
Եթէ պահ մը փորձենք Իրան-Իսրայէլ արիւնալի ու կործանարար բախումներու խորքը թափանցել, մեզի համար ակներեւ ու բացայայտ կը դառնայ, աշխարհաքաղաքական շահերու կողքին, որ անոնց նպատակն է արգելարկել հիւլէական զէնքի տիրանալու Իրանը կարելիութիւնը, ու զրկել շրջանային զօրեղ ուժ դարձած շիի պետութիւնը, որ նոյնիսկ խաղաղ նպատակներու համար հիւլէական արհեստագիտութիւն զարգացնելէ․․․
Ու այդ արգելքները կը դրուին աշխարհի 18րդ մեծագոյն տարածութիւնը ունեցող պետութեան, հնագոյն քաղաքակրթութեան ու նախկին կայսրութեան մը վրայ, կարծէք անծանօթ, նախնական ցեղախումբ մը ըլլար․․․
Արդարեւ, եթէ թիւերու լեզուով պիտի խօսինք, Իրան 1,600,000 քառակուսի քլմ․ իր տարածքով Իսրայէլէն ութսուն անգամ աւելի մեծ տարածք ունի, իսկ բնակչութեամբ՝ անոր տասնապատիկը։
Եկէք բաւարարուինք ներկայ վիճակագրական տուեալներով ու մեր ուշադրութեան առանցքը դարձնենք ներկայ արիւնոտ բախումներու ենթահող ծառայող ոչ այնքան քօղարկուած նպատակները եւ միտումները, ինչպէս նաեւ զանոնք հրահրող ու կենդանի պահող բուն պատճառները ։
Իսրայէլի սերտ բարեկամ՝ Իրանի Ռըզա Փահլեւի շահին դէմ կատարուած յեղափոխութենէն ու անոր տապալումէն ասդին, այաթոլաներու մենատիրական իշխանութեան տակ, այդպէս ալ Իրանին չյաջողուեցաւ տաքուկ լեզու գտնել արեւմտեան հզօր երկիրներու ու մասնաւորաբար՝ Իսրայէլի հետ։ Գաղտնիք ալ չէ թէ այս վերջինը ամէն գնով կը փորձէ արգելակել անոր ՝ ուրանի հարստացումն ու ապագային գուցէ հիւլէական զէնքի տիրանալը։ Սակայն տեղին է հարց տալը թէ ինչո՞ւ անպայման Իրանի պարագային ի գործ կը դրուի նման արգելք մը, երբ այլեւս յայտնի իրողութիւն է թէ գոնէ ինը երկիրներ արդէն կը տիրեն հիւլէական ուժին, որոնց կարգին՝ Ամերիկա, Ռուսիա, Չինաստան, Հնդկաստան, Փաքիստան, Անգլիա, Ֆրանսա, Հիւսիսային Քորէա ու վերջապէս, նոյնինքն ինը՝ եբրայական պետութիւնը՝ Իսրայէլ։ Այո, ինչո՞ւ մասնաւորապէս Իրանի պարագան մղձաւանջ դարձած է Ամերիկայի ներկայ իշխանութիւններուն եւ մասնաւորապէս՝ եբրայական պետութեան։ Արդեօ՞ք անոր հակասիոնական ըլլալու եւ Կազայի գերի պահուող պաղեստինցի արաբներուն հանդէպ ցուցաբերած համակրա՞նքն է ու միւս կողմէ՝ Լիբանանեան «Հըզպալլա» մարտունակ կուսակցութեան նեցուկ կանգնելու իրողութի՞ւնը, դարձած է Իսրայէլի այլամերժ վարչապետ՝ Նեթանիահուին ահ ու սարսափ ստեղծող էատարրը․․․
Ու այլեւս որեւէ մէկուն համար գաղտնիք ալ չէ թէ հսկայ Ամերիկան դժբախտաբար, հլու-հնազանդ կամակատարը դարձած է սիոնական պետութեան ու անոր արիւնկզակ վարչապետին, միջազգային քաղաքական դաշտի վրայ, լռելայն կատարելով անոր անբարտաւան ղեկավարին կամքը։
Սա ալ աւելցնենք որ մեր մօտ տիրական դարձած է այն մտածելաձեւը, թէ միջազգային, քաղաքական կամ ընկերային երեւոյթ մը կամ հարց մը, ու զինեալ բախում մը վերլուծող անհատը, անպայման կողմ պիտի ըլլայ․․․ Որեւէ պարագային՝ անիկա չի կրնար անկողմնակալ, չէզոք դիրքերէ մօտենալ ու քննարկել տուեալ հարցը։
Ելլելով այդ իրողութենէն, պիտի չի զարմանայինք եթէ վաղը, ծայրայեղ հայածին հանրապետական մը ելլէ ու այս գրողը որպէս «իրանամէտ» ամբաստանէ․․․
Ներկայիս տիրող մտայնութեան համաձայն, մարդ կամ աջ, կամ ալ ձախ պիտի թեքի․ միջին ճանապարհ ու հարթակ գոյութիւն չունի այլեւս։
Ինքս՝ Իրանամէ՞տ, ո՝չ։ Հայամէ՞տ, այո․․․
Եթէ պատահէր որ «Հըզպալլա»ն հարիւր տոկոս վստահ ըլլար, թէ սիոնական յարձակողապաշտ պետութիւնը, որպէս զինեալ ուժ ու կառոյց զինք բնաջինջ ընելով իր երկրին սահմաններուն մէջ իսկ խեղդամահ պիտի չընէ, քար ու քանդ ընելով իր բնակավայրերը, մի գուցէ կերպով մը համաձայնէր իր զինեալ ուժերը միաձուլել լիբանանեան ազգային բանակին հետ։ Իսկ Իրանի պարագային՝ ան ալ իր վստահութիւնը վաղուց կորսնցուցած է Ամերիկայի, արեւմտեան երկիրներու ու մասնաւորապէս՝ վարչապետ Նեթանիահուի գլխաւորած սիոնական պետութեան նկատմամբ, որոնք բացէ ի բաց ու ամէն գնով Իրանէն ներս իշխանափոխութեան հետամուտ են․․․
Ուրեմն ներկայիս, միջազգային խաղաղարար ուժերուն կը մնայ բուռն աշխատանքի լծուիլ, վերացնելու համար հակառակորդ կողմերու միջեւ տասնամեակներով գոյութիւն ունեցող ու տիրական դարձած անվստահութիւնն ու կասկածանքը, հասնելու համար այնքան ակնկալուած խաղաղութեան։
Պօղոս Գուբէլեան







Մեկնաբանէ