«Անոնք, որոնք չեն յիշեր անցեալը,

դատապարտուած են զայն կրկնելու»։

Ճորճ Սանթայանա

19-րդ դարու վերջերուն Ճափոնէն Ռուսաստան հասաւ ներդրուած տիկնիկներու գաղափարի նախատիպերէն՝ պզտլիկ փայտէ կերպար մը, որ կը ներկայացնէր եօթը յաջողութեան աստուածները՝ Shichi-fukujin-ը։ Այդ «աստուածներէն» մին՝ Fukurukuju-ն, կը ներկայանար որպէս կերպար, որ իր ներսդին կը կրէր վեց ուրիշ կերպարներ։

Shichi-fukujin-ը ստեղծուած չէր որպէս խաղալիք։ Ան մանրապատկեր տիեզերաբանութիւն էր՝ իմաստութեան, բախտի եւ երկարակեցութեան խորհրդանիշ։ Համայիլ-յուռութք էր, բազմազան շերտերով ամբողջութիւն մը։
Ըստ աւանդոյթի, եօթը աստուածներուն ընտրութիւնը կատարած է  պուտտիսթ քահանայ մը, նկատի ունենալով անոնցմէ իւրաքանչիւրին առաքինութիւնը՝ երկարակեցութիւն, բախտ, ժողովրդականութիւն, անկեղծութիւն, բարութիւն, արժանապատուութիւն եւ մեծահոգութիւն։

Սակայն Ճափոնի մէջ այս պատկերացումը միակը չէր։ Անոր նախընթացներէն էին Kokeshi տիկնիկները, որոնք կը մարմնաւորէին շարունակականութիւն ոչ թէ կրկնութեան, այլ փոփոխութեան միջոցով։ Անոնք ծագում առած են Թոհոքու տարածաշրջանին մէջ՝ 1603-1868 թուականներուն, եւ պատրաստուած են հմուտ ատաղձագործներու կողմէ, որպէս խաղալիք եւ յուշանուէր։ Միաժամանակ, անոնք ընկալուած էին որպէս բարի յուռութքներ՝ ուղղուած մանուկներու պաշտպանութեան, բախտին եւ առողջ աճին։

Այս տիկնիկներուն իւրաքանչիւր կերպարը կը նմանէր իր նախորդին, սակայն նոյնը չէր։ Նուրբ, բայց էական տարբերութիւններ կային։ Այստեղ կրկնութիւնը չէր վերացներ ինքնութիւնը, ընդհակառակը, կը զարգացնէր զայն։

Սակայն ժամանակի ընթացքին այս գաղափարը փոխակերպուեցաւ։

Երբ ներդրուած տիկնիկներու սոյն մոտէլը հասաւ Ռուսաստան եւ երեւան ելան առաջին «մաթրիոշքաները», տեղի ունեցաւ շատերու համար թերեւս աննկատ, բայց էական փոփոխութիւն մը։ Հոգեւոր եւ խորհրդանշական շերտաւորումը իր տեղը զիջեց աւելի կոշտ տրամաբանութեամբ, մէկը միւսին մէջ ամփոփուած նոյնական կերպարներու։ Հոս բացուողը այլեւս այլազանութիւնը չէր, այլ նոյնութեան անվերջ կրկնութիւնը։

Հպանցիկ հայեացքի համար մաթրիոշքան խաղային եւ անվնաս կը թուի։ Բայց անոր կառուցուածքը բոլորովին ուրիշ իմաստ կը յուշէ։ Ամէն մէկ շերտ կը խոստանայ բացայայտում, բայց կը մատուցէ նոյնը, ընդամէնը չափի փոփոխութեամբ, որ կը հիասթափեցնէ։ Մէկէն միւսին անցումը բարեփոխում մը կ’ենթադրէ, բայց կը յայտնաբերէ կրկնութիւն։

Որքան յառաջանանք, այնքան աւելի յստակ կը դառնայ՝ տարբերութիւն չկայ։ Միայն կաղապարի հետեւողական վերարտադրութիւն։ Իսկ երբ վերարտադրութիւնը կը կատարելագործուի, կը վերածուի վերահսկումի։

Մաթրիոշքան, այս իմաստով, կը ներկայացնէ ոչ թէ բազմազանութիւն՝ մէկ ամբողջութեան մէջ, այլ կրկնութեան միջոցով պարտադրուած ամբողջութիւն մը (աւելի բնորոշ պիտի ըլլար «մէկութիւն» բառը)։ Արդէն իսկ սահմանուած ապագայ մը՝ պարփակուած ներկայի մէջ։ Ամէն շերտ կանխորոշուած է։ Ներառուած են բոլոր «կարելիութիւնները»։

Այս տրամաբանութիւնը խո՞րթ է, սիրելի ընթերցող։

Ժամանակակից քաղաքական համակարգերու մէջ փոփոխութիւնը յաճախ կը ներկայանայ որպէս նորութիւն, որ խորքին մէջ անթերի կրկնօրինակն է նախորդին։

Նոր ժամկէտներ, նոր դերեր, նոր պատմութիւններ, եւ այս բոլորը որպէս յառաջդիմութեան «ապացոյց»։ Բայց ուշադիր հայեացքէն չի կրնար վրիպիլ, որ փոփոխուող մակերեւոյթներուն տակ նոյն կառուցուածքներն է, որ կը շարունակեն վերարտադրուիլ։

Տեղաշարժի պատրանք՝ առանց փոխակերպութեան։

Քիչ փոխաբերութիւններ կրնան այս երեւոյթը արտայայտել այնքան յստակ, որքան մաթրիոշքան։ Եւ եթէ փորձենք այս պատկերացումը տեղաւորել մերօրեայ քաղաքական իրականութեան մէջ, ապա անոր ամէնէն մօտիկ արտացոլումը կը գտնենք նոյն այն երկրին մէջ, ուր ծնունդ առած է մաթրիոշքան։

Այդ համակարգին մէջ իշխանութիւնը տարիներ շարունակ կը վերարտադրուի՝ գրեթէ անփոփոխ ձեւով։ Արտաքին շերտերը երբեմն կը փոխուին՝ անուններ, դերեր, ժամկէտներ, բայց ներքին կառուցուածքը կը մնայ… անյողդողդ (շատոնց չէի գործածած այս բառը)։ Իւրաքանչիւր «նոր» փուլ կը ներկայացուի որպէս փոփոխութիւն, սակայն շատ արագ կը բացայայտուի որպէս շարունակութիւնը իր նախորդին։

Իշխանութիւնը կը ծալլուի ինքն իր մէջ եւ կը բացուի միայն ինքզինք կրկնելու համար։ Կը ստեղծուի շարժման տպաւորութիւն, բայց հեռու իրական տեղաշարժէն։

Այս իմաստով, մաթրիոշքան այլեւս միայն խաղալիք կամ մշակութային խորհրդանիշ չէ։ Ան կը վերածուի քաղաքական տրամաբանութեան, ուր փոփոխութիւնը ձեւական է, իսկ շարունակականութիւնը՝ վերահսկուած։

Բայց ի՞նչ կը պատահի, երբ այս շղթան կտրի։

Երբ կը շարունակենք շերտերը բանալ, այն յոյսով, որ ի վերջոյ տարբերութեան մը պիտի հասնինք, կը հանդիպինք միայն աւելի փոքր, աւելի խտացած, բայց միշտ նոյն տարբերակին։

Թերեւս խնդիրը շերտերուն մէջ չէ։

Թերեւս խնդիրը այն է, թէ ո՞վ կերտած է այդ շերտերը։

Եւ աւելի էականը. արդեօք կարելի՞ է դուրս ելլել այն կառուցուածքէն, որ ստեղծուած է ոչ թէ փոխուելու, այլ յաւերժ կրկնուելու նպատակով։

Անի Թորանեան

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ