Ղազախիստանի մայրաքաղաք Աստանայի մէջ տեղի ունեցող Սամպոյի աշխարհի ախոյեանութեան 98 քկ. Ծանրութեան մրցումներուն, Արսէն ԽանՃեան դարձեր է փոխախոյեան։
Ռուս գեղարուեստական մարմնամարզի 2014ի աշխարհի ախոյեան Ալեքսանտրա Սեմենովան որոշած է միջազգային մրցումներուն մասնակցիլ Հայաստանի դրօշի տակ, յայտնած է անոր մայրը։ Սեմենովան 26 տարեկան է։ 2015ին ան դուրս մնացած է Ռուսիոյ կազմէն, իսկ վերջին տարիներուն մասնակցած է անհատական մրցումներու։
Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Քամալա Հարիս նախագահական ընտրութիւններուն պարտուելէ ետք կրնայ առաջադրուիլ որպէս Գերագոյն դատարանի անդամ, կը յայտնէ Newsweek, վկայակոչելով Հարաւային Քարոլինայի ներկայացուցիչներու պալատի նախկին անդամ իրաւաբան Պաքարի Սելերսին։ Հարիս ունի իրաւաբանական գիտութիւններու տոքթորի գիտական աստիճան: Ան աշխատած է դատախազութեան, քաղաքապետարանի եւ փաստաբանական ընկերութիւններու մէջ:
Դիտարկումներ — Կրնա՞նք ստեղծել գաղութային կրթական ցանց մը (Յապաւումով) Հոկտեմբեր ամիսը յատկանշուած է Թարգմանչաց տօնին առիթով աշակերտութեան հետ շփուելու եւ անոնց պատգամելու մեսրոպաշունչ հայ գիրի մասին կարեւոր հաւաքներով։Այս տարի եւս, Հ.Կ.Խաչի ազգային վարժարաններու աշակերտները համախմբուեցան եկեղեցիներուն մէջ եւ բարձրաստիճան հոգեւորականի բերանէն լսեցին այն բոլոր պատգամները, որոնք տասնեակ տարիներէ ի վեր…
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեր է, թէ Հայաստանը «պէտք է հրաժարի սպառազինուելու քաղաքականութենէն»։ Ան նաեւ խոստովաներ է, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ «ոչ մէկ անջատողական» չէ մնացսծ Ալիեւը նաեւ նշեր է թէ Ատրպէյճանը հասած է իր ուզածին եւ պատերազմ չուզեր։ Ան զինուորական նուագախումբերու մասնակցութեամբ երթեր կազմակերպած է Ստեփանակերտի, Շուշիի, Լաչինի եւ Պաքուի մէջ։ Ըստ անոր…
Ամերիկեան ռազմական օդանաւերու խումբ մը Մեծ Բրիտանիայէն տեղափոխուեր է Միջին Արեւելք, կը հաղորդէ ԱՄՆ բանակի կեդրոնական հրամանատարութիւնը (CENTCOM): Նախապէս The Times of Israel-ը հաղորդած էր որ Միացեալ Նահանգները որոշած է F-15E Strike Eagle կործանիչներ ժամանակաւորապէս Յորդանան տեղափոխել, նկատի ունենալով Իսրայէլի վրայ Իրանի հաւանական հրթիռային յարձակման հետ կապուած մտավախութիւնները: Իր հերթին…
Սպասելով Վիրաբոյժին Արեւմտահայերէնը կանգնած է լուրջ վտանգի առջեւ։ Այս բարբառը, որ հիմնականին մէջ կը խօսին Հայոց ցեղասպանութիւնէն վերապրած սերունդները, կարեւոր բաղկացուցիչ է հայկական մշակութային եւ պատմական ինքնութեան։ Ձուլման եւ արտագաղթի հետեւանքով, մայրենի լեզուով խօսող հայերու թիւի նուազումը եւ փրկելու ուղութեամբ պատկան մարմիններու անտարբերութեան պատճառով, արեւմտահայերէնը գրեթէ մահամերձ վիճակի մէջ է։…
Երէկ, «Հորիզոն» թերթին մէջ կարդացի Կիրօ Մանոյեանին յօդուածը։ Կարծես քաղաքական յայտնութիւն մը ընելու կը միտէր քանի որ յօդուածին մէջ իր հիասթափութիւնը կը յայտնէր շեշտելով որ ՝ «Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան օրակարգում չկայ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթաց»։ Կրկին անգան կը մէջբերեմ Կիրօն՝ «ի վերջոյ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը դուրս են բերում դիւանագիտական օրակարգից:…
Համահայկական ձմեռնային 2րդ խաղերը տեղի պիտի ունենան Փետրուար 2025ին Ջերմուկի մէջ։ Մրցումները պիտի սկսին Փետրուար 1ին եւ կ՛աւարտին 7ին։ Խաղերու խորհրդանիշը արդէն իսկ հաստատուած է գործադիր մարմինին կողմէ։ Ձմեռնային այս խաղեր կը ներառեն եօթը մարզաձեւեր կամ խաղեր, ինչպէս՝ դահուկավազք, լեռնադահոյկ, ճատրակ եւայլն։
Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն, Գերմանիոյ Քանցլըր Օլաֆ Շոլց եւ Լեհաստանի վարչապետ Տոնալտ Թուսքը միասնաբար յայտարարութիւն հրապարակած են որ պիտի չաջակցին Վրաստանին ԵՄին անդամակցելու շուրջ բանակցութիւններու մեկնարկին, եթէ Վրաստանի մէջ բարեփոխումներ չկատարուին։
Azg21 Armenian Independent Blog
Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։





