-
Շարունակէ Կարդալ →: Հովին Խաղը
Ձմեռ է: Փետրուար ամիս: Քեսապի քաղցր առաւօտը ո՛ւր, քաղաքի առաւօտը ուր: Քեսապ, երբ առաւօտեան աչքդ կը բանաս ու գարնան թէ ամրան պատուհանէն դուրս կը նայիս, երկնքի գեղեցիկ կապոյտը կը վայելես: Արեւուն ջերմացնող շողերը մեղմիկ-մեղմիկ դէմքդ կը շոյեն, եթէ շուտով գոհունակութեան ժպիտովդ պատասխան չտաս անոնց, զօրաւոր տաքութեան ու լոյսի կը վերածուին ու աչքերդ կը կծկեն: Հետզհետէ…
-
Շարունակէ Կարդալ →: Փետրուարեան Ապստամբութիւնը. Ազատութեան, Պետական Արժանապատուութեան Եւ Հոգեւոր Ինքնութեան Համազգային Շարժում
Փետրուարեան ապստամբութեան 105-ամեակ: Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ Փետրուարեան ապստամբութիւնը կը մնայ այն եզակի ձեռքբերումներէն մէկը, երբ ժողովուրդը ամբողջական կամքով եւ վճռակամութեամբ ոտքի կանգնեցաւ իր ազատութեան, արժանապատուութեան եւ պետական ինքնութեան պաշտպանութեան համար: 1921 թուականին պոլշեւիկեան բռնատիրութեան լուծին տակ ճնշուած հայ ժողովուրդը իր պատմական պատասխանատուութեան գիտակցեցաւ եւ աշխարհին առջեւ պարզեց այն հռչակագիրը, որ այս յստակ ու թափանցիկ…
-
Շարունակէ Կարդալ →: «Արցախը Եղե՛ր Է, Արցախը Կա՛յ Եւ Արցախը Պիտի Մնա՛յ»
Այս բառերը չհնչեցին Երեւանի հրապարակին վրայ: Չհնչեցին Լոս Անճելըսի բազմամարդ սրահներուն մէջ, ո՛չ ալ Փարիզի կամ Մոսկուայի քաղաքական ատեաններուն մէջ: Անոնք հնչեցին Պաքուի դատարանին մէջ: Այն վայրին մէջ, ուր մեղադրեալի աթոռին նստած էր ոչ միայն մարդ մը, այլ` գաղափար մը, յիշողութիւն մը, ազգային արժանապատուութիւն մը: Երբ շատեր լռեցին, ան խօսեցաւ: Երբ շատեր խուսափեցան «Արցախ» բառէն,…
-
Շարունակէ Կարդալ →: Հայ Ազգային Ընդարձակ Ցանցը (1100 – 1900)
Հայ ժողովուրդը անյիշատակ ժամանակներէ ի վեր ունեցած է սփիւռքի մէջ, իր հայրենիքէն հեռու գաղութներ, որոնք ընդհանրապէս մաշած են ու անհետացած ժամանակի թաւալումով: Օրինակ՝ հին Աղեքսանդրիոյ հայ գաղութը՝ Եգիպտոս, Հռոմի, Բիւզանդիոնի, Չինաստանի, Հնդկաստանի ու Ասորեստանի հայկական գաղութները (հայկական աղբիւրներ): Սակայն 1045-էն՝ Մանազկերտի ճակատամարտով եւ Բագրատունեաց իշխանութեան կործանումով՝ ծնունդ առաւ արտահոսք մը հայրենիքէն դուրս ու կազմուեցան շարք…
-
Շարունակէ Կարդալ →: Աշխա՛րհ Անցիր, Արարատի Նման Ճերմակ Գագաթ Չկայ
Նիկոլ Փաշինեանի հնարած «Իրական Հայաստան» գաղափարախօսութեան մէջ հայրենիքը ընկալւում է որպէս այստեղ եւ հիմա գոյութիւն ունեցող, իրաւականօրէն ճանաչուած պետութիւն, որի արժէքը պայմանաւորուած է ոչ թէ պատմական իտէալներով կամ Հայկական լեռնաշխարհում հայ ժողովրդի ստեղծած հսկայ մշակութային ժառանգութեամբ, այլ ներկայ ինքնիշխանութեամբ, կառավարելիութեամբ եւ քաղաքացիական պատասխանատուութեամբ։ Կարեւոր է հասկանալ, թէ ինչ պատկերացումներից է սնուել ու ձեւաւորուել այդ «գաղափարախօսութիւնը»։…
-
Շարունակէ Կարդալ →: Հայ Դպրոց, Հայ Ուսուցիչ, Հայ Թերթ, Հայ Խմբագիր, Հայ Հայերէնագէտ, Հայ Բանասէր
Հակառակ բոլոր ճիգերուն ու ջանքերուն, Սփիւռքը տակաւ կը տառապի բազմաթիւ տագնապներէ, որոնք իր ամէնօրեայ կեանքին մէջ նշմարելի են եւ երթալով աւելի կը խորանան։ Կար ժամանակ, երբ այդ բոլորը նուազ մտահոգութիւններ էին, ընդհակառակը, միշտ բարեկարգելի եւ ուսանելի էին, ուրախալի ու հպարտալի, որովհետեւ ատոնք սեղմօրէն ու լրջօրէն առնչուած էին հայու ինքնութեան պահպանումին ու կառչածութեան հետ, «հայապահպանում»-ի համատարած…
-
Շարունակէ Կարդալ →: Ինքնութեան Եւ Քաղաքակրթութեան Ըմբռնում Եւ Գալիք
Ամեակներ կու գան ու կ’անցնին, տուրք կու տանք անցելապաշտութեան, վարագուրելու համար ներկայի գորշութիւնը: Առանց փողի եւ թմբուկի, առանց փուչիկներով խաղալու, կը մտածե՞նք գալիքի մասին, որ արդէն մեր նահանջներու ներկան է:Հայ եւ հայութիւն ընդհանրացած եւ կրկնուող բնորոշման տակ գտնուող մարդիկ եւ հաւաքականութիւնները ի՞նչ եղած են եւ այսօր հասարակաց ի՞նչ ունին, որպէսզի անոնց հայ ազգի շարունակութիւն…
-
Շարունակէ Կարդալ →: Պետականութեան Կառուցումը Ներկայի Հարցն Է
Հայ ժողովուրդի քաղաքական պատմութիւնը այսօր՝ 21րդ դարուն, հասած է պետականութիւն կառուցելու ճակատագրական փուլին։ Ըսել կուզեմ, ներկան հայ ժողովուրդի պատմութեան այն հանգրուանն է, երբ պետականութեան հաստատումն ու զարգացումը անյետաձգելի քաղաքական օրակարգ կը դառնան հայրենիքի գոյատեւման համար։ Ուշագրաւ է նաեւ հայրենի միջավայրը։ Այսօր, ականատէս կ՛ըլլանք երկրին քաղաքական եւ տնտեսական ընթացքը ճշդող իշխանութեան նորազատական մօտեցումին։ Նորազատական միջավայրն է…
-
Շարունակէ Կարդալ →: Արարատը` Մեր Ժողովուրդին Խորհրդանիշը
Այսօր, երբ կը խօսուի Արարատը մոռնալու եւ Արագածով ապրելու մասին, պարտք կը զգամ անգամ մը եւս բոլորին յիշեցնել, որ Արարատը մեր սրբութիւնն է, մեր ժողովուրդի յաւերժութեան խորհրդանիշը: Յօդուածս այժմէական է այնքան, որքան Արարատն է սրբութիւն մեր ժողովուրդին համար: Իւրաքանչիւր հայ, աշխարհի որ ափին ալ գտնուի, Արարատը սրբութիւն կը համարէ: Ան մեր պորտալարն է կարծէք, որ…
-
Շարունակէ Կարդալ →: Քաղաքական Անորոշութեան Եւ Ռազմական Վտանգներու Միջեւ՝ Սուրիոյ Մոռցուած Հայ Համայնքը
Այսօր Սուրիա կը մնայ բաժնուած քաղաքական տարածք մը, որ կը բնորոշուի ոչ միայն աւերիչ քաղաքացիական պատերազմի ժառանգութեամբ, այլ նաեւ երկրի կեդրոնական իշխանութեան եւ հիւսիսային ու հիւսիս-արեւելեան շրջաններուն մէջ գործող քրտական ուժերու միջեւ չլուծուած լարուածութիւններով։ Պարբերաբար ծագող բախումները, փոխուող դաշինքները եւ վիճարկուած կառավարման համակարգերը կը շարունակեն անկայունութիւն եւ անորոշութիւն ստեղծել, յատկապէս փոքրամասնութիւններու համար, որոնք կը գտնուին…






