
Միջազգային քաղաքականութիւնը, հակառակ իրապաշտ քաղաքական մտածողութեան, կառավարուած չէ միմիայն դիւանագիտական ճնշումներով, տնտեսական շահերով եւ ռազմական հաւասարակշռութիւններով, այլ նաեւ՝ մշակութային կամ ընկերային ընկալումներով: Բոլոր կառավարութիւնները, ուշ կամ կանուխ, պիտի ենթարկուին ընտրական իրենց զանգուածներու կարծիքին կամ ջանան փոխել այդ կարծիքը: Թուրքիան, տարբեր չէ եւ չի կրնար ըլլալ, որովհետեւ նման փոփոխութիւններ մարդկային բնազդին հետ կապ ունին:
2002-ին, իշխանութեան հասած Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութիւնը եւ վարչապետ ընտրուած Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը աշխատանք տարին Թուրքիան վերածելու շրջանային հիմնական ուժի մը: Այս իմաստով, Թուրքիոյ ժողովուրդին մօտ իշխող խմբակը պէտք է զարգացնէր անկախ, ազատ եւ գերիշխան ըլլալու զգացումը, ինչպէս նաեւ ինքնուրոյն որոշումներ կայացնելու, շատ անգամ չեզոք ներկայանելու եւ հակամարտութիւններու մէջ միջնորդի դերը խաղալու միտքը:
2006 թուականին, «Փիու» հետազօտական կազմակերպութեան համաձայն՝ Թուրքիոյ ժողովուրդին ընկալումը Եւրոպական Միութեան հանդէպ 30 առ հարիւր էր, Միացեալ Նահանգներուն հանդէպ 10, Չինաստանի հանդէպ 35 եւ Ռուսիոյ հանդէպ 17:
2024-ին այդ պատկերը ամբողջութեամբ փոխուած էր: Եւրոպական Միութեան հանդէպ Թուրքիոյ ժողովուրդին ընկալումը բարձրացած էր 46 առ հարիւրի, Միացեալ Նահանգներուն հանդէպ բարձրացած էր 18-ի, Չինաստանի հանդէպ նուազած էր 26-ի եւ Ռուսիոյ հանդէպ բարձրացած էր 30-ի:
Այս բոլորը ունին իրենց բացատրութիւնները եւ վերլուծումները: 2014-ին, Էրտողանի նախագահութեան սկիզբը այս բոլոր պատկերները տարբեր էին եւ Թուրքիոյ ժողովուրդը գրեթէ հաւասարապէս դժգոհ էր բոլոր այդ պետութիւններէն:
Եւրոպական Միութիւն
2006-ին, թուրք հասարակութեան մօտ Եւրոպական Միութեան 30 առ հարիւրով դրական ընկալումը յաւելեալ կերպով նուազեցաւ 2014-ին՝ արձանագրելով 25 առ հարիւր: Սակայն, 2024-ին կը տեսնենք, որ այդ պատկերը բարձրացած է 46 առ հարիւրի: Այս մէկը ունի որոշ, հաւանաբար տնտեսական դրդապատճառներ: Առաջին հերթին, Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութեան առաջին տասնամեակը տնտեսական ծաղկումի շրջան էր եւ թրքական ամբողջ տնտեսութիւնը փոփոխութեան ենթարկուեցաւ, դառնալով արդիւնաբեր եւ ուժեղ:
2002-ին, Թուրքիոյ իւրաքանչիւր անհատի համախառն ներքին արդիւնքին պատկերը 3,500 ամերիկեան տոլար էր: 2014-ին այդ պատկերը բարձրացած էր 12,000 ամերիկեան տոլարի: 2020-ին, Քորոնա Ժահրի եւ թրքական լիրայի անկումին արդիւնքով այդ պատկերը նուազած էր 8,600 ամերիկեան տոլարի: Տնտեսագէտներու համաձայն՝ 2026-ին, այդ պատկերը հաւանական է բարձրանայ՝ հասնելով 19,000 ամերիկեան տոլարի: Սակայն, 2026-ի տնտեսական իրականութեան մէջ 19,000 ամերիկեան տոլարը նոյն արժէքը չունի որքան 12,000 ամերիկեան տոլարը ունէր 2014-ին: Այսինքն, կրնանք հասնիլ հաւանական եզրակացութեան մը, որ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան եւ ընդհանրապէս կառոյցին հանդէպ թուրք ժողովուրդին ընկալումը հիմնուած է տնտեսական առիթներու վրայ: Ընկերային ապահովութեան տարիներուն, թուրք հասարակութիւնը որեւէ կազմակերպութեան մը անդամակցելու անհրաժեշտութիւնը հաւանաբար չտեսաւ:
2005-ին Եւրոպական Միութեան Թուրքիոյ անդամակցութեան կողմ արտայայտուած էր թուրք հասարակութեան 68 առ հարիւրը, մինչ 27 առ հարիւրը դէմ: 2017-ին, 40 առ հարիւրը միայն կողմ արտայայտուած էր, իսկ 51 առ հարիւրը դէմ: 2024-ին 56 առ հարիւրը կողմ արտայայտուած էր, իսկ 36 առ հարիւրը՝ դէմ: Այսինքն, թուրք հասարակութիւնը Եւրոպական Միութիւնը կ՛ընկալէ իբրեւ տնտեսական կառոյց ու ոչ աւելին:
Միացեալ Նահանգներ, Ռուսիա եւ Չինաստան
Ուաշինկթընի, Մոսկուայի եւ Պէյճինկի հանդէպ թուրք հասարակութեան ընկալումը աւելի քաղաքական, ռազմաքաղական եւ աշխարհաքաղաքական է:
Օրինակի համար, ՆԱԹՕ-ի մէջ իրենց դաշինքով պայմանաւորուած եւ բարեկամական յարաբերութիւններէն մեկնած, 2002-2015 թուականներուն Միացեալ Նահանգներու ընկալումը թուրք հասարակութեան մօտ մնաց ընդհանրապէս կայուն, արձանագրելով մանր ելեւէջներ: Սակայն, 2016-ին յանկարծ 30 առ հարիւրէն նուազեցաւ 18-ի: Պատճառը հաւանաբար այն է, որ Ուաշինկթըն դերակատար նկատուեցաւ 2016-ին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած ձախող յեղաշրջման փորձին մէջ: 18 առ հարիւր պատկերը մնաց կայուն մինչեւ 2026 երբ պատկերը դարձեալ նուազեցաւ հասնելով 9.2 առ հարիւրի՝ պայմանաւորուած Իրանի պատերազմին հետեւանքով թուրք հասարակութեան մօտ դժգոհութեան լայն հոսանքներով:
Ռուսիոյ պարագային, 2006-ին արձանագրուած 17 առ հարիւր պատկերը տեւականօրէն շարունակեց բարելաւուիլ՝ 2018-ին հասնելով 40-ի, ու ապա դարձեալ նուազելով մինչեւ 30 առ հարիւր: Առաջին հերթին, տարիներու ընթացքին նուազեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հանդէպ թուրք հասարակութեան վստահութիւնը: Երկրորդ՝ Ուքրայինայի դէմ Ռուսիոյ շղթայազերծած պատերազմը եւս դժգոհութիւն յառաջացուց, որովհետեւ Ուքրայինան Թուրքիոյ լաւ դաշնակիցն է, ինչպէս նաեւ պէտք չէ մոռնալ, որ Ուքրայինայի եւ յատկապէս Խրիմի մէջ կը բնակին թաթարներ:
Չինաստանի պարագային հարցը աւելի բարդ է: 2006-ի 35 առ հարիւր պատկերը շարունակեց նուազիլ 2024-ին հասնելով 26-ի եւ կայուն մնալով այնտեղ: Այս պարագան հետաքրքրական է, որովհետեւ Պէյճինկ Թուրքիոյ համար վտանգ մը չի ներկայացնէր ռազմական իմաստով, որովհետեւ աշխարհագրական հեռաւորութիւնը մեծ է եւ շրջանին մէջ ռազմական ներկայութիւնը սահմանափակ: Սակայն, այս պատկերին մասին պէտք է մտածել հոգեբանական իմաստով: Թուրք հասարակութեան համար Միացեալ Նահանգները եւ Ռուսիան ճանչցուած ուժեր են, սակայն Չինաստանը անծանօթ: Միւս կողմէ, Չինաստանը Թուրքիոյ նման կը ձգտի շրջանային իր կարողականութիւնը բարձրացնել հասցնելու միջազգային մակարդակի եւ իրականութեան մէջ Պէյճինկ այդ մէկը իրագործելու աւելի առիթ ունի քան Անգարան: Միւս կողմէ, Չինաստանի մէջ կրօնքով Իսլամ եւ ցեղային իմաստով թուրք նկատուող Ույկուրներու հալածանքը եւ ճնշումները բնականաբար պիտի վրդովեցնեն ազգայնական թուրքերը:
Եզրակացնելու համար, Թուրքիան միջազգային ընտանիքին մաս կը կազմէ եւ իբրեւ այդպիսին ենթակայ է տեղի ունեցած փոփոխութիւններուն ու անոնց ազդեցութիւններուն: Համաշխարհայնացումը իր կարգին ստեղծեց այնպիսի միջավայր, ուր բոլոր պետութիւնները զիրար հետ պէտք է յարաբերին, գործակցին եւ մրցին: Թուրք հասարակութիւնը եւս անտեղեակ չէ այս բոլորէն եւ իր կարգին սահմանափակ ձեւով կամ ոչ, պետական քարոզչութենէն ազդուած կամ ոչ, ունի իր կարծիքը, մօտեցումները եւ ընկալումները: Հետեւաբար, պէտք է նայիլ այս պատկերներուն եւ զանոնք հասկնալ, որպէսզի կարենանք ենթադրել ոչ այսօրուան, այլեւ՝ 30 տարի ետք թրքական իշխանութեան մը դիւանագիտութիւնը:
Գէորգ Եագուպեան







Մեկնաբանէ