-
Շարունակէ Կարդալ →: Թիւերէն Անդին՝ Տուեալները (data) Որպէս Ռազմավարական Անհրաժեշտութիւն Սփիւռքահայութեան Համար
Սփիւռքահայ իրականութեան մէջ մենք յաճախ կը խօսինք «համայնք», «ազգային ինքնութիւն», «գոյատեւում» եւ «ապագայ» եզրերուն մասին։ Կը կազմակերպենք ժողովներ, համագումարներ եւ քննարկումներ, կը խօսինք ռազմավարութիւններու մասին եւ յայտարարութիւններ կը կատարենք։ Սակայն հազուադէպօրէն հարց կու տանք․ արդեօք մենք իսկապէս կը ճանչնա՞նք մեր համայնքները։ Մօտաւորապէս քանի՞ հայ կ’ապրին այսօր Լիբանանի, Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու, Արժանթինի կամ Աւստրալիոյ մէջ։ Ի՞նչ…
-
Շարունակէ Կարդալ →: Ժողովրդավարութիւնը Եւ Մանդատները Վերցնելու Թէ Վար Դնելու (ընդդիմութեան) Տիլեման
Անկախութենէն ի վեր, Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութիւնը գրեթէ նոյնացաւ իշխանութեան վրայ գտնուող, այսինքն՝ պետական մեքենային վրայ ամբողջական վերահսկողութիւն հաստատած եւ, հետեւաբար, վարչական լծակներու անկաշկանդ շահագործման կարողութիւն ունեցող քաղաքական ուժի վերարտադրման օրինականացումը արձանագրող ընտրական գործընթացին հետ: Փաստօրէն, միայն երկու առիթով իշխանութեան վրայ գտնուող ուժի շարունակականութիւնը բացառուած է. մէկը 1998-ին, պալատական յեղաշրջման ճամբով, միւսն ալ քսան տարի յետոյ…
-
Շարունակէ Կարդալ →: Իրապաշտ Ըլլալու Կարեւորութիւնը
Ազգերու եւ անհատներու կեանքին մէջ երազանքը, իտէալները եւ բարձր տեսլականները կարեւոր դեր ունին։ Առանց երազանքի դժուար է ապագայ կերտել, իսկ առանց իտէալներու՝ դժուար է պայքարիլ արդարութեան եւ յառաջդիմութեան համար։ Սակայն, երբ երազանքը կը հեռանայ իրականութենէն եւ կը վերածուի կոյր ռոմաթիզմի (վիպապաշտութեան), ան կրնայ դառնալ վտանգաւոր։ Այս պատճառով է, որ իրապաշտութիւնը անհրաժեշտ յատկութիւն է թէ՛ անհատին…
-
Շարունակէ Կարդալ →: Սփիւռքը` Երէկ Եւ Այսօր Գոյատեւումէն Դէպի Ռազմավարական Ուժ
Հայկական սփիւռքը դար մը շարունակ եղած է մեր ազգային կեանքին ամէնէն կարեւոր իրականութիւններէն մէկը: Ան ծնաւ մեծ ողբերգութենէ մը` Հայոց ցեղասպանութենէն, բայց ժամանակի ընթացքին վերածուեցաւ կազմակերպուած, կենսունակ եւ համաշխարհային ներկայութիւն ունեցող իրականութեան: Սակայն 1991-ին Հայաստանի անկախութիւնը ոչ միայն նոր էջ բացաւ հայրենիքին համար, այլ նաեւ արմատապէս փոխեց սփիւռքին դերը: Այսօր այլեւս չենք կրնար խօսիլ սփիւռքի…
-
Շարունակէ Կարդալ →: Արդեօք Օր Մը Վերջ Պիտի Գտնէ՞․․․
Վերջերս կարդացած յօդուածներուս մեծամասնութիւնը նուիրուած էր աշխարհի ներկայ խառնաշփոթ իրավիճակին։ Անշուշտ պէտք չէ մոռնալ նաեւ Լիբանանը, որ առանձնայատուկ կերպով ներգրաւուած էր այդ ընդհանուր հոլովոյթին մէջ։ Լիբանանը եւ պատերազմը աւելի քան սերտ բարեկամներ դարձած են․ անոնք յիսունմէկ տարիէ գրեթէ անբաժան են եւ միայն կարճ ընդմիջումներով հեռացած։ Երկուքն ալ չեն կրցած առանձին գոյատեւել եւ աւելի ամուր եւ…
-
Շարունակէ Կարդալ →: Անարդարութեան Վրայ Կառուցուած Աշխարհը Եւ Մեր Սպասումները
Ամէն տարի, Ապրիլի 24-ին, հայ ժողովուրդին մէջ ժամանակ առ ժամանակ կը վերակենդանանայ գաղափար մը, որ առաջին հայեացքով կը թուի բնական ու արդար. եթէ ցեղասպանութիւնը ճանչցուի, իսկ անիկա պիտի՛ ճանչցուի, ապա անոր արդիւնքներէն մէկը պէտք է ըլլայ պատմական հողերու վերադարձը (խօսքը ուիլսընեան Հայաստանի մասին է): Այս տրամաբանութիւնը յուզական ու մարդկային առումով հասկնալի է, բայց եթէ փորձենք…
-
Շարունակէ Կարդալ →: Ինչո՞ւ Տակաւին Չունինք Լիարժէք Պետութիւն և Ինչպէ՞ս Կ՛ունենանք Զայն
Ինչո՞ւ չկարողացանք իրականացնել պետութեան իսկական հասկացողութիւնը մեր Հայրենիքին մէջ։ Պետութիւն ըսելով, անշուշտ նկատի ունիմ, ո՛չ թէ պատեր եւ սահմաններ, այլ՝ պետութեան ամբողջական հասկացողութիւնը, որպէս հաւաքական դաշինք, մտայնութիւն եւ կողմնացոյց։ Իմ համեստ կարծիքով հետեւեալին մէջ կը կայանայ ախտաճանաչումը: Մենք չկրցանք պետութեան հասկացողութիւն իրականացնել, քանի մենք վերէն սկսանք։ Հիմնարկներ կառուցեցինք նախքան քաղաքացիներ կառուցելը։ Սահմանադրութիւն գրեցինք նախքան մարդոց…
-
Շարունակէ Կարդալ →: Համազգային Պատասխանատուութեան Հրամայականը․ Սփիւռքը Իրաւունք Ունի՞ Ակնկալիքներ Ունենալու
Հայկական քաղաքական միտքը այսօր կանգնած է հիմնարար հարցումի մը դիմաց, որ այլեւս չի կրնար յետաձգուիլ կամ շրջանցուիլ՝ արդեօ՞ք տրամաբանական եւ արդարացի է, որ հայկական սփիւռքը ակնկալէ, թէ Հայաստանի մէջ 2026-ի Յունիսին կայանալիք ընտրութիւններուն մասնակցող քաղաքական ուժերը իրենց ծրագիրներուն մէջ՝ հայաստանեան հարցերու կողքին, յստակ, համակարգուած եւ բովանդակային կերպով անդրադառնան նաեւ համազգային նշանակութիւն ունեցող առանցքային հարցերուն։ Այս…
-
Շարունակէ Կարդալ →: Արեւմտահայերէնը Հիմք՝ Ազգային Միասնութեան, Սփիւռքի Զարգացման, Եւ Հայ Դատի Գոյատեւման
Արեւմտահայերէնը հիմք է ոչ միայն մեր լեզուական ինքնութեան, այլեւ՝ մեր հաւաքական յիշողութեան, մեր պատմական արդարութեան պահանջին՝ Հայ Դատին, եւ ընդհանրապէս հայութեան գոյատեւման։ Արեւմտահայերէնը բառերու պարզ շարան մը չէ, ոչ ալ անցեալի փոշոտ էջերու մէջ փակուած հնութիւն մը։ Արեւմտահայերէնը կենդանի գոյութիւն է՝ շունչով, յիշողութեամբ եւ պայքարով լեցուն։ Այս լեզուն ծնած է մեր մեծ մայրերուն շուրթերուն վրայ՝…
-
Շարունակէ Կարդալ →: Սփիւռքի Մասին Մտորումներ
Սփիւռքը իբրեւ քաղաքական հաւաքականութիւն ճանչնալու եւ հայրենիքին հետ կապուած անոր զարգացման հարցը քննելու նախադրեալ յօդուած մըն է այս գրութիւնը։ Անշուշտ, մասնագիտական երկար նիւթ է Սփիւռքը իբրեւ ոչ-պետական եւ անդրազգային հաւաքականութիւն քննարկելու եւ անոր քաղաքական, տնտեսական, մշակութային եւ զանազան մարզերու գոյութիւնը մեկնաբանելու եւ արժեւորելու գործը։ Այս գործին մէջ Խաչիկ Թէօլէօլեան եղած է ռահվիրան եւ Սփիւռքի մասին…






