
Ամէն տարի, Ապրիլի 24-ին, հայ ժողովուրդին մէջ ժամանակ առ ժամանակ կը վերակենդանանայ գաղափար մը, որ առաջին հայեացքով կը թուի բնական ու արդար. եթէ ցեղասպանութիւնը ճանչցուի, իսկ անիկա պիտի՛ ճանչցուի, ապա անոր արդիւնքներէն մէկը պէտք է ըլլայ պատմական հողերու վերադարձը (խօսքը ուիլսընեան Հայաստանի մասին է): Այս տրամաբանութիւնը յուզական ու մարդկային առումով հասկնալի է, բայց եթէ փորձենք այդ հարցին նայիլ չոր ու հաշուենկատ մօտեցումով, ապա կը հասկնանք, թէ ինչո՛ւ անհնար է անիկա: Ոչ, ո՜չ, մի շտապէք մեղադրելու «դաւաճանութեամբ», «պարտուողականութեամբ» կամ նման այլ բաներով, բայց փորձեցէք իրօք, գոնէ մէկ անգամ իրականութեան աչքերուն նայիլ: Իսկ խնդիրը այստեղ ոչ թէ ցանկութեան, բարոյականութեան կամ նոյնիսկ իրաւական հիմնաւորումներու բացակայութիւնն է, այլ՝ աշխարհաքաղաքական տրամաբանութիւնը: Կարճ ասած, ներկայիս աշխարհը թոյլ չի տար նման բան, նոյնիսկ եթէ թուրքերը իրենք ծնկաչոք խնդրեն հող վերադարձնել մեզի: Ըսենք նման բան տեղի չի ունենար: Ինչ որ է:
Ենթադրենք, թէ հրաշքով մը թուրքերը ընդունեցին Ցեղասպանութիւնը, այն ալ այնպէս ընդունեցին, որ որոշեցին հատուցել թէ՛ հողով, թէ՛ դրամով: Այս մէկը ոչ մէկ խնդիր կը լուծէ, որովհետեւ գոյութիւն ունի աշխարհակարգի տրամաբանութիւն մը. ոչ մէկ պետութիւն կը կառուցուի ինքնաքանդումի սկզբունքին վրայ:
Եկէք սկսինք ամենէն պարզ, բայց հայերուս կողմէ մշտապէս անտեսուող հանգամանքէն: Ժամանակակից պետութիւնները կը կառուցուին ոչ թէ պատմական արդարութեան ու բարոյականութեան, այլ ընդունուած կանոնակարգի ինքնութեան հիման վրայ: Այդ ինքնութիւնը կրնայ ըլլալ պատմական, մշակութային, քաղաքական, տարածքային, բայց անիկա միշտ ունի կարեւոր յատկութիւն մը. անիկա չի կրնար հիմնուիլ սեփական օրինականութեան ժխտումին վրայ: Այսինքն ոչ մէկ պետութիւն չի հիմնուիր ինքն իր գոյութիւնը դատապարտելով:
Թուրքիոյ պարագային ասիկա աւելի ակնյայտ է: Եթէ որեւէ պահու թրքական պետութիւնն ու հասարակութիւնը լիովին ընդունին, որ իրենց հանրապետութեան կազմաւորումը ուղեկցուած է զանգուածային ջարդով եւ տեղահանութեամբ, եւ տակաւին՝ եթէ այդ մէկը կապուի տարածքային պարտաւորութիւններու, ապա անիկա պիտի չմնայ որպէս պարզ պատմական ընդունում, այլ պիտի վերածուի պետական ինքնութեան ճգնաժամի: Այդպիսի քայլ մը կը նշանակէ, որ թուրքերը կ’ընդունին, որ իրենց պետութեան այժմու սահմաններն ու գոյութիւնը մասամբ հիմնուած են անօրինականութեան վրայ: Որեւէ մէկը անոր կը հաւատա՞յ: Մենք կրնանք թուրքերը ատել, բայց զանոնք ճանչնալ՝ պարտաւոր ենք. ոչ թէ օսմանեան կիսաքանդուած գաղութային յետամնաց կայսրութիւնը, ուր ընդամէնը 10-15 մլն թուրք կ’ապրէր, այլ 90-միլիոննոց, Նաթօ-ի մեծագոյն բանակներէն մէկը ունեցող, ափրիկեան երկիրներու ռազմավարական-տնտեսական գործընկեր Թուրքիան:
Պատմութեան մէջ նման օրինակներ գրեթէ չկան, եւ պատճառը յստակ է․ ոչ մէկ պետութիւն կամաւոր կերպով ինքնաոչնչացման գործընթացի մէջ կը մտնէ։ Եւ սա շատ աւելի լուրջ պատճառ է, քան տարածքն ու դրամը։ Ոչ մէկ հասարակութիւն կը համակերպի այն գաղափարին, թէ իր պետական ինքնութիւնը ծնունդ առած է մարդկութեան դէմ գործուած յանցագործութեան վրայ։ Իսկ թրքական ազգային գիտակցութեան զարթօնքը քեմալական Թուրքիան էր, որ հիմնուեցաւ 1923-ին: Օսմանեան կայսրութիւնը ազգային պետութիւն չէր․ ան կը պատկանէր բոլորին՝ հայերուն, յոյներուն, քիւրտերուն, հրեաներուն, թուրքերուն, լազերուն եւ այլոց։ Պարզապէս հիմնադրողն ու կառավարողները օսմանցիներն էին: Իսկ արդէն 1923-ին, անիկա արդէն ազգային հանրապետութիւն դարձաւ, ոչ թէ ընդհանուր կայսրութիւն, այլ թրքական պետութիւն՝ թուրք ժողովուրդին համար, կը հասկնա՞ք: Ոչ թէ յանուն իսլամի, ոչ թէ յանուն Թուրանի, այլ յանուն Թուրքիոյ: Մենք տակաւին ամբողջովին չենք ըմբռնած այս իրողութիւնը։ Եւ այս Թուրքիան իր ազգային գիտակցութիւնը չ’ենթարկեր հայկական պահանջներուն։
Բայց, եթէ նոյնիսկ ենթադրենք, որ հրաշքով մը տուեալ պետութիւնը պատրաստ է նման քայլի, կը յառաջանայ երկրորդ, աւելի լայն խնդիր մը՝ միջազգային համակարգին արձագանգը: Այսօրուայ աշխարհակարգը կառուցուած է սահմաններու յարաբերական կայունութեան վրայ: Անիկա կատարեալ չէ, յաճախ նոյնիսկ անարդար է (Արցախը վկայ), բայց կ’ապահովէ բան մը՝ կանխատեսելիութիւն, եւ այս կանխատեսելիութիւնն է, որ թոյլ կու տայ խուսափելու համատարած քաոսէ: Եթէ նախադէպ ստեղծուի, ըստ որուն պատմական արդարութեան հիմքով կարելի է սահմանները վերատեսութեան ենթարկել, ապա այդ մէկը անմիջապէս տասնեակ, եթէ ոչ հարիւրաւոր նմանատիպ պահանջներու դուռ կը բանայ: Եւրոպայի, Ափրիկէի, Միջին Արեւելքի եւ Ասիոյ մէջ կան բազմաթիւ պատմական հակասութիւններ, որոնք պարզապէս «սառեցուած» են: Անոնց մեծ մասը չէ լուծուած, այլ միայն յետաձգուած է: Չէ մոռցուած, այնպէս, ինչպէս մենք չենք մոռցած Ցեղասպանութիւնը: Այդ պատճառով է, որ մեծ պետութիւնները չեն ձգտիր նման մեքանիզմներու գործադրութեան: Անոնք կրնան ճանչնալ, դատապարտել եւ նոյնիսկ խրախուսել պատմական արդարութեան շուրջ քննարկումները, սակայն այն պահէն, երբ խնդիրը կը մօտենայ տարածքային հետեւանքներու, կը սկսի գործել կոշտ սահմանափակումներու տրամաբանութիւնը։ Որովհետեւ, եթէ Թուրքիան տայ, ուրիշներն ալ պիտի ստիպուին տալու։ Եւ այս աշխարհը, սիրելի՛ հայեր, կառուցուած է անարդարութեան վրայ։ Արդարութիւնը յաճախ յարաբերական է՝ իւրաքանչիւր դարաշրջանի տարբեր բարոյական չափանիշներէն ծնունդ առած։
Իսկ ի՞նչ կարելի է սպասել ուժերու ներկայ հաւասարակշռութեան եւ միջազգային կարգի պայմաններուն մէջ:
Հատուցում՝ առանց սահմաններու փոփոխութեան
Այսինքն, նոյնիսկ եթէ թուրքերը օր մը ճանչնան Ցեղասպանութիւնը, անիկա մեծ մասամբ բարոյական մօտեցումով պիտի ըլլայ։ Ասիկա կրնայ ներառել՝ պատմական ճանաչում եւ դատապարտում, մշակութային ժառանգութեան վերականգնում, հնարաւոր նիւթական կամ այլ հատուցումներ, քաղաքական եւ բարոյական պատասխանատուութեան ընդունում (մասնակի կամ ձեւական)։ Բայց՝ ոչ աւելին։ Այս մոտելը «աւելի ապահով» կը նկատուի միջազգային համակարգին համար, որովհետեւ շղթայական հետեւանքներ չի ստեղծեր։ Չի պարտադրեր։ Սակայն կարեւոր է հասկնալ, որ այս մոտելը սահմանափակ է Նոյնինքն այդ պատճառով։ Ան չի լուծեր պատմական արդարութեան ամբողջ հարցը, այլ միայն կը փորձէ կառավարելի դարձնել անոր հետեւանքները։ Կարճ ասած, թուրքերը ցեղասպանութիւնը կը ճանչնան այն ժամանակ, երբ այդ մէկը ոչ մէկ շօշափելի օգուտ կը բերէ հայերուն, եւ ոչ ալ իրական վնաս կը պատճառէ թուրքերուն։ Կոպիտ ասած․ «կը ներէք, բան է, պատահեր է, անցած ըլլայ»: Սինի՞զմ է: Այո՛: Հնարաւո՞ր է, այո՛:
Իրականութեան եւ սպասումներու բախումը
Վտանգաւոր շփոթ մը կ’ապրինք ցանկալիին եւ հնարաւորին միջեւ ու զիրար կը մեղադրենք եւ իրարու կը հայհոյենք այդ մէկուն համար։ Ցանկալին կրնայ ըլլալ ամբողջական արդարութեան վերականգնումը, բայց հնարաւորը այսօր սահմանափակուած է ուժային հաւասարակշռութիւններով եւ համակարգային իրողութիւններով։ Սակայն այս մէկը չի նշանակեր հրաժարիլ պատմական յիշողութենէն կամ պահանջներէն։ Բայց կը նշանակէ, որ անոնք պէտք է ձեւակերպուին այնպիսի լեզուով եւ այնպիսի նպատակներով, որոնք համադրելի են իրական աշխարհին հետ, եւ քանի դեռ բեռ չեն դարձած Նոյնինքն մեզի համար: Հակառակ պարագային, կը ստեղծուի փակ շրջանակ մը․ բարձր ակնկալութիւններ, անհասանելի օրակարգ, եւ ի վերջոյ՝ յուսախաբութիւն ու անվստահութիւն՝ ոչ միայն արտաքին աշխարհին, այլ նաեւ մեր իսկ քաղաքական կարողութիւններուն նկատմամբ։ Եւ Թուրքիան պիտի ընէ ամէն ինչ, որ մենք հրաժարինք այդ բոլորէն։ Արդեօք Արցախը մեզի համար դաս մը չեղա՞ւ։
Յ․Գ․ Մոռցէք հրէական ողջակիզումը։ Անիկա տեղի ունեցաւ բոլորովին այլ աշխարհակարգի մէջ, եւ ճանչցուեցաւ, որովհետեւ այդ մէկը անհրաժեշտ էր ժամանակի մեծերուն։
Եւ ի՞նչ․․․
Արայիկ Մկրտումեան







Մեկնաբանէ