«Ո՞վ կը փափաքի որդեգրել այս հարիւր ութսունութ հայերէն գիրքերը»: Լիբանանահայերուն ուղղուած հարցում մը , որուն կ՚ընկերակցի մեծաթիւ գիրքերուն լուսանկարը: Գիրքերու որդեգրո՞ւմ։ Այս յայտարարութիւնը մօտս զարմանք եւ ցաւ կը պատճառէ: Ես գիտեմ, որ որդեգրութեան կը դրուի այն մանուկը, որուն ծնողները մահացած են եւ չունի մօտիկ ազգական մը, որ ստանձնէ խնամակալի դերը,…
Հայաստանը ներկայացնող Եարոսլավ Կիսիլիով-Սոֆիա Ֆիլիպչուկ պարային զոյգը պրոնզէ մետալ շահած է Երեւանի մէջ տեղի ունեցած 10 պարաձեւերով աշխարհի ախոյեանութեան: ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի նախարարութեան աջակցութեամբ եւ Հայաստանի սփորթային պարերու ֆետերասիոնի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ախոյեանութեան մասնակցած են 31 երկիրներու ներկայացուցիչներ: Ֆետերասիոնի նախագահ Գէորգի Բաբայեանի համաձայն՝ աշխարհի ախոյեանութիւնը ամէնաբարձր մակարդակով էր։
Հայաստանը ներկայացնող ճատրակի վարպետները կը շարունակեն իրենց մրցումները Եւրոպայի անհատական ախոյեանութեան: «Արմէնփրէս» կը հաղորդէ թէ 5րդ հանգրուանէն ետք Ռոպէրթ Յովհաննիսեան, Շանթ Սարգսեան, Գաբրիէլ Սարգսեան, Մանուէլ Պետրոսեանն ունին 4ական կէտ: Ախոյեանութեան չորս խաղացող 4,5 կէտով առաջին դիրքի վրայ է: Ճատրակի Եւրոպայի անհատական ախոյեանութիւնը տեղի կ՛ունենայ Մոնթենեկրոյի մէջ։ Մրցաշարքը, որուն կը մասնակցին…
Շարլ Ազնաւուրի ծննդեան 100ամեակին առիթով, Նոյեմբեր 11ին Հայաստանի նկարիչներու միութեան տան մէջ բացուեցաւ երգիչին նուիրուած La Bohème խորագիրով ցուցահանդէսը։ Ցուցադրութեան մէջ տեղ գտած է հարիւր հայ նկարիչի հարիւր ստեղծագործութիւն՝ ներշնչուած երգիչի « La Bohème » ստեղծագործութենէն։ Կտաւները կը ներկայացնեն Ազնաւուրը, անոր երաժշտութիւնը եւ գործունէութիւնը։
Հայաստանի խորհրդարանը չընդունեց ընդդիմադիր «Պատիւ ունեմ» եւ «Հայաստան» խմբակցութիւններու կողմէ «Ատրպէյճանում պահուող հայ ռազմագերիների վերաբերեալ» ԱԺ յայտարարութեան նախագիծը: նախագիծը ստացաւ 30 կողմ ձայն։ Քպական երեսփոխանները չմասնակցեցան քուէարկութեան։ Ըստ խորհրդարանի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեանի, ընդդիմութիւնը գերիներու հարցով քննարկում հրաւիրած է քաղաքական նպատակներով եւ թէ հայ գերիները կը վերադառնան թէ ոչ, կախեալ է ոչ…
Անցեալ տարի ամռան՝ ես ու ամուսինս Լիբանանէն ֆիլատելֆիա մեկնեցանք, այցելելու մեր առջինեկ դուստրին՝ Դալարին, որ 2019-ի Լիբանանի քաղաքական եւ տնտեսական տագնապներէն ետք, ան ձգած էր իր երկիրը եւ հաստատուած Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, շարունակելու իր ուսումը։ Շատ մը լիբանանցի ծնողներու պէս, մեզի ալ վիճակուած էր պահ մը ընդունիլ «դառն» իրականութիւնը եւ…
Շուէտացի բնապահպան Կրեթա Թունպերկը մասնակցեր է Նոյեմբեր 11ին Թիֆլիսի Ատրպէյճանի դեսպանատան առջեւ կազմակերպուած բողոքի հաւաքին։ «Իլհամ Ալիեւը բռնապետ է» կարգախօսի տակ տեղի ունեցած բողոքի մասնակիցները կը պահանջէին ազատ արձակել ատրպէճանական բանտերուն մէջ պահուող քաղաքական բանտարկեալները եւ կը քննադատէին ՄԱԿ-ը COP-29 խորհրդաժողովը Պաքուի մէջ գումարելու որոշումին համար։ «COP-29-ը քաղաքական երեսապաշտութեան օրինակ է», – գրուած էր…
Իսրայէլի օդանաւային ռմբակոծումներու հետեւանքով, վերջին երկու օրերուն Լիբանանի մէջ սպաննուեր է 43 հոգի, որոնցմէ երեքը հիւանդանոցի աշխատողներ, իսկ զոհերուն մեծ մասը կանայք եւ երեխաներ են, կը յայտնէ Elnashra լրատուականը։ Ռմբակոծումներու թիրախ դարձած են տարբեր շրջաններ։ Առողջապահութեան նախարարութեան տուեալներով՝ 8 Հոկտեմբեր 2023ին սկսած պատերազմական գործողութիւններու սկիզբէն ի վեր սպաննուած է 3189…
ԱՄՆ կենսական շահերը գոնէ վերջին 100-150 տարում չեն փոխուել։ Անկախ նախագահի անձից՝ ԱՄՆ-ի 3 ստրատեգիական նպատակներն են. 1. Տիրել աշխարհի 4 ովկիանոսներին 2. Բացառել ոչ ռեգիոնալ ուժերի միջամտութիւնը արեւմտեան կիսագնդում 3. Կանխել գերիշխող ուժի առաջացումը Եւրասիայում Միջուկային մարտագլխիկների քանակը չէ, որ ԱՄՆ դարձնում է աշխարհի թիվ մէկ տէրութիւն, այլ ովկիանոսում…
Ղազախիստանի մայրաքաղաք Աստանայի մէջ տեղի ունեցող Սամպոյի աշխարհի ախոյեանութեան 98 քկ. Ծանրութեան մրցումներուն, Արսէն ԽանՃեան դարձեր է փոխախոյեան։
Azg21 Armenian Independent Blog
Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։





