաւակներուս, անոնք ապշահար մտիկ կ՛ընեն, կարծես տեսերիզ մը կը դիտեն։ Օր մը տղաս ըսաւ։
– Մա՛մ, իրակա՞ն է պատմածդ։
Մեր զաւակներն ալ տեսած են Լիբանանի պատերազմէն որոշ պատկերներ, բայց մեր ապրած պատերազմը բոլորովին այլ էր։ Քաղաքացիական պատերազմ՝ տարբեր դաւանանքներու եւ տարբեր կրօնքներու միջեւ։ Նոյն երկրի քաղաքացիներուն, շատ անգամ նոյն տան մէջի անդամներուն հակամարտութիւնը ոչ միայն մարմիններ, այլ նաեւ հոգիներ կը խոցէր։ Այսօր, պատերազմները տարբեր դիմագիծ ունին։ Աշխարհը բազմաբեւեռ է ու լարուած՝ անորոշութիւններով։ Միջին Արեւելքը ամենաանկայուն տարածաշրջաններէն մէկն է, իսկ Լիբանանը կը գտնուի այդ լարուածութեան սիրտին մէջ։
Համալսարանի այդ մէկ օրը մեզի շատ բան սորվեցուց․ ոչ միայն դէպքերը վառ մնացին մեր յիշողութեան մէջ, այլ այդ սարսուռը, երբ առաջին անգամ խորապէս զգացինք, թէ կեանքը կրնայ մէկ վայրկեանի մէջ ամբողջովին փոխուիլ։
Լիբանանը, մայրիներու այս փոքր երկիրը, որ յաճախ կը դառնայ արտաքին հակամարտութիւններու արտացոլման դաշտ, վայր մը չէ միայն։ Ան զգացում մըն է․․․ երգ մըն է, երբեմն տխուր է, երբեմն յաղթական, բայց միշտ՝ կենդանի։
Արդեօք օր մը Լիբանանի պատերազմը վերջ պիտի գտնէ՞․․․ թէ՞ այս հարցումը պիտի շարունակէ հնչել սերունդէ-սերունդ։
Լիզա Բանճարճեան-Թելվիզեան







Մեկնաբանէ