Երբ հայ ընտանիքի մը մէջ, ուր հայր եւ մայր հայ են, մայրենիի հաղորդակցութիւնը կը նուազի, եւ լեզուն դուրս կը մնայ տնային խօսակցութիւններէն, լեզուի բնականոն զարգացման ընթացքը կը դիմագրաւէ նոր մարտահրաւէրներ` զայն մղելով զգայուն վիճակի: Լեզուական այս տեղաշարժը ցոյց կու տայ, որ մարտահրաւէրը հասած է մեր ինքնութեան կարեւորագոյն բջիջին` տան: Այսօր ընտանեկան յարկերէ ներս արեւմտահայերէնը կը սկսի տեղի տալ այլ լեզուներու, ինչ որ կը համարուի լեզուապահպանման կարեւորագոյն փուլը: Յատկանշականը այն է, որ այսօր արեւմտահայերէնին կրած փոփոխութիւնները բացառիկ չեն. անոնք կը համապատասխանեն վտանգուած լեզուներու ընդհանուր օրինաչափութիւններուն, զորս պիտի քննարկենք ստորեւ:

Այս յօդուածը, ընդառաջելով ընթերցողներու փափաքին եւ հետաքրքրութեան, կը քննէ հայկական (ուր հայր եւ մայր հայ են) ընտանիքներու մէջ լեզուի միջսերնդային փոխանցման նահանջը եւ այդ երեւոյթին խորքային պատճառները: Այս երեւոյթը կը դիտարկենք ընկերալեզուաբանական տեսանկիւնէ` հիմնուելով Ճոշուա Ֆիշմընի «Միջսերնդային խաթարման աստիճանաչափին» (Graded Intergenerational Disruption Scale-GIDS) վրայ, որ կը պարզէ արեւմտահայերէնի կենսունակութեան պատկերը:

Յաջորդիւ պիտի անդրադառնանք այս իրավիճակի հետեւանքներուն ու հնարաւոր լուծումներուն, սակայն նախ անհրաժեշտ է հասկնալ բուն երեւոյթը:

Պատմական եւ Աշխարհաքաղաքական Փոփոխութիւններ

Արեւմտահայերէնի գոյատեւումը սփիւռքի մէջ պատմականօրէն խարսխուած էր Մերձաւոր Արեւելքի յետեղեռնեան օճախներուն մէջ: Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայ համայնքները, գործելով որպէս «ազգ` ազգի մէջ», ստեղծեցին կրթական եւ մշակութային խիտ ցանցեր, ուր հայերէնը ունէր բարձր հասարակական արժէք: Սակայն տեղական պատերազմներն ու տագնապները քայքայեցին այս «ամրոցները»` պատճառ դառնալով դէպի Արեւմուտք զանգուածային արտագաղթի:

Արեւմուտքի մէջ (Ամերիկա, Եւրոպա, Աւստրալիա) ընկերալեզուաբանական ճնշումները տարբեր են: «Ձուլարանի» գաղափարախօսութիւնը յաճախ փոքրամասնութիւններու լեզուները կը ներկայացնէ որպէս խոչընդոտ` ընկերային վերելքի ճամբուն վրայ: Օրինակ` Միացեալ Նահանգներու «Միայն անգլերէն» շարժումը ստեղծեց այնպիսի մթնոլորտ մը, երբ ծնողները կը վախնային, որ տան մէջ մայրենին խօսիլը պիտի յապաղեցնէր զաւակներու ուսումը: Այս առասպելը, թէեւ` գիտականօրէն հերքուած, տակաւին կ՛ազդէ ծնողներու որոշումներուն վրայ:

1950-1960-ականներուն «Ամերիկեան երազին» հասնելու ձգտումը յաճախ կը պահանջէր սեփական ինքնութեան թօթափում: Ասիկա ոչ թէ օրինական պարտադրանք էր, այլ գոյատեւման ռազմավարութիւն` խտրականութենէ խուսափելու համար: Անուններու անգլիականացումը (Յովհաննէսը` Ճոն, Վարդուհին` Ռոզ) նախապաշարումները շրջանցելու միջոց էր: Նոյն տրամաբանութեամբ, յունական Փափատոփուլոս անունը դարձաւ Փափաս, իտալական Մարթիլիոնէն վերածուեցաւ Մարթինի, իսկ լեհական Պելինսքին` Պելի: Սկանտինաւեան երկիրներէն եկածներու պարագային, Շէօպերկը վերափոխուեցաւ Սիպորկի, իսկ իրլանտական Շանեսին` Չէյսի:

Լեզուական Տեղաշարժի Ընկերալեզուաբանական Պատճառները

Այս երեւոյթը բացաւ նոր էջ մը, բայց նաեւ ստեղծեց սերնդային անջրպետ: Զաւակները մեծցան իրենց ժառանգութենէն կտրուած անուններով, իսկ մայրենիի պահպանումը կրեց մեծ անկում, քանի որ ընտանիքներ դադրեցան տան մէջ մայրենին խօսելէ` վախնալով, որ «օտար շեշտը» (foreign accent) կրնայ արգելք հանդիսանալ յառաջդիմութեան: Վերջին վիճակագրութիւնները ցոյց կու տան, որ թէեւ առաջին սերունդի ներգաղթողներուն 20 տոկոսը կրնայ տիրապետել մայրենիին,  բայց եւ այնպէս, երրորդ սերունդին անգլերէնի տիրապետումը յաճախ կը հասնի 90 տոկոսի կամ աւելիի. միտում մը, որուն այժմ կը հետեւի արեւմտահայերէնը:

Լեզուական ուծացման ճնշումները սահմաններ չեն ճանչնար: Այս միտումը ոչ միայն չէ մարած Արեւմուտքի մէջ, այլ նաեւ նոր թափով կը տարածուի Միջին Արեւելքի եւ այլ գաղութներու մէջ: Այսօր հայերէնի նահանջը տան մէջ այլեւս միայն Արեւմուտքի «ձուլարանի» հետեւանքը չէ, այլ վերածուած է համաշխարհային հոգեբանական ճնշումի:

Այս տեղաշարժի գլխաւոր դրդապատճառը լեզուի ընկալումի գործնական արժէքն է: Համաշխարհայնացած տնտեսութեան մէջ հայ ծնողները յաճախ նախապատուութիւն կու տան անգլերէնին կամ տեղական հեղինակաւոր լեզուներուն` արաբերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն, սպաներէն, որպէս իրենց զաւակներու յաջողութեան հիմնական միջոց: Ընկերալեզուաբանները ասիկա կը կոչեն «Լեզուի տնտեսագիտութիւն»: Եթէ լեզու մը չ՛ապահովեր յստակ տնտեսական կամ ակադեմական առաւելութիւն, անիկա յաճախ կը լքուի ի նպաստ աւելի «շահաւէտ» լեզուի մը: Այս կացութիւնը կը բարդանայ հայկական կեանքի «երկլեզուակարգ» բնոյթով, ուր տան լեզուն կը մրցի տիրող մշակոյթի լրատուամիջոցներու, համացանցի եւ հասակակիցներու խումբերու ճնշող հեղինակութեան հետ:

Մրցունակութեան Տագնապը

Միջին Արեւելքի գաղութները (Լիբանան, Սուրիա, Եգիպտոս) միշտ եղած են բազմալեզուութեան օրինակներ: Այսօր, երբ ծնողները բնականաբար կը ձգտին իրենց զաւակներուն համար ապահովել միջազգային մրցունակութիւն, կարեւոր է վերյիշել, որ հայերէնը երբեք խոչընդոտ չէ եղած օտար լեզուներու տիրապետման: Ընդհակառակը, անիկա ծառայած է իբրեւ ամուր հիմք, որուն վրայ աւելցած են արաբերէնը, անգլերէնն ու ֆրանսերէնը:

Տասնամեակներ շարունակ Միջին Արեւելքի այս գաղութները հայապահպանման ամէնէն ուժեղ բերդերն էին, ուր հայերէնը կենցաղային բնական լեզու էր: Սակայն այսօր հոն եւս ծնողները կը գտնուին «առաւելագոյն մրցունակութեան» տագնապին մէջ: Օտարամոլութիւնը եւ անգլերէնի կամ ֆրանսերէնի գերադասումը` որպէս «յաջողութեան միակ գրաւական», կը մղեն հայ ընտանիքները` տան մէջ հայերէնը փոխարինելու օտար լեզուով:

Թուային Դարաշրջանի Մարտահրաւէրները եւ Սխալ Համոզումները

Այսօրուան թուայնացած աշխարհին մէջ, ուր համացանցն ու ժամանցի միջոցները գրեթէ բացառապէս անգլերէն են, ստեղծուած է այն սխալ համոզումը, թէ մայրենի լեզուն «աւելորդ բեռ» է, կամ` «սահմանափակող հանգամանք»: Ծնողները կը կարծեն, թէ ժամանակ խնայած կ՛ըլլան` զաւակներուն հետ միայն տիրապետող լեզուով խօսելով, մինչդեռ իրականութեան մէջ զանոնք կը զրկեն երկլեզուութեան ընձեռած մտաւոր առաւելութիւններէն:

Լեզուաբանական բազմաթիւ հետազօտութիւններ կը փաստեն, որ մայրենիին տիրապետող երեխան շատ աւելի դիւրութեամբ կը սորվի երկրորդ կամ երրորդ լեզուները, սակայն «լեզուական շփոթի» կամ «ուշ լեզուի ելլելու» առասպելները կը մնան տիրական: Այս «վախերը» այսօր կը սնուցանուին նաեւ ընկերային միջավայրի կողմէ, ուր փոքրամասնութեան լեզուն կը դիտուի որպէս «յետամնաց», իսկ օտար լեզուն` «յառաջադէմ»:

Արեւմտահայերէնի Կենսունակութեան Պահպանումը եւ Միջսերնդային Փոխանցման Հեռանկարները (2025-2026)

«Միջսերնդային փոխանցման մակարդակը» այն առանցքային ցուցանիշն է, որ կը չափէ հայ ընտանիքներու ներուժը` լեզուն որպէս հաղորդակցութեան հիմնական միջոց զաւակներուն աւանդելու գործին մէջ: Ըստ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի եւ սփիւռքեան վերջին հարցախոյզներուն, աշխարհագրական տարբեր գօտիներ կը ներկայացնեն ինքնատիպ մարտահրաւէրներ եւ յաջողութեան օրինակներ:

Արեւմտահայերէնի Կենսունակութիւնը ըստ Շրջաններու
(2025-2026)

ՇրջանՓոխանցման ՄակարդակԿացութեան Բնորոշում
Միջին Արեւելք65-75 տոկոսԿայուն եւ Առանցքային Գօտի
Եւրոպա20-30 տոկոսՎերաշխուժացման Կարօտ
Թուրքիա~18 տոկոսԴիմադրողականութեան Ճիգ
Հիւսիսային Ամերիկա եւ Աւստրալիա10-20 տոկոս  Նոր Ռազմավարութեան Հրաւէր  
Հարաւային Ամերիկա<10 տոկոսԺառանգութեան Պահպանման Փուլ

Միջին Արեւելքի 65-75 տոկոս փոխանցման մակարդակը ցոյց կու տայ, որ լեզուական միջավայրի պահպանումը լիովին իրագործելի է, երբ առկայ է համայնքային սերտ գործակցութիւն: Արեւմտեան երկիրներու (Եւրոպա, Ամերիկաներ) պարագային, տուեալները կը ծառայեն որպէս կառուցողական ազդակ: Ասիկա առիթ մըն է` վերանայելու կրթական եւ ընտանեկան լեզուական քաղաքականութիւնը: Փոխանակ տեսնելու լեզուի տկարացումը` մենք կը հրաւիրուինք կասեցնելու «լեզուական տեղահանութեան» գործընթացը: Հարաւային Ամերիկայի փորձառութիւնը մեզի կը սորվեցնէ, որ լեզուական աւիշը պահելու համար անհրաժեշտ է երիտասարդ սերունդը կապել իր արմատներուն` նորարարական հարթակներու միջոցով:

Այս պատկերը ոչ թէ վերջակէտ մըն է, այլ` նոր սկիզբ: Անիկա կը շեշտէ հայկական օճախներու մէջ լեզուական վերակենդանացման հրատապութիւնը: Երբ հայ համայնքները բարձր խտութեամբ կեդրոններէն կը տեղափոխուին դէպի արեւմտեան ցրուած միջավայրեր, լեզուն պարզապէս չի խամրիր, այլ կ՛ենթարկուի «Լեզուական տեղահանութեան», որ կրնայ հանգումի տանիլ լեզուն` երկու սերունդի ընթացքին:

Ֆիշմընի Աստիճանաչափը` Ո՞ւր ենք Մենք

Արեւմտահայերէնի այս ներկայ վիճակը աւելի լաւ հասկնալու համար պէտք է դիմել Ճոշուա Ֆիշմընի «Միջսերնդային ընդհատումի աստիճանաչափ»-ին (Graded Intergenerational Disruption Scale – GIDS): Այս սանդղակը ընկերալեզուաբանական հիմնական կառոյց մըն է, որ կ՛օգտագործուի որոշելու համար լեզուի մը կենսունակութիւնը եւ այն յատուկ ռազմավարութիւնները, որոնք անհրաժեշտ են «Լեզուական տեղաշարժը շրջել»-ու (Reversing Language Shift – RLS) համար: Ֆիշմընի աստինաչափը ունի ութ փուլ, ուր ութերորդը կը նշանակէ լեզուի մահը, իսկ առաջինը` անոր լիակատար ապահովութիւնը:

Առաջին փուլ.- Լեզուն կը գործածուի պետական բարձր մակարդակներու եւ բարձրագոյն կրթութեան մէջ: Այս մակարդակին վրայ լեզուն կը վայելէ քաղաքական լիակատար պաշտպանութիւն եւ կը հանդիսանայ գիտական ու վարչական հիմնական հաղորդակցութեան միջոց:

Երկրորդ փուլ.- Լեզուն կը գործածուի տեղական լրատուամիջոցներու եւ պետական ծառայութիւններու մէջ: Այստեղ լեզուն դուրս կու գայ նեղ շրջանակներէն եւ կը դառնայ հանրային կեանքի ու տեղեկատուութեան անբաժանելի մասը:

Երրորդ փուլ.-  Լեզուն ունի տնտեսական արժէք եւ կը գործածուի աշխատավայրերու մէջ: Լեզուի տիրապետումը կը դառնայ նախապայման` մասնագիտական յաջողութեան եւ առեւտրական յարաբերութիւններու համար:

Չորրորդ փուլ.- Լեզուն կը գործածուի պաշտօնական կրթութեան եւ դպրոցներու մէջ: Կրթական համակարգը կ՛ապահովէ լեզուի քերականական ու գրական գիտելիքներու հետեւողական փոխանցումը աշակերտութեան:

Հինգերորդ փուլ.- Լեզուն կը գործածուի գրաւոր ձեւով` տան եւ համայնքին մէջ: Համայնքային մամուլը եւ գրաւոր մշակոյթը կը ստեղծեն այնպիսի միջավայր մը, ուր լեզուն կը պահպանէ իր մտաւորական կայունութիւնը:

Վեցերորդ փուլ.-  Վճռորոշ շեմը. Լեզուն բնական ձեւով կը խօսուի տան մէջ եւ կը փոխանցուի զաւակներուն: Ասիկա ամենակարեւոր փուլն է, ուր լեզուն կը վերածուի կենդանի ժառանգութեան` առանց արհեստական ջանքերու կամ պարտադրանքի:

Եօթներորդ փուլ.-  Լեզուն կը խօսուի միայն տարեցներուն կողմէ, բայց այլեւս չի փոխանցուիր նոր սերունդին: Այս փուլին լեզուն կը սկսի կորսնցնել իր գործնական դերը եւ կը վերածուի սոսկ յիշողութեան ու յարգանքի տուրքի:

Ութերորդ փուլ.- Լեզուն կը խօսուի միայն քանի մը մեկուսացած տարեցներու կողմէ. լեզուի մահը: Առանց անմիջական միջամտութեան եւ վերաշխուժացման ծրագիրներու` լեզուն կը դադրի գոյութիւն ունենալէ որպէս հաղորդակցման միջոց:

Բացատրենք:

Արեւմտահայերէնի Կենսունակութեան Ուղին. Հայ Ընտանիքը` որպէս Յաղթանակի Գրաւական

Ճոշուա Ֆիշմընի լեզուական աստիճանաչափին վրայ վեցերորդ փուլը կը հանդիսանայ այն վճռորոշ շեմը, ուր լեզուի մը ապագան կա՛մ կը փայլի, կա՛մ կը նահանջէ: Ասիկա այն կէտն է, ուր մայրենին տան մէջ բնականօրէն կը փոխանցուի յաջորդ սերունդին. եթէ այս շղթան ամուր մնայ, լեզուն կը շնչէ, իսկ եթէ խզուի, նոյնիսկ դպրոցն ու համայնքը անզօր կը դառնան զայն փրկելու: Պատմականօրէն Միջին Արեւելքի հոծ համայնքներուն մէջ արեւմտահայերէնը կը վայելէր չորրորդ եւ հինգերորդ փուլերու կայունութիւնը: Շնորհիւ հայաշատ թաղամասերու «թաղային ազդեցութեան» (ինչպէս` Պուրճ Համուտը կամ Հալէպի Նոր Գիւղը), լեզուն սահմանափակուած չէր միայն տան մէջ, այլ առեւտուրի, դպրոցի ու համայնքային կեանքի հիմնական գործիքն էր` ունենալով բարձր գործնական արժէք եւ պաշտպանուած ինքնութիւն:

Այսօր, սակայն, մեր լեզուական յաղթանակի դաշտը տեղափոխուած է բուն իսկ ընտանեկան յարկին տակ: Թէեւ օտար լեզուներու «ձգողականութիւնը» զօրաւոր է, սակայն վեցերորդ փուլը վերակենդանացնելու հնարաւորութիւնը միշտ առկայ է, եթէ գիտակցինք, որ հայերէնը պարզապէս «դասանիւթ» չէ, այլ` ինքնութեան բանալի: Ընտանիքը վերածելով լեզուի բնական դարբնոցի` մենք կը կանխենք մայրենիի նահանջը դէպի լոկ տարեցներու յիշողութիւն եւ կ՛ապահովենք նոր սերունդի մը յառաջխաղացքը, որ ո՛չ միայն կը զգայ իր հայութիւնը, այլեւ տիրապետելով լեզուին` կրնայ զայն հպարտութեամբ փոխանցել յաջորդներուն:

Արեւմտահայերէնի Համաշխարհային Հորիզոնը` Յոյսի եւ Վերելքի Տեսլական

Այսօր արեւմտահայերէնը կը գտնուի ճակատագրական փուլի մը մէջ. Միջին Արեւելքի մէջ` ամուր, Թուրքիոյ մէջ` վերածնող, իսկ Արեւմուտքի մէջ` ձուլման դէմ պայքարող: Սակայն այս իրավիճակը ոչ թէ դատավճիռ է, այլ` նոր զարթօնքի հրաւէր:

Մայրենին պահպանելը նահանջ չէ արդիականութենէն, այլ` մրցակցային առաւելութիւն: Տան մէջ հայերէն խօսելով` մենք մեր զաւակներուն կը ջամբենք ինքնավստահութիւն եւ բազմակողմանի աշխարհահայեացք: Այսօրուան աշխարհը կը գնահատէ բազմազանութիւնը: Թուային դարու ընձեռած կարելիութիւններով արեւմտահայերէնը կը դադրի լոկ «պահպանուող» մասունք ըլլալէ եւ կը վերածուի ստեղծագործ ու կենսունակ ուժի: Լեզուի ապագան գրուած չէ մութ գոյներով. անիկա կը գտնուի իւրաքանչիւր ծնողի շրթներուն եւ իւրաքանչիւր երիտասարդի կամքին մէջ: Արեւմտահայերէնի յարատեւութիւնը մեր հաւաքական յաղթանակն է:

Յաջորդիւ պիտի քննարկենք կրաւորական ժառանգութենէն դէպի կենսունակ ընտանեկան ռազմավարութիւն անցնելու գործնական քայլերը:

Արտա Ճէպէճեան

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ