Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ առանձնայատուկ տեղ ունի երեւոյթ մը, որ քիչ ժողովուրդներու պարագային կը հանդիպինք։ Մենք ունինք պետութիւն, բայց նաեւ ունինք աշխարհով մէկ տարածուած համայնքներ, որոնք ոչ միայն մշակութային կամ տնտեսական դեր կը խաղան, այլեւ յաճախ ազգային հարցերու շուրջ կ’արտայայտուին նո՛յն հետաքրքրութեամբ եւ պատասխանատուութեան զգացումով, ինչպէ՛ս Հայաստանի մէջ ապրող քաղաքացիները։

Թէեւ այս իրականութիւնը ծնունդ առած է պատմական ողբերգութենէ, բայց տասնամեակներու ընթացքին դարձած է ազգային գոյատեւման կարեւոր յենասիւներէն մէկը։ Սփիւռքը պահպանած է լեզուն, մշակոյթը, կրթական հաստատութիւնները եւ ազգային ինքնութիւնը այն ժամանակաշրջաններուն, երբ հայկական անկախ պետութիւն գոյութիւն չունէր։

Սակայն Հայաստանի վերանկախացումէն ետք, հարցում մը ինքզինք կը պարտադրէ. ի՞նչ պէտք է ըլլայ սփիւռքի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան յարաբերութեան բնոյթը։ Այս հարցին պատասխանելու համար նախ պէտք է ընդունիլ պարզ իրողութիւն մը։ Պետութիւնը եւ ազգը նոյն բաները չեն։ Ազգը աւելի լայն հասկացողութիւն է, իսկ պետութիւնը՝ իրաւական եւ քաղաքական կառոյց։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը միջազգային ճանաչում ունեցող ինքնիշխան պետութիւն է, որուն քաղաքացիներն են, ի վերջոյ, պատասխանատու իրենց իշխանութիւններուն ընտրութեան, վերահսկողութեան եւ փոփոխութեան։

Այս պատճառով ալ դժուար է վիճարկել այն սկզբունքը, որ սփիւռքը, որքան ալ հայրենասէր կամ նուիրուած ըլլայ, չի կրնար եւ պէտք չէ ուղղակի կերպով միջամտէ Հայաստանի ներքին քաղաքական հարցերուն։ Շատեր կը կարծեն, թէ պետութիւնը համայն հայութեան պատկանող զգացական սեփականութիւն մըն է, ուր իւրաքանչիւրը կրնայ հեռակայ կարգով թելադրել, ներազդել կամ նոյնիսկ միջամուխ ըլլալ ներքին հարցերուն՝ ըստ սեփական պատկերացումներուն։ Պետութեան ներքին որոշումները պէտք է ընդունուին այն քաղաքացիներուն կողմէ, որոնք ամէն օր կ’ապրին այդ որոշումներուն հետեւանքները։ Բայց սխալ պիտի ըլլար այս եզրակացութիւնը մեկնաբանել որպէս սփիւռքի դերին նուազեցումը։ Ընդհակառակը։

Ամէնէն յաջող պետութիւնները չեն ծաղկիր ու զարգանար միայն իրենց ներքին կարողականութեամբ եւ ուժով։ Անոնք կը յենին նաեւ արտաքին կապերու, գիտելիքի, փորձառութեան եւ միջազգային ազդեցութեան վրայ։ Իսկ հոս է, որ սփիւռքը կրնայ դառնալ Հայաստանի մեծագոյն ռազմավարական առաւելութիւններէն մէկը։

Աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ հայ մասնագէտներ կը ղեկավարեն ընկերութիւններ, համալսարանական կեդրոններ, սթարթափներ, գիտահետազօտական հաստատութիւններ եւ նորարարական ծրագիրներ։ Անոնք կուտակած են գիտելիք եւ փորձառութիւն, որոնց արժէքը երբեմն շատ աւելի մեծ է, քան նիւթական օժանդակութիւնը։ Տասնամեակներ շարունակ «սփիւռքի օժանդակութիւն» արտայայտութիւնը հիմնականօրէն կապուած էր նուիրատուութիւններու կամ բարեսիրական նախաձեռնութիւններու։ Շատեր կը կարծեն, թէ Սփիւռքի դերը սահմանափակուած է քանի մը պարզ, խորհրդանշական քայլերով. դրամահաւաք մը կազմակերպել, բարեգործական ծրագիր մը հովանաւորել կամ ընկերային ցանցերուն մէջ հայրենասիրական կոչեր տարածել։ Այս բոլորը արժէքաւոր են, բայց անոնք միայն առաջին քայլերն են հազար մղոնին։ Այսօր, 21-րդ դարը տարբեր մտածողութիւն եւ տարբեր մօտեցումներ կը պահանջէ։

Հայաստանի կարիքը միայն դրամով չի սահմանափակուիր։ Այսօր, Հայաստանի Հանրապետութիւնը ունի կարիքը արդիականացման, տնտեսական ճկունութեան, գիտելիքի, նորարարութեան, կառավարման փորձառութեան, միջազգային ցանցերու եւ մասնագիտական կարողութիւններու։ Ահա թէ ինչո՛ւ Սփիւռքի ամենէն արդիւնաւէտ դերը թերեւս ոչ թէ քաղաքական աղմուկի ստեղծումն է, այլ գիտելիքի, փորձառութեան եւ արհեստագիտական հմտութիւններու անդադար փոխանցումը դէպի հայրենիք։

Աշխարհաքաղաքական մրցակցութեան ներկայ պայմաններուն մէջ, փոքր պետութիւններու հզօրութիւնը ոչ միայն կը չափուի բանակով կամ տնտեսութեամբ, այլ նաեւ իրենց «փափուկ ուժով» (այս առիթով կ’արժէ վերընթերցել դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեանի «Հայկական «փափուկ ուժը» սփիւռքի մէջ» խորագրեալ յօդուածը հետեւեալ կապով https://tinyurl.com/48a3xh97): Այս հասկացողութիւնը կը վերաբերի այն կարողութեան, որով պետութիւն մը կամ հաւաքականութիւն մը կրնայ ազդեցութիւն ունենալ ուրիշներու վրայ՝ մշակոյթի, կրթութեան, գիտութեան, նորարարութեան եւ հեղինակութեան միջոցով։ Սփիւռքը, իր հանրային ու քաղաքական կապերով, կոչուած է ըլլալու Հայաստանի պետական շահերու լոպիիսթական լծակը օտար ափերու վրայ։

Այս առումով, հայ ժողովուրդը եզակի առաւելութիւն ունի։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ունի այն, ինչ սփիւռքը չունի՝ պետականութիւն։ Իսկ սփիւռքը ունի այն, ինչ Հայաստանը ամբողջութեամբ չունի՝ համաշխարհային տարածում, բազմազան փորձառութիւն եւ ազդեցութեան բազմաթիւ լծակներ ու կեդրոններ։ Երբ այս երկու իրականութիւնները համագործակցին, անոնք կը լրացնեն զիրար։ Երբ անոնք կը մրցին կամ կը փորձեն փոխարինել զիրար, կը յառաջանան լարուածութիւններ եւ հիասթափութիւններ։ Հետեւաբար հարցը այն չէ, թէ սփիւռքը պէտք է լռէ՞, թէ՞ խօսի։ Հարցը այն է, թէ ո՛ր ոլորտին մէջ կրնայ ան ամենէն մեծ արժէքը ստեղծել։

Թերեւս ժամանակն է, որ սփիւռքի եւ Հայաստանի յարաբերութիւնները վերասահմանուին ոչ թէ որպէս քաղաքական խնամակալութիւն կամ անվերջ ցանկ մը փոխադարձ ակնկալութիւններու, այլ որպէս ռազմավարական գործընկերութիւն։

Մէկը կը կառավարէ պետութիւնը։ Միւսը կը բազմապատկէ անոր կարողութիւնները։

Եւ երբ այդ երկու դերերը յստակ ըլլան, Հայաստանն ու սփիւռքը կրնան աւելի հզօր դառնալ միասին, քան երբեւէ առանձին-առանձին։ Երբ սփիւռքի գիտնականը, տնտեսագէտը կամ կառավարման մասնագէտը իր տաղանդն ու փորձագիտութիւնը կը դնէ հայրենի պետական համակարգի տրամադրութեան տակ՝ առանց քաղաքական նախապայմաններու, այդ պարագային համագործակցութիւնը կը դառնայ գործնական իրականութիւն։

Որովհետեւ ի վերջոյ, հայրենիքի պահպանութիւնը միայն զայն հեռուէն սիրելու կամ անոր ներքին հարցերուն շուրջ վիճելու մասին չէ. անիկա մեր արժէքներուն, պետականութիւնը որպէս բացարձակ հիմք ընդունելու կամքին եւ զայն գիտելիքով ու փափուկ ուժով զրահաւորելու պատասխանատուութեան մասին է։

Վարուժ Թէնպէլեան

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ