Ցեղասպանութիւն
  • Անարդարութեան Վրայ Կառուցուած Աշխարհը Եւ Մեր Սպասումները

    Ամէն տարի, Ապրիլի 24-ին, հայ ժողովուրդին մէջ ժամանակ առ ժամանակ կը վերակենդանանայ գաղափար մը, որ առաջին հայեացքով կը թուի բնական ու արդար. եթէ ցեղասպանութիւնը ճանչցուի, իսկ անիկա պիտի՛ ճանչցուի, ապա անոր արդիւնքներէն մէկը պէտք է ըլլայ պատմական հողերու վերադարձը (խօսքը ուիլսընեան Հայաստանի մասին է): Այս տրամաբանութիւնը յուզական ու մարդկային առումով…

    Շարունակէ Կարդալ →: Անարդարութեան Վրայ Կառուցուած Աշխարհը Եւ Մեր Սպասումները
  • Չշեղինք Ու Չշեղենք Մեր Գերագոյն Օրակարգերէն

    8 Փետրուար 1914-ին Օսմանեան կայսրութիւնը, եւրոպական պետութիւններուն եւ Ռուսաստանի ճնշումներուն տեղի տալով, իվերջոյ  համաձայնեցաւ բարելաւել օսմանեան քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններուն կացութիւնը՝ կայսրութեան արեւելեան նահանգներուն մէջ[1]: Արեւելեան նահանգները Հայկական վեց վիլայէթներն էին: Բարենորոգումները՝ ծանօթ նաեւ հայկական բարենորոգումներ անունով, կը պայմանադրէին Հայկական Վիլայէթները (ներառեալ Տրապիզոնի նահանգը) մէկտեղել երկու վարչական միաւորներու մէջ: Սվազի, Էրզրումի եւ…

    Շարունակէ Կարդալ →: Չշեղինք Ու Չշեղենք Մեր Գերագոյն Օրակարգերէն
  • Փանթուրանիզմ.  Հայը Եւ Միւսները

    Մտածե՛լ վաղորդայններու մասին, նայի՛լ մաշեցնող վէճերէ եւ պայքարներէ անդին: Այս ազգային քաղաքական իրաւ միտքի մեկնակէտ է, ո՛չ ամկարարութիւն է, ո՛չ երեւիլիապաշտութիւն,   այլ՝ իրատեսութիւն:Կ’ըսուի փանթուրանիզմ, փանթիւրքիզմ: Այս բառերը պարզապէս կը նշանակեն թրքական ծաւալապաշտութիւն, որ թուրք մտաւորական Զիա Կոքալփի (1875-1924) կողմէ բանաձեւուած է, եւ կը միտի թրքախօս ժողովուրդները  միացնել մէկ պետութեան մէջ՝…

    Շարունակէ Կարդալ →: Փանթուրանիզմ.  Հայը Եւ Միւսները
  • Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում

    Երբ կը խօսուի Ցեղասպանութեան մասին, պէտք է գիտնալ, որ պատմութեան հետազoտողներ ուզած են զանազանութիւն դնել Հայոց ցեղասպանութեան եւ Հրէական ողջակիզման միջեւ: (Ողջակիզում` Holocaust – հին յունական բառ մը, որ կը նշանակէ կրակի յանձնել): Տարիներու ընթացքին շատեր ուզած են բաղդատել այս երկու ցեղասպանութիւնները, որոնք տեղի ունեցած են Ա. եւ Բ. Համաշխարհային…

    Շարունակէ Կարդալ →: Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում
  • Յարգանքի Տուրք «Յուշամատեան»ին

    Հայկական յիշողութեան եւ պատմական գիտակցութեան դաշտին մէջ քիչ ջանքեր կը փայլին այնքան յամառութեամբ, ամբողջականութեամբ եւ յուզական արձագանգով, որքան «Յուշամատեան»ը: 2010-2011 թուականներու սահմաններուն որպէս յիշողութեան վերականգնման նախագիծ ծնած «Յուշամատեան»ը թերեւս դառնար պարզապէս թուային արխիւ մը, սակայն ան ինքզինք հաստատեց որպէս մշակութային հոգատարութեան կենդանի գործողութիւն, վերականգնումի քրտնաջան աշխատանք եւ վկայութիւն մը, թէ…

    Շարունակէ Կարդալ →: Յարգանքի Տուրք «Յուշամատեան»ին
  • Մարդկութեան Խիղճը` Կազայի Մոխիրներուն Մէջ

    ՄԱԿ-ի կից Մարդկային իրաւունքներու խորհուրդին կողմէ կազմուած քննիչ յանձնաժողովը հրապարակեց զեկուցագիր մը, որուն մէջ` առանց երկմտանքի, կը նշուի, որ Կազայի դէմ Իսրայէլի մղած պատերազմը կը տեղաւորուի ցեղասպանութեան իրաւական սահմանումներուն մէջ: Եբրայական, պաղեստինեան եւ միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններուն, ինչպէս նաեւ ցեղասպանագիտութեան մասնագէտներուն պնդումները այս անգամ հաստատուեցան ՄԱԿ-ի մակարդակով: Ահաւասիկ` պատմութեան մեծագոյն ոճիրներուն…

    Շարունակէ Կարդալ →: Մարդկութեան Խիղճը` Կազայի Մոխիրներուն Մէջ
  • Ես Հօրս՝ Եղիա Քահուէճեանին Տուած Խոստումս Կատարեցի

    «Ես հօրս՝ Եղիա Քահուէճեանին տուած խոստումս կատարեցի, որուն համար խիղճս հանգիստ է»․ թորոնթոհայ Յարութիւն Քահուէճեան Վերջերս Երուսաղէմի հրապարակներէն մէկը անուանակոչուեցաւ սաղիմահայ յայտնի լուսանկարիչ Եղիա (Էլիա) Քահուէճեանի անունով։ Ասիկա աննախադէպ իրադարձութիւն է, երբ Երուսաղէմի քաղաքապետարանը քաղաքի վայր մը կ’անուանակոչէ հայու մը անունով։ Տեղադրուած ցուցանակը եբրայերէնով կը հաղորդէ. «Էլիա Քահուէճեանի հրապարակ. Երուսաղէմին…

    Շարունակէ Կարդալ →: Ես Հօրս՝ Եղիա Քահուէճեանին Տուած Խոստումս Կատարեցի
  • 2020ի Սեպտեմբերի 27ը Սգոյ Կամ Աղէտի Յիշատակի Օր Չէ

    «Աղէտը» ոչ թէ Սեպտեմբերի 27ն էր, այլ Նոյեմբերի 9-ին դիմադրութեան դադարեցման որոշումը: Սեպտեմբերի 27ին սկսուել է պատերազմը, ոչ թե աղէտը: Աղէտ են` ցեղասպանութիւնը, երկրաշարժը` բոլոր այն դէպքերը երբ մարդը կրաւորական զոհի դիրքում է յայտնւում: Երբ մարդը պայքարում է, կռւում է դա աղէտ չէ, որովհետեւ կռուողը սուպյեքթ է, եւ կռուողի ճակատագիրն…

    Շարունակէ Կարդալ →: 2020ի Սեպտեմբերի 27ը Սգոյ Կամ Աղէտի Յիշատակի Օր Չէ
  • Հայերս Պարտաւոր Ենք Առաջնորդել Ընդդիմութիւնը Կազայի Ցեղասպանութեան

    Որպէս հայ, պատմութիւնը մեր ուսերուն դրած է բեռ մը եւ խիղճին մէջ՝ առաքելութիւն մը: Մենք զաւակներն ենք այն ժողովուրդին, որ ենթարկուեցաւ ժամանակակից դարաշրջանի զանգուածային ոչնչացման ամենահամակարգուած գործողութիւններէն մէկուն՝ ցեղասպանութեան: Հայոց ցեղասպանութիւնը մարդկութեան դէմ մեծագոյն դաժանութեամբ գործադրուած յանցագործութիւն էր․ ան նաեւ ազգի եւ մշակոյթ ջնջման փորձ էր, հայոց պատմական բնօրրանի զաւթում…

    Շարունակէ Կարդալ →: Հայերս Պարտաւոր Ենք Առաջնորդել Ընդդիմութիւնը Կազայի Ցեղասպանութեան
  • Հայու Շահը Եւ Իրաւը

    Հայաստանի վարչապետը յայտարարութիւններ կ’ընէ, եւ զինք լսող ողջախոհ հայը եւ հայու բարեկամը շուարումի կը մատնէ: Ան  յայտարարեց, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումները ո՛չ մէկ շահ բերած են Հայաստանի: Չէ ըսած, որ ի՞նչ վնաս բերած են: Եթէ ըսէր, կը հասկնայինք ազգի շահ-վնասի ըմբռնումը: Հայաստանի Քաղաքական Շահը միթէ ընդհանրապէս հայ Ժողովուրդի շահի եւ…

    Շարունակէ Կարդալ →: Հայու Շահը Եւ Իրաւը

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ