Միքելանճելոյի հանրայայտ գործին մէջ, Ադամը թոյլ, անօգնական արարած մը չէ, այլ կենսունակ եւ լիովին կազմաւորուած մարդը։ Հաւասար ըլլալով Աստուծոյ իր չափերով եւ մարմնական տեսքով, ան ուղիղ կը նայի Արարիչի աչքերուն՝ բանականութեան շնորհիւ։ Ափ մը հող՝չէ՝ կը փոխանցէ անսահման ներուժի, հանգիստ ինքնավստահութեան եւ մարդկային արժանապատւութեան զգացում․ գաղափար մը, զոր շեշտած են բազմաթիւ…
Ստորեւ կը ներկայացնենք ատրպէյճանցի հեղինակ Վասիֆ Հիւսէյնովի տեսակէտը, ինչպէս հրապարակուած է The Liberum առցանց վերլուծական հարթակին մէջ։ Յօդուածը (բնագիրը՝ այստեղ) կը ներկայացնէ զուտ հեղինակին գնահատականներն ու մեկնաբանութիւնները։ Զայն կը հրատարակենք թարգմանաբար, որպէսզի մեր ընթերցողները ծանօթանան այն մտածողութեան, որ ներկայիս կը շրջանառուի Պաքուի քաղաքական-վերլուծական որոշ շրջանակներուն մէջ։ Կցուած լուսանկարը նոյնպէս քաղուած է…
Յառաջաբան Գիտէի՞ր, թէ երկրագունդի 7000-է աւելի լեզուներու հսկայ ովկիանոսին մէջ մեր արեւմտահայերէնը կը փայլի իբրեւ հնագոյն ու ազնուական գանձ մը, որուն տէր կանգնիլը մեր մեծագոյն հպարտութիւնն է: Մայրենին իւրաքանչիւր ազգի գոյութեան ամէնէն խորունկ հիմնաքարն է, իսկ տունը` այդ հիմնաքարը կերտող առաջին ու անփոխարինելի դարբնոցը: Այսօր սփիւռքեան համաշխարհային իրականութեան մէջ մեր…
Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ առանձնայատուկ տեղ ունի երեւոյթ մը, որ քիչ ժողովուրդներու պարագային կը հանդիպինք։ Մենք ունինք պետութիւն, բայց նաեւ ունինք աշխարհով մէկ տարածուած համայնքներ, որոնք ոչ միայն մշակութային կամ տնտեսական դեր կը խաղան, այլեւ յաճախ ազգային հարցերու շուրջ կ’արտայայտուին նո՛յն հետաքրքրութեամբ եւ պատասխանատուութեան զգացումով, ինչպէ՛ս Հայաստանի մէջ ապրող քաղաքացիները։…
Այն տեսութիւնը, թէ իրապաշտները զուրկ են զգացմունքներէ` տարածուած թիւրիմացութիւն մըն է։ Իրապաշտները բնաւ չեն արհամարհեր կամ մէկ կողմ չեն դներ զգացումները, ընդհակառակը՝ մեծապէս կը յարգեն զանոնք։Իրականութեան մէջ, տրամաբանողներն են, որոնք յաճախ կը մերժեն զգացական աշխարհը` փորձելով ամբողջութեամբ հեռու մնալ անկէ։ Այս իմաստով, տրամաբանողները կապ չունին իրապաշտներուն հետ։ Կան բազմաթիւ երեւոյթներ,…
Հայաստանի Հանրապետութեան Եւ Միացեալ Նահանգներու Միջեւ ԹՐԻՓՓ-ի Վերաբերեալ Ռազմավարական Համագործակցութեան Շրջանակային Համաձայնագրի Վերլուծութիւն Մայիսի 26-ին Միացեալ Նահանգների արտաքին գործերի նախարար Մարքօ Ռուպիոյի` Հայաստան կատարած կարճատեւ այցի ընթացքում Հայաստանն ու ԱՄՆ-ն նախաստորագրեցին ԹՐԻՓՓ-ի վերաբերեալ ռազմավարական համագործակցութեան մասին շրջանակային համաձայնագիրը, ստորագրեցին կարեւորագոյն հանքանիւթերի եւ հազուագիւտ հանածոների արդիւնահանման եւ մշակման ոլորտում մատակարարման ապահովման…
Սփիւռքահայ իրականութեան մէջ մենք յաճախ կը խօսինք «համայնք», «ազգային ինքնութիւն», «գոյատեւում» եւ «ապագայ» եզրերուն մասին։ Կը կազմակերպենք ժողովներ, համագումարներ եւ քննարկումներ, կը խօսինք ռազմավարութիւններու մասին եւ յայտարարութիւններ կը կատարենք։ Սակայն հազուադէպօրէն հարց կու տանք․ արդեօք մենք իսկապէս կը ճանչնա՞նք մեր համայնքները։ Մօտաւորապէս քանի՞ հայ կ’ապրին այսօր Լիբանանի, Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու,…
Անկախութենէն ի վեր, Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութիւնը գրեթէ նոյնացաւ իշխանութեան վրայ գտնուող, այսինքն՝ պետական մեքենային վրայ ամբողջական վերահսկողութիւն հաստատած եւ, հետեւաբար, վարչական լծակներու անկաշկանդ շահագործման կարողութիւն ունեցող քաղաքական ուժի վերարտադրման օրինականացումը արձանագրող ընտրական գործընթացին հետ: Փաստօրէն, միայն երկու առիթով իշխանութեան վրայ գտնուող ուժի շարունակականութիւնը բացառուած է. մէկը 1998-ին, պալատական յեղաշրջման ճամբով,…
Ազգերու եւ անհատներու կեանքին մէջ երազանքը, իտէալները եւ բարձր տեսլականները կարեւոր դեր ունին։ Առանց երազանքի դժուար է ապագայ կերտել, իսկ առանց իտէալներու՝ դժուար է պայքարիլ արդարութեան եւ յառաջդիմութեան համար։ Սակայն, երբ երազանքը կը հեռանայ իրականութենէն եւ կը վերածուի կոյր ռոմաթիզմի (վիպապաշտութեան), ան կրնայ դառնալ վտանգաւոր։ Այս պատճառով է, որ իրապաշտութիւնը…
Ալան Տընոյի «Տափակութեան արտադրութիւնը» գիրքին մէջ հետեւեալ միտքը շատ հաւնեցայ,«Քննադատութիւնը կը դիտուի իբրեւ սպառնալիք… եւ ոչ իբրեւ բարելաւման գործիք»: Եկէ՛ք, հարցը բացայայտ դնենք սեղանին. այն կազմակերպութիւնը, որ քննադատութիւնը կը դասակարգէ որպէս վտանգ… իրականութեան մէջ անուղղակի կերպով որոշած է դադրեցնել ուսումը: Ասիկա միայն մշակոյթի հարց չէ, այլ նաեւ կառավարման, վտանգներու եւ…
Azg21 Armenian Independent Blog
Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։





