
Ազգերու եւ անհատներու կեանքին մէջ երազանքը, իտէալները եւ բարձր տեսլականները կարեւոր դեր ունին։ Առանց երազանքի դժուար է ապագայ կերտել, իսկ առանց իտէալներու՝ դժուար է պայքարիլ արդարութեան եւ յառաջդիմութեան համար։ Սակայն, երբ երազանքը կը հեռանայ իրականութենէն եւ կը վերածուի կոյր ռոմաթիզմի (վիպապաշտութեան), ան կրնայ դառնալ վտանգաւոր։ Այս պատճառով է, որ իրապաշտութիւնը անհրաժեշտ յատկութիւն է թէ՛ անհատին եւ թէ ազգին համար։
Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը հարուստ է հերոսական դէպքերով, ազգային իտէալներով եւ մեծ զոհողութիւններով։ Մենք դարեր շարունակ փառաբանած ենք մեր անցեալը, մեր հերոսները եւ մեր արդար պահանջները։ Այս բոլորը բնական եւ անհրաժեշտ են ազգային ինքնութիւնը պահպանելու համար։ Սակայն պէտք է նաեւ ընդունինք, որ շատ անգամներ հայ քաղաքական եւ ազգային մտածողութեան մէջ գերակշռած է ռոմանթիք մօտեցումը՝ իրական ուժերու, պայմաններու եւ հնարաւորութիւններու ճշգրիտ գնահատման հաշուոյն։
Մեր պատմութեան տարբեր հանգրուաններուն մենք յաճախ առաջնորդուած ենք այն համոզումով, թէ արդարութիւնը ինքնին բաւարար է յաղթանակ ապահովելու համար։ Մենք երբեմն աւելի շատ վստահած ենք զգացական եւ բարոյական իրաւունքի վրայ, քան ուժերու հաւասարակշռութեան, ռազմավարական հաշուարկներու եւ քաղաքական իրողութիւններու։ Արդիւնքը շատ անգամ եղած է մեծ հիասթափութիւն։ Մեր ազգային ողբերգութիւններու մէկ մասը պայմանաւորուած չէ եղած միայն արտաքին թշնամիներու գործողութիւններով, այլ նաեւ իրականութիւնը ամբողջական կերպով չգնահատելու մեր անկարողութեամբ։
Սակայն իրապաշտ ըլլալը չի նշանակեր հրաժարիլ ազգային երազանքներէն կամ իտէալներէն։ Իրապաշտութիւնը պարտուողականութիւն չէ։ Ընդհակառակը, իրապաշտ մարդը կամ ազգը կը ճանչնայ իր զօրաւոր եւ տկար կողմերը, կը հասկնայ միջազգային միջավայրը, կը հաշուէ իր միջոցները եւ իր նպատակներուն հասնելու համար կը մշակէ գործնական ուղիներ։ Իրապաշտութիւնը կը պահանջէ ճշմարտութեան հետ հաշուի նստիլ, նոյնիսկ երբ այդ ճշմարտութիւնը հաճելի չէ։
Այսօր, երբ Հայաստանը եւ ամբողջ հայութիւնը կը դիմագրաւեն լուրջ մարտահրաւէրներ, աւելի քան երբեք անհրաժեշտ է իրապաշտ մտածողութիւնը։ Մենք պէտք է սորվինք տարբերել ցանկալին իրականէն, զգացական բաղձանքը՝ քաղաքական կարելիութենէն, եւ կարգախօսը՝ ռազմավարութենէն։ Ազգային նպատակները կը մնան կարեւոր, բայց անոնց իրականացման համար անհրաժեշտ են դատողութիւն, գիտելիք, կազմակերպուած աշխատանք եւ ճշգրիտ գնահատական։
Մեր պատմութիւնը մեզի կը սորվեցնէ, որ միայն ռոմաթիզմով ազգեր չեն յաջողիր։ Հայ ժողովուրդը պէտք է պահպանէ իր իտէալները, սակայն միաժամանակ զարգացնէ իրականութեան վրայ հիմնուած քաղաքական, հասարակական եւ ազգային մտածողութիւն։ Միայն այդպէս կարելի է խուսափիլ անցեալի սխալներու կրկնութենէն եւ աւելի ապահով ու կայուն ապագայ կերտել։
Յարութ Մկրտիչեան







Մեկնաբանէ