
Ալան Տընոյի «Տափակութեան արտադրութիւնը» գիրքին մէջ հետեւեալ միտքը շատ հաւնեցայ,«Քննադատութիւնը կը դիտուի իբրեւ սպառնալիք… եւ ոչ իբրեւ բարելաւման գործիք»:
Եկէ՛ք, հարցը բացայայտ դնենք սեղանին. այն կազմակերպութիւնը, որ քննադատութիւնը կը դասակարգէ որպէս վտանգ… իրականութեան մէջ անուղղակի կերպով որոշած է դադրեցնել ուսումը: Ասիկա միայն մշակոյթի հարց չէ, այլ նաեւ կառավարման, վտանգներու եւ կայունութեան հարց է:
Նախ` ղեկավարութեան տեսանկիւնէն
Այն ղեկավարը, որ կը վախնայ քննադատութենէն, իր շուրջը կը ստեղծէ «լռութեան գօտի»: Սկզբնական շրջանին ամէն ինչ կայուն կը թուի. չկան առարկութիւններ, չկան տեսանելի խնդիրներ, բայց ասիկա կազմակերպական առողջութիւն չէ, այլ` «ճանաչողական կաթուած»: Խումբը կը դադրի տեղեկացնելէ եւ կը վերածուի կոյր գործադրողի: Արդի՞ւնքը: Որոշումները կը դառնան աղքատ, որովհետեւ ղեկավարը այլեւս ամբողջ պատկերը չի տեսներ, այլ` միայն անոր զտուած տարբերակը:
Երկրորդ` կառավարման տեսանկիւնէն
Որեւէ կառավարման համակարգ` առանց իրական քննադատութեան, պարզապէս ձեւական կառոյց մըն է: Յանձնաժողովներ, զեկոյցներ, քաղաքականութիւններ, բայց` առանց իրական պատասխանատուութեան: Քննադատութիւնը պատասխանատուութեան եւ հաշուետուութեան իսկական վառելանիւթն է: Երբ զայն կը քրէականացնեն կամ կը լուսանցքայնացնեն, կառավարումը կը վերածուի «հնազանդութեան թատրոնի»` փոխանակ ըլլալու «ղեկավարման եւ վերահսկողութեան համակարգ»:
Երրորդ` ռիսքերու կառավարման տեսանկիւնէն
Երբ մարդիկ կը վախնան քննադատութենէն, նաեւ կը վախնան ռիսքերու մասին հաղորդելէ: Հոս կը սկսին աղէտները.
- Գործառնական խնդիրներ կը ծածկուին,
- Խախտումներ կ՛արդարացուին,
- Վաղ նախազգուշացման ցուցանիշները կ՛անտեսուին:
Կարճ ըսած, քննադատութեան բացակայութիւնը համազօր է վաղ նախազգուշացման համակարգի կորուստի:
Չորրորդ` կազմակերպական վարքագիծի տեսանկիւնէն
Քննադատութիւնը չի վերանար… ան միայն իր ձեւը կը փոխէ: Եթէ ժողովին մէջ չ՛ըսուի, պիտի երեւի այլ ձեւերով`
- Լուռ դիմադրութեան,
- Աշխատանքի որակի անկումի,
- Նուիրուածութեան մաշումի,
- Ամենավտանգաւորին` «կեղծ համաձայնութեան»:
Ասիկա ամէնէն վտանգաւոր փուլն է, որովհետեւ բոլորը համաձայն կը թուին, մինչդեռ իրականութիւնը բոլորովին տարբեր է:
Հինգերորդ` գործնական իմաստով ի՞նչ կը նշանակէ ասիկա
Եթէ լուրջ ղեկավար ես, բաւարար չէ ըսել` «Իմ դուռս բաց է»: Ասիկա միայն գեղեցիկ խօսք է: Պէտք է ստեղծես միջավայր մը, որ ոչ միայն կը հանդուրժէ քննադատութիւնը, այլ կը պարգեւատրէ զայն: Ինչպէ՞ս.
- Վարքագիծի գնահատումները կապէ հարցումներ բարձրացնելու, ոչ միայն ձեռքբերումներու հետ,
- Իւրաքանչիւր ռազմավարական որոշման մէջ պահանջէ հակառակ կարծիք (Devil՛s Advocate` համակարգուած կերպով):
- Խստօրէն բաժնէ «գաղափարի քննադատութիւնը» եւ «անձի քննադատութիւնը»:
- Պաշտպանէ քննադատողը… որովհետեւ առաջին խօսողը ամէնէն աւելի վտանգուածն է
- Ներքին հաշուետուութիւնն ու ռիսքերու կառավարումը: գործածէ իբրեւ «կազմակերպական: քննադատութեան ալիքներ», եւ ոչ թէ՛ իբրեւ անհանգստացնող մարմիններ:
Եւ պիտի ըսեմ ամենայն անկեղծութեամբ. եթէ քննադատութիւնը չկառավարես, քննադատութիւնը պիտի կառավարէ քեզ, բայց` անտեսանելի եւ շատ ծախսալից կերպով:
Քննադատութիւնը կայունութեան սպառնալիք չէ, այլ անոր գոյատեւման պայմանն է: Այն կազմակերպութիւնը, որ քննադատութիւնը կանուխ չի լսեր, ուշ պիտի լսէ, բայց այս անգամ` ճգնաժամի ձեւով:
Յ. Է.







Մեկնաբանէ