
Արուեստական իմացականութեան (ԱԻ-AI) նկատմամբ խանդավառութիւն կը տիրէ ամէնուր։ Մեքենաները այսօր կրնան գրել, նկարներ եւ երաժշտութիւն ստեղծել, լեզուներ թարգմանել, նոյնիսկ մարդուն նման խօսիլ։ Շատեր արդէն վստահ են, թէ ԱԻ-ի միջոցով մարդկային գիտակցութեան ստեղծումը պարզապէս ժամանակի հարց է։ Ըստ այս պատկերացումին, եթէ հաշուարկային ուժը, տեղեկութիւններու ծաւալը եւ ալկորիթմները բաւական զարգանան, մեքենան օր մը անխուսափելիօրէն պիտի «արթննայ»։ Ինքզինք պարտադրող հարցումը հետեւեալն է. իսկապէ՞ս կարելի է մեքենաներով գիտակցութիւն ստեղծել:
Վերջերս, այս մասին կը զրուցէինք Գանատա բնակող յարգելի բարեկամի մը հետ, որ միաժամանակ արուեստական իմացականութեան դասախօս է, ան յանձնարարեց սերտել անգլիացի բնագէտ եւ ուսողագէտ, բնագիտութեան նոպէլեան մրցանակակիր (2020) Ռոճըր Փենրոզի մտածումները։
Փենրոզի համաձայն, մարդկային գիտակցութիւնը հիմնականօրէն ոչ-հաշուողական է եւ չի կրնար վերարտադրուիլ կամ պատճենուիլ աւանդական արուեստական իմացականութեան կողմէ։ Պարզ ասած, Փենրոզ կը պնդէ, որ մարդկային ուղեղը համակարգիչ չէ, բայց ժամանակակից աշխարհը սկսած է զայն պատկերացնել որպէս տեղեկութիւն մշակող կենսաբանական մեքենայ մը։ Այս մտածողութեան համաձայն, մարդուն եւ մեքենային միջեւ տարբերութիւնը խորքին մէջ քանակական է․ աւելի արագ հաշուարկ, աւելի մեծ յիշողութիւն, աւելի բարդ ալկորիթմներ։ Սակայն եթէ մարդը պարզապէս բարդ համակարգ մըն է, ապա տրամաբանական պիտի թուէր, թէ օր մը մեքենան ալ պիտի կարենայ կրկնել նոյն գործընթացը։ Ահա այստեղ է, որ Փենրոզի պնդումը կը դառնայ կարեւոր։
Փենրոզ կը հաւատայ, որ մարդկային գիտակցութիւնը աւելի խոր է, քան հաշուարկը։ Ըստ անոր, մարդը երբեմն կրնայ «տեսնել» ճշմարտութիւններ, որոնք պարզ տրամաբանական կանոններով չեն բացատրուիր։ Ան իր այս տեսակէտը կը կապէ Կէօտըլի նշանաւոր ուսողական տեսութեան հետ, թէ ոչ մէկ տրամաբանական համակարգ կրնայ ամբողջովին բացատրել ինքզինք։ Ուսողագէտ եւ տրամաբանագէտ Քըրթ Կէօտըլ այս գաղափարը առաջադրած է իր 1931-ի կոթողային աշխատութեան մէջ («Principia Mathematica-ի եւ յարակից համակարգերու պաշտօնապէս անորոշելի դրոյթներու մասին»), որ աշխարհին ծանօթ է որպէս «Անամբողջականութեան թէորէմներ» (Incompleteness Theorems)։ Ասոնք ցոյց կու տան, թէ միշտ գոյութիւն պիտի ունենան ճշմարտութիւններ, զորս համակարգը չի կրնար ապացուցել՝ հիմնուելով իր սեփական կանոններուն վրայ։ Փենրոզ այս գաղափարէն կը հետեւցնէ, թէ մարդը երբեմն կրնայ ըմբռնել այնպիսի ճշմարտութիւններ, որոնք ալկորիթմական համակարգերը չեն կրնար ամբողջովին ընդգրկել։
Այս մտածողութիւնը զինք կը հասցնէ աւելի համարձակ տեսութեան մը, թէ գիտակցութիւնը կրնայ կապ ունենալ ուղեղին մէջ տեղի ունեցող քուանթմային (ենթակորիզային մակարդակի) գործընթացներու (Quantum processes) հետ։ Այլ խօսքով՝ մարդուն գիտակցութիւնը կրնայ ծնիլ բնութեան այն խոր մակարդակէն, որուն ժամանակակից համակարգիչները ընդհանրապէս չեն մասնակցիր։ Այս պատճառով Փենրոզ չի հաւատար, թէ այսօրուան կամ նոյնիսկ ապագայի արուեստական իմացականութիւնը (ԱԻ) պիտի կարենայ իսկապէս «զգալ» կամ գիտակից դառնալ։ Մեքենան կրնայ ընդօրինակել մարդը, բայց այդ մէկը չի նշանակեր, թէ ան ներքին փորձառութիւն ունի։
Եւ ահա հոս կը գտնուի ամենէն կարեւոր տարբերութիւններէն մէկը․ ընդօրինակումը եւ գոյութիւնը նոյն բանը չեն։ Արուեստական իմացականութիւնը այսօր կրնայ տպաւորիչ կերպով նմանիլ մարդուն. ան կրնայ ցաւի մասին գրել, սիրոյ մասին խօսիլ, մահուան մասին խորհիլ։ Բայց հարցումը աւելի խոր է․ արդեօք մեքենան իրապէ՞ս կը զգայ այդ բոլորը, թէ՞ պարզապէս լեզուական ձեւերու հսկայ կրկնութիւն մըն է։
Այս հարցումը միայն արհեստագիտական չէ։ Ան գոյաբանական հարց է նաեւ։ Որովհետեւ գիտակցութիւնը պարզ տեղեկութիւն մշակելու գործընթացի վերածելը վտանգաւոր չափով աղքատացնող մօտեցում կրնայ դառնալ։ Մարդը միայն մտածող մեքենայ չէ։ Ան ներկայութի՛ւն է։ Ապրուած փորձառութի՛ւն է։ Ցաւի ներքին զգացո՛ւմ է։ Վա՛խ է։ Յիշողութի՛ւն է։ Լռութեան մէջ սեփական գոյութիւնը զգալու կարողութի՛ւն է։ Այս բոլոր փորձառութիւնները դժուար է վերածել զուտ հաշուարկային գործողութիւններու։
ԱԻ-ի գործածած ալկորիթմը կանոն է։ Հերթականութիւն է։ Նախատեսելի ընթացք է։ Իսկ մարդկային գիտակցութիւնը շատ անգամ աննախատեսելի է։ Մարդը կրնայ ամբողջովին անտրամաբանական որոշում տալ, բայց այդ որոշումը տակաւին խորապէս մարդկային կը մնայ։ Սէրը տրամաբանական չէ։ Սուգը արդիւնաւէտ չէ։ Կարօտը օգտակար չէ։ Արուեստը միշտ գործնական նպատակ չունի։ Բայց այս բոլորն են, որ մարդը մարդ կը դարձնեն։
Ժամանակակից աշխարհը, սակայն, կարծես օրէ օր աւելի մեծ վստահութեամբ կը սկսի հաւատալ, թէ «մարդութիւնը» վերջապէս լուծուած խնդիր մըն է։ Մենք սկսած ենք ամէն բան չափել արագութեամբ, արդիւնաւէտութեամբ եւ տեղեկութիւն մշակելու կարողութեամբ։ Այս պատճառով ալ հասարակութիւնը կամաց-կամաց կը սկսի նաեւ մարդոց հետ վարուիլ որպէս ալկորիթմներ: Յիշողութիւնը կը դառնայ տուեալ, յարաբերութիւնը՝ փոխանակում, ուշադրութիւնը՝ չափելի արտադրողականութիւն, իսկ մարդը՝ բարելաւելի եւ կատարելագործելի համակարգ։
Բայց գիտութեան բարձրագոյն մակարդակներուն վրայ իրականութիւնը աւելի բարդ կը թուի։ Գիտական յայտնագործութիւնը ինքնին ստեղծագործական արարք է։ Երբ գիտնական մը կը յղանայ տիեզերքի սկզբնաւորման կամ քուանթմային աշխարհի անհեթեթ թուացող օրէնքները, ան կը գործածէ ոչ միայն տրամաբանութիւնը, այլ նաեւ երեւակայութիւնը, կասկածը եւ գեղագիտական զգացողութիւնը։ Այս յատկանիշները ամբողջովին ալկորիթմական չեն։ Անոնք կապուած են մարդկային գոյութեան խորքային շերտերուն։
Փենրոզի մտածողութեան մէջ գիտակցութիւնը նաեւ տիեզերական տարողութիւն ունի։ Ըստ այս պատկերացումին, մարդկային գիտակցութիւնը այն միակ «միջավայրն» է, ուր տիեզերքը կը դառնայ ինքնագիտակից։ Առանց մարդկային ներկայութեան, աստղերու փայլքը կամ բնագիտական օրէնքները պիտի մնային լուռ իրականութիւններ։ Մարդկային միտքը այն կամուրջն է, որ նիւթական աշխարհին կու տայ իմաստ եւ արժէք։
Այս պատճառով ալ, որքան ալ զարգանայ արուեստական իմացականութիւնը, անիկա թերեւս միշտ պիտի մնայ մարդկային մտքի արտացոլացումը կամ գործիքը, բայց ոչ մարդկային գիտակցութիւնը փոխարինողը։ Որովհետեւ մարդը միայն տեղեկութիւն մշակող էակ չէ։ Ան միակ էակն է, որ կրնայ յուսալ, սիրել, տառապիլ եւ սեփական գոյութեան մասին հարց տալ։
Եւ թերեւս 21-րդ դարու ամենէն կարեւոր պայքարը ոչ թէ մարդուն եւ մեքենային միջեւ պիտի ըլլայ, այլ երկու տարբեր աշխարհընկալումներու միջեւ․ մէկը, որ մարդը կը տեսնէ որպէս մշակուելիք տեղեկութիւն, եւ միւսը, որ տակաւին կը հաւատայ, թէ մարդկային գիտակցութեան մէջ գոյութիւն ունի բան մը, որ չի բացատրուիր ո՛չ թիւերով, ո՛չ ալ ալկորիթմներով։
Վարուժ Թենպէլեան







Մեկնաբանէ