Այն տեսութիւնը, թէ իրապաշտները զուրկ են զգացմունքներէ` տարածուած թիւրիմացութիւն մըն է։ Իրապաշտները բնաւ չեն արհամարհեր կամ մէկ կողմ չեն դներ զգացումները, ընդհակառակը՝ մեծապէս կը յարգեն զանոնք։
Իրականութեան մէջ, տրամաբանողներն են, որոնք յաճախ կը մերժեն զգացական աշխարհը` փորձելով ամբողջութեամբ հեռու մնալ անկէ։ Այս իմաստով, տրամաբանողները կապ չունին իրապաշտներուն հետ։ Կան բազմաթիւ երեւոյթներ, որոնք տեսականօրէն ամբողջովին տրամաբանական են, սակայն գործնականին մէջ` բնաւ իրապաշտական չեն։
Իրապաշտին տաղանդը կը կայանայ տրամաբանութիւնն ու զգացմունքը ճիշդ համեմատութեամբ իրար խառնելու եւ տուեալ իրավիճակին յարմարցնելու մէջ։ Ասիկա մարդկային ամենադժուար արուեստն է, որովհետեւ կը պահանջէ երկու տարբեր բեւեռներու նրբամիտ միահիւսում։
Եթէ աշխարհը առաջնորդուէր միայն տրամաբանութեամբ, մենք կ’ապրէինք մեքենական իրականութեան մը մէջ։ Բայց կեանքը միայն տրամաբանութիւն չէ։ Բանականութիւնը յաճախ չեղեալ կը յայտարարէ այնպիսի նուրբ իրողութիւններ, որոնք թէեւ չեն տեղաւորուիր բանաձեւերու մէջ, բայց կազմն ու հիւթն են մեր կեանքին։
Մարդկային փորձառութիւնը ունի երեք հիմնական գործիքակազմ`
Տրամաբանութիւնը` ան համակարգուած մտածելակերպ մըն է, որ անհրաժեշտ է յստակութիւն եւ կառուցուածք ստեղծելու համար։
Զգացականութիւնը` ան աշխարհը ընկալելու հոգեկան ազդակն է, որ մեզ կը պահէ մարդկային։
Իրապաշտութիւնը` ան իմաստութիւնն է` իւրաքանչիւր գործիք ճիշդ տեղին եւ ճիշդ ժամանակին գործածելու։
Ասոնք իրարմէ անջատել անհնար է։ Բոլորն ալ պէտք են՝ նայեած թէ ի՞նչ է մեր նպատակը, եւ որո՞նք են մեր շահերը։ Օրինակ՝ մարդ արարածը չի կրնար եւ պէտք չէ` իր սիրած էակին հետ խօսիլ միայն տրամաբանական հաշուարկներով, հոն պէտք է տիրէ զգացումը։
Նոյնպէս ալ գործարարութեան մէջ` չես կրնար առաջնորդուիլ զգացականութեամբ, քանի որ հոն գործ ունիս թիւերու եւ փաստերու հետ։ Սակայն, երբ հարցը կը վերաբերի կեանքի կարեւորագոյն որոշումներուն, մարդ պէտք է միախառնէ զգացումն ու տրամաբանութիւնը՝ լաւագոյն արդիւնքին հասնելու համար։
Ենթադրենք դուն հնարած ես կենսական դեղ մը, որ միայն դո՛ւն ունիս աշխարհի վրայ։ Մտածողութեան տարբեր ձեւերը այս հարցին կը մօտենան տարբեր ձեւերով։
Բացարձակ տրամաբանութիւնը կ’ըսէ` քանի որ մենաշնորհ ունիս եւ շուկան քու ձեռքդ է, տրամաբանական է պահանջել առաւելագոյն բարձր գինը՝ սեփական հարստութիւնդ բազմապատկելու համար։
Բացարձակ զգացականութիւնը կ’ըսէ` որպէս մարդասէր, խիղճդ կը հրամայէ դեղը ձրի կամ չնչին գինով բաժնել բոլորին, որպէսզի ոչ մէկ հիւանդ տառապի, իսկ նիւթական կորուստները երկրորդական կը դառնան։
Իրապաշտութիւնը կ’ըսէ` դուն ներդրում ըրած ես, պէտք է ապրիս եւ վարձատրուիս քու տաղանդիդ համար, ուստի դրամ վաստակիլը իրաւունքդ է։ Բայց միեւնոյն ատեն, պէտք է հաշուի առնես մարդոց տնտեսական վիճակն ու գնողականութիւնը։
Իրապաշտութիւնը այստեղ ցոյց կու տայ, որ եթէ գինը սահմանես ողջամիտ մակարդակի վրայ, աւելի մեծ թիւով մարդիկ կրնան գնել զայն։ Արդիւնքը կ’ըլլայ այն, որ դուն թէ՛ աւելի շատ մարդ կը փրկես` (զգացական շահ) եւ թէ՛ ընդհանուր հաշուարկով աւելի շատ դրամ կը վաստակիս` (տրամաբանական շահ)։
Ի վերջոյ, իրապաշտութիւնը լաւագոյնս կը ծառայէ քու երկարատեւ անձնական շահերուդ։
Այս բոլորէն ետք, վերջնական որոշումը միշտ կախեալ է անհատի հայեցողութենէն։ Մարդ արարածը ունի ազատ կամք եւ ընտրութեան իրաւունք։
Ո՞ր գաղափարախօսութիւնը կամ մտածողութեան դպրոցը քեզի համար հոգեհարազատ է, ո՞ր մէկուն մէջ կը զգաս քու ներքին խաղաղութիւնդ` հոն է, որ դուն կրնաս յառաջդիմել, ստեղծագործել եւ ինքնադրսեւորուիլ։
Այս է արդի ժամանակներու ազատականութիւնը եւ ընտրութեան իրաւունքը` գնա՛, ընտրէ՛ քու ուղիդ, ապրէ՛ հոն, ուր կը փափաքիս։ Ճիշտն ու բնականը, ըստ իս, ահա այս ազատութիւնն է։

Խորէն Փիլաւճեան

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ