Ամէն տարի, Ապրիլի 24-ին, հայ ժողովուրդին մէջ ժամանակ առ ժամանակ կը վերակենդանանայ գաղափար մը, որ առաջին հայեացքով կը թուի բնական ու արդար. եթէ ցեղասպանութիւնը ճանչցուի, իսկ անիկա պիտի՛ ճանչցուի, ապա անոր արդիւնքներէն մէկը պէտք է ըլլայ պատմական հողերու վերադարձը (խօսքը ուիլսընեան Հայաստանի մասին է): Այս տրամաբանութիւնը յուզական ու մարդկային առումով…
Միջազգային քաղաքականութիւնը, հակառակ իրապաշտ քաղաքական մտածողութեան, կառավարուած չէ միմիայն դիւանագիտական ճնշումներով, տնտեսական շահերով եւ ռազմական հաւասարակշռութիւններով, այլ նաեւ՝ մշակութային կամ ընկերային ընկալումներով: Բոլոր կառավարութիւնները, ուշ կամ կանուխ, պիտի ենթարկուին ընտրական իրենց զանգուածներու կարծիքին կամ ջանան փոխել այդ կարծիքը: Թուրքիան, տարբեր չէ եւ չի կրնար ըլլալ, որովհետեւ նման փոփոխութիւններ մարդկային բնազդին…
Հայաստանի ծանրամարտի տղամարդոց հաւաքականը լաւագոյնն է Եւրոպայի ախոյեանութեան, յայտնած է Հայաստանի ծանրամարտի ֆետերասիոնի մամլոյ ծառայութիւնը։ Երկրորդ տարին անընդմէջ, Հայաստանի տղամարդոց հաւաքականը Եւրոպայի ախոյեանութեան խմբային յաղթող է։ Հայաստանի հաւաքականէն Եւրոպայի ախոյեանութեան ոսկէ մետալակիր դարձած էին դարձել Վարազդատ Լալաեան, Էմմա Պօղոսեան, Աննա Ամրոյեան եւ Գարիկ Կարապետեան, արծաթէ մետալակիրներ դարձած էին Գառնիկ Չոլաքեանը,…
Միջին Արեւելքի ներկայ ռազմաքաղաքական զարգացումները կը մտահոգեն ամբողջ աշխարհը, սակայն անոնց ազդեցութիւնը ամէնէն անմիջական կերպով կը զգացուի շրջանին մէջ գտնուող փոքր եւ խոցելի պետութիւններուն մէջ, ինչպէս Լիբանանը։ Տարածաշրջանը կը գտնուի բազմաշերտ հակամարտութեան մէջ, ուր միջազգային եւ շրջանային ուժերու շահերը կը բախին՝ ստեղծելով անորոշ եւ պայթիւնավտանգ իրավիճակ։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ…
Վերջին տարիներուն, արհեստական բանականութիւնը (ԱԲ) արագ կերպով կը ներթափանցէ մեր առօրեայ կեանքէն ներս՝ դառնալով տեղեկութեան, գրելու եւ որոշումներու կայացման կարեւոր գործիք մը։ Սակայն, այս զարգացումներուն կողքին, կը յայտնուին նաեւ մտահոգիչ երեւոյթներ, որոնք կը ստիպեն մեզ վերանայելու ոչ միայն արհեստագիտութիւնը, այլեւ՝ նոյնիսկ մեր մարդկային բնութիւնը։ The New York Times-ի 10 Մարտ…
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան սուր քննադատութիւններ ուղղեց Իսրայէլի հասցէին եւ յայտարարեց, որ անիկա չի կրնար առանց թշնամիի ապրիլ՝ նշելով,որ ներկայիս Թէլ Աւիւ ներկայիս կը ջանայ Թուրքիան իբրեւ թշնամի ներկայացնել։ Ֆիտանի կարծիքով, ոչ միայն կառավարութիւնը, այլեւ ընդդիմադիր որոշ շրջանակներ կը ձգտին Թուրքիան ներկայացնելու իբրեւ նոր թշնամի մը։ Տեղին է…
Սեպտեմբեր 2013-ին Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին իր մօտ կանչեց իր հայ պաշտօնակիցը` Սերժ Սարգսեանը, եւ հրապարակային կերպով ազդարարեց, որ Հայաստանը չէր կրնար մաս կազմել ե՛ւ նորաստեղծ Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) ե՛ւ գործընկերութեան պայմանագիր կնքել Եւրոպական միութեան (ԵՄ) հետ: Նկատի առած Հայաստանի տնտեսութեան կախուածութիւնը Ռուսիայէն, Սերժ Սարգսեանին այլընտրանք չէր մնար`…
Թափանցիկութիւն, ուժգնութիւնթիւն եւ փորձագիտական քաղաքականութիւնը՝ Հայաստանի ապագային համար Համալսարանները աւանդաբար կը ծառայեն որպէս այնպիսի վայրեր, ուր բարդ աշխարհաքաղաքական հարցերը կը քննուին թափանցիկ բանավէճի եւ խիստ գիտական մօտեցումներու միջոցով։ Երբ ակադեմական հաստատութիւններ կը հիւրընկալեն միջազգային անվտանգութեան կամ ազգային զարգացման վերաբերեալ քննարկումներ, լսարանը կը սպասէ միտքի անկախութիւն, մեթոտաբանական խստութիւն, մտածողութեան բազմազանութիւն եւ համապատասխան կապերու…
Այսօրուան աշխարհի չափանիշները դժբախտաբար փոխուած են: Մնայուն թշնամիներ եւ մնայուն բարեկամներ չկան: Շահերու վրայ հիմնուած մեծապետական քաղաքականութիւնները օրէ օր աւելի ցայտուն կը դառնան: Միացեալ Նահանգներն ու Իրանը առաջին դիրքի վրայ են: Արաբական երկիրներն ու Իսրայէլը` երկրորդ: Լիբանանին հաշիւ ընող չկայ, ո՛չ այս, ո՛չ ալ միւս կողմի հաշիւներուն մէջ է: Այսօրուան…
Ինչո՞ւ չկարողացանք իրականացնել պետութեան իսկական հասկացողութիւնը մեր Հայրենիքին մէջ։ Պետութիւն ըսելով, անշուշտ նկատի ունիմ, ո՛չ թէ պատեր եւ սահմաններ, այլ՝ պետութեան ամբողջական հասկացողութիւնը, որպէս հաւաքական դաշինք, մտայնութիւն եւ կողմնացոյց։ Իմ համեստ կարծիքով հետեւեալին մէջ կը կայանայ ախտաճանաչումը: Մենք չկրցանք պետութեան հասկացողութիւն իրականացնել, քանի մենք վերէն սկսանք։ Հիմնարկներ կառուցեցինք նախքան քաղաքացիներ…
Azg21 Armenian Independent Blog
Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։





