Այսօրուան աշխարհի չափանիշները դժբախտաբար փոխուած են: Մնայուն թշնամիներ եւ մնայուն բարեկամներ չկան:

Շահերու վրայ հիմնուած մեծապետական քաղաքականութիւնները օրէ օր աւելի ցայտուն կը դառնան:

Միացեալ Նահանգներն ու Իրանը առաջին դիրքի վրայ են: Արաբական երկիրներն ու Իսրայէլը` երկրորդ: Լիբանանին հաշիւ ընող չկայ, ո՛չ այս, ո՛չ ալ միւս կողմի հաշիւներուն մէջ է:

Այսօրուան աշխարհի չափանիշները կապ ունին ո՛չ բարոյականին հետ, ո՛չ պատմականին, եւ ոչ ալ իրաւունքի:

Երբ եկամուտի աղբիւր ունիս կամ զինուորապէս զօրաւոր ես, ուրեմն խաղին մասնակից կը դառնաս: Եթէ ոչ` պարզապէս թղթածրար մըն ես այս բոլոր տակնուվրայութեան մէջ, սովորաբար մոռացութեան մատնուող:

Տնտեսական եւ զինուորական հզօրութիւնը ամէն բանէ վեր կը դասուի:

Երբ տնտեսապէս զօրաւոր ես, բնականաբար նաեւ արհեստագիտութեամբ ալ յառաջացած կ՛ըլլաս:

Երկրի մը աշխարհագրական դիրքը, բարոյականը, անցեալը եւ ժողովուրդը` իբրեւ մարդկութիւն, երբեք արժէք չեն ներկայացներ այսօր:

Մեր կեանքին մէջ ալ այդպէս է դժբախտաբար: Ամէն բան մակերեսային արժէքներով գնահատուած է: Սկզբունքները վերցուած են: Մնայուն թշնամիներ չկար, ինչպէս նաեւ` մնայուն բարեկամներ: Ամէն բան փոփոխական է: Կ՛ընենք այն, ինչ որ կը թելադրեն օրուան շահերը:

Վերջաւորութեան բոլորն ալ ճկունութեան եւ մանաւանդ հանդուրժողութեան խորագիրին տակ ճարպիկութիւն կը խաղան:

Մեծ պետութիւններուն արտօնուած է ամէն բան: Միջազգային կազմակերպութիւնները վարկաբեկուած են: Աւանդական արժէքներ ներկայացնող կառոյցները` ոտնակոխուած:

Հինի եւ նորի լոզունգները ամէն առիթի եւ կացութիւններու մէջ կը գործածուին:

Մէկ խօսքով` նոր համակարգի բացուելու այս ճիգին իբրեւ արդիւնք փաստօրէն միահեծան ղեկավարութեան ձեւաւորում մը ունեցաւ աշխարհը:

Դժբախտաբար, ամէն բանի պէս, այս իրողութեան հանդէպ ալ լուռ դիտողներ են բոլորը անխտիր:

Դժբախտաբար այլեւս աշխարհը միաբեւեռ իշխանութեամբ քալելու ընթացքի մէջ է:

Բացի` ցնոր տնօրինում:

Յակոբ Լատոյեան

,,

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ