
Ինչո՞ւ չկարողացանք իրականացնել պետութեան իսկական հասկացողութիւնը մեր Հայրենիքին մէջ։ Պետութիւն ըսելով, անշուշտ նկատի ունիմ, ո՛չ թէ պատեր եւ սահմաններ, այլ՝ պետութեան ամբողջական հասկացողութիւնը, որպէս հաւաքական դաշինք, մտայնութիւն եւ կողմնացոյց։
Իմ համեստ կարծիքով հետեւեալին մէջ կը կայանայ ախտաճանաչումը: Մենք չկրցանք պետութեան հասկացողութիւն իրականացնել, քանի մենք վերէն սկսանք։ Հիմնարկներ կառուցեցինք նախքան քաղաքացիներ կառուցելը։ Սահմանադրութիւն գրեցինք նախքան մարդոց եւ իշխանութեան միջեւ վստահութիւնը գրելը։ Պետութեան ձեւը վերականգնեցինք առանց հոգիի: Շրջանակ մը կազմեցինք, առանց՝ բովանդակութեան։ Պետութեան պաշտօնական անուն մը ունեցանք, առանց՝ մարդուն մօտ ամէնօրեայ զգացողութեան։ Արդիւնքով ստացանք երկիր մը ուր իշխանութիւն-քաղաքացի դաշինքը յաճախ բացակայ էր։
Պետութիւնը միայն հնազանդութեան վրայ չի հիմնուիր։ Պետութիւնը կը հիմնուի, երբ մարդիկ իրենք զգան, որ իրենք բաժնեկից են պետականակառուցման։ Աւելի քան երեք տասնամեակ շարունակ մենք՝ որպէս քաղաքացիներ բաժնեկից չէինք ու չենք, այլ ստացողներ, կառավարուողներ կամ պարզապէս պաշտօնական ելոյթներու թիրախներ։ Հաւաքական դաշինքի բացակայութեան պատճառաւ իշխանութիւնը մեկուսացած ապրեցաւ մարդոցմէ։ Քաղաքացին պետութիւնը հեռու բան մը տեսաւ, ոչ թէ իր տունը։ Մենք շփոթեցինք պետութիւն հասկացողութիւնը համակարգին հետ։ Պետութիւնը ստեղծեցինք կարծես անձ մը ըլլար, որ կը տխրի, կը գոհանայ եւ կը փոխուի։ Այնպէս ալ չհասկցանք, որ պետութիւնը աւելի խորքային հասկացողութիւն է քան որեւէ կառավարութիւն կամ իշխանութիւն եւ աւելի ընդարձակ քան որեւէ քաղաքական փուլ։
Պետութիւնը պէտք է հաստատ մնայ, իսկ համակարգը փոխուի։ Բայց մեր մօտ ամէն քաղաքական փոփոխութիւն երկրաշարժի կը վերածուի։ Եւ կարծես հիմնարկութիւն գոյութիւն չունի երկիրը պաշտպանելու համար որեւէ հնարաւոր տատանումէ։
Տնտեսութիւնը երկրի մը կայացումին հիմնաքարն է: Պետութիւն մը չի մեծնար առանց հզօր տնտեսութեան։ Մինչ տնտեսութիւնը չի զարգանար առանց օրինական ապահովութեան։ Իսկ օրինական ապահովութեան կարելի չէ հասնիլ, եթէ օրէնքը բոլորէն վեր չէ եւ չունի մէկ ու միակ եւ յստակ չափանիշ։
Արդեն 35 երկար տարիներ ապրեցանք ու տակաւին կ՛ապրինք ժամանակաշրջան մը, որուն մէջ բացառութիւնը կանոն էր։ Ահա այս իրավիճակն է, որ սպաննեց պետութեան գաղափարը որպէս արդարութեան համակարգ։
Մեր ամէնամեծ ճգնաժամը միշտ եղած է պետութեան ինքնութեան հարցը։ Այնպէս ալ համաձայնութեան չեկանք, որ արդեօք Հայաստանը քաղաքացիակա՞ն պետութիւն է, տոհմակա՞ն պետութիւն, դաւանակա՞ն պետութիւն, մէկ կուսակցութեա՞ն պետութիւն է, թէ առաքելութեան պետութիւն։
Իւրաքանչիւր կողմ փորձեց բան մը ըլլալ, մինչ ինքն ալ չէր գիտեր, թէ ի՛նչ պէտք է ըլլայ։ Առանց պարզ ու յստակ կողմնացոյցի պետութիւնը դարձաւ հիմնարկներու խումբ մը, որոնք ճիշտ է, թէ կ՛աշխատէին կամ կ’աշխատին, սակայն չեն ներկայացներ քաղաքակրթական նախագիծ մըն է։
Իրերայաջորդ իշխանութիւններուն, քաղաքացիին ազատութենէն վախ ունենալու վիճակը աւելցուց աղէտը։ Անոնք այնպէս ալ չհասկցան, որ արդի պետութիւնը քաղաքացին կողմէ հարցեր բարձրաձայնելու իրաւունքի վրայ հիմնուած է։ Հարցաքննելու իրաւունքի վրայ։ Մենք սակայն, որպէս հասարակութիւն եւ իշխանութիւններ, մեծ վախ ունինք հարցադրումներէ։ Վախ՝ քննադատութենէն։ Վախ՝ այլախոհ ձայնէն։ Իրականութեան մէջ սակայն հզօր պետութիւնը այն չէ, որ քննադատութենէ կը վախնայ։ Հզօր պետութիւնը անիկա է, որ կը լայնցնէ քննադատութեան տրամագիծը, որովհետեւ ինքնավստահ է։
Այս իրավիճակին իբրեւ արդիւնք՝ քաղաքական երեւակայութիւնը չքացաւ։ Մինչ իսկական Պետութիւնը խորքին մէջ երեւակայութեան նախագիծ է՝ հաւաքական գիտակցութեան նախագիծ։ Մենք զբաղեցանք ամէնօրեայ հրդեհները մարելով, մինչեւ որ երեւակայութիւնը ինքնին մարեցաւ։ Պետութիւնը շատերուն մօտ դարձաւ պարզապէս ծառայութիւն մատուցող մարմին մը, այլ ոչ թէ ապագայի գաղափար մը։
Մեր երկրին փրկութիւնը կը կայանայ իշխանութիւն քաղաքացի եւ միջ-քաղաքացի՝ հաւաքական դաշինքը կազմելուն մէջ, դառնալու համար իրազեկ քաղաքացի եւ խոհեմ պետութիւն։ Ունենալ բոլորին համար Մէկ օրէնք եւ բաց տնտեսութիւն։ Կազմաւորել եւ ունենալ ազգային այնպիսի ուժեղ ինքնութիւն մը, որ չամչնար բազմազանութենէն։ Պետութիւն մը, որ քաղաքացիին իրաւունքը կու տայ նախքան զայն պահանջելը, նոյն ժամանակ քաղաքացին վրայ պարտականութիւններ կը պարտադրէ առանց սպառնալիքի։
Այս ցանկալի կէտին հասնելէ ետք է միայն, որ մեր Հայրենիքը կրնանք հանգիստ խիղճով կոչել Պետութիւն եւ անոր մասին իրաւունքը եւ միաժամանակ հպարտութիւնը կրնանք ունենալ ըսելու, որ Հայրենիքը մերն է ու մենք՝ Հայրենիքինը:
Առողջութիւն մեր Ազգին։
Սեւակ Յակոբեաբ







Մեկնաբանէ