Աւելի քան 80 երկիր միացեր է սովի եւ աղքատութեան դէմ պայքարի դաշինքին, յայտարարեր է Պրազիլիոյ նախագահ Լուիս Ինասիօ Լուլա Տա Սիլվան՝ Ռիօ Տը Ժընէյրոյի G20-ի գերաստիճանի բացման ընթացքին։ Սովի եւ աղքատութեան դէմ պայքարի դաշինքը Պրազիլիոյ նախաձեռնութիւնն է։ Անոր նպատակն է համախմբել հանրային քաղաքականութեան եւ արհեստագիտութեան կարելիութիւններն ու առաջարկները, որոնք արդիւնաւէտ…
Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինիէզ, անդրադառնալով Արցախի հայերու տունդարձի իրաւունքին, յիշեցուցած է Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումը։ «2023ի Նոյեմբեր 17ին Արդարադատութեան միջազգային դատարանը հաստատեց Արցախը հարկադրաբար լքած հայերու՝ իրենց տուները վերադառնալու իրաւունքը։ Մէկ տարի անց Ատրպէյճանին ուղղուած այս հրամանը կը մնայ անկատար։ Ֆրանսան ոչինչ մոռցած է ոչինչ պիտի զիջի՝ ոչ…
Ազգերու Լիկայի մրցաշարքի զտումի մրցումներու ծիրէն ներս, երէկ Հայաստանի ազգային խումբը 2-1 արդիւնքով յաղթեց Լաթվիոյ, անոր իսկ դաշտին վրայ։Հայաստանի կոլերը նշանակեցին էտուարտ Սպերցեան եւ Արթուր Միրանեան 48րդ եւ 74րդ վայրկեաններուն։ Այս յաղթանակով Հայաստան ապահովեց փլէյ-օֆֆի իր մասնակցութիւնը։
«Մանկական Եtրատեսիլ 2024»ը տեղի ունեցաւ երէկ գիշեր Մատրիտի մէջ։ Վրացի Անտրէա Բութքարաձէ հանդիսացաւ առաջին 239 կէտով։ Հայաստանը ներկայացնող Լէօ՝ հանդիսացաւ 8-րդ 125 կէտով: Նշենք, որ Հայաստանի ներկայացնող Լէօ, երգիչներ Մարտին Մկրտչեանի եւ Հռիփսիմէ Յակոբեանի զաւակն է։
Չինաստանը սկսած է հրաւիրել հարաւքորէական ընկերութիւններ ներդրումներ կատարելու Չինաստանի մէջ, յայտարարեր է Չինաստանի նախագահ Սի Ցինփինը Հարաւային Քորէայի նախագահ Եուն Սռոկ Եոլի հետ հանդիպման ժամանակ։
Աբխազիոյ մէջ ցուցարարներ վերահսկողութեան տակ առած են խորհրդարանը, կառավարութեան շէնքը եւ հանրապետութեան նախագահի նստավայրը, կը հաղորդէ «Ինթերֆաքս»-ը։ Ընդդիմութինը բողոքի ցոյցեր կատարած էր խորհրդարանին մօտ, պահանջելով նախագահ Պժանիայի հրաժարականը։
Ազգային ժողովում 2025 պետական պիւտճէի նախագծի քննարկումների ժամանակ արտաքին գործերի նախարար Արարատ Միրզոյեանը յայտարարել էր, թէ Հայաստանի արտաքին քաղաքական «․․․առաջնահերթութիւնները թուարկելիս ես դրան (Հայոց Ցեղասպանութեան) առանձին չանդրադարձայ․ դա մեր թիւ 1 առաջնահերթութիւնը չէ։ Պատմութեան ողբերգական անցքերը, Հայոց Ցեղասպանութիւնն ուսումնասիրելը կամ դա թիւ մէկ առաջնահերթութիւն դարձնելը, անշուշտ, ԱԳՆ օրակարգը չէ»: Այս…
Ամերիկահայ նկարիչ, Արշիլ Կորքիի (Ոստանիկ Ադոյեան) արուեստը Լեհաստանի մէջ հանրաճանաչ դարձնելո համար, Կտանսքի հայկական միությունը 2024-ի ձեռնարկները նուիրած է արուեստագէտի 120-ամեակին։ Ցարդ կազմակերպուած են ցուցահանդէսներ, շնորհանդէսներ եւ փառատօններ։ Կտանսքի հայկական միութեան նախագահ նկարիչ Գաֆիկ Պարսամեան նշած է որ Դեկտեմբերին նախատեսուած է հրապարակել գիրք մը, որ կը պատմէ Կորքիի կեանքը եւ գործունէութիւնը։…
[Սրբութեան սահմաններէն անդին. հայերէնով ապրելու (այսինքն` անոր հետ ստեղծագործելու, խաղալու, սխալելու եւ այլն) հրաւէր մը] Այս տարի, Սրբոց Թարգմանչաց տօնին առիթով, մենք՝ «Թորոնթոհայ»-ի խմբագրութիւնս, որոշեցինք վերահրատարակել Րաֆֆի Սարգիսեանի՝ Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի տնօրէնին 2015-ին գրած «Հայերէնը պէտք է գործնական լեզու դառնայ» յօդուածը («Թորոնթոհայ», 29 հոկտ. 2015, առցանց): Այս գրութիւնը կը…
Եւրոպական Միութեան արտաքին գործերոց եւ անվտանգութեան ներկայացուցիչ Ժոզէփ Պորէլ առաջարկած է Եւրոպական Միութեան դադրեցնել բանակցութիւնները Իսրայէլի հետ՝ Կազայի շրջանի մարդու իրաւունքներու խախտումներու գծով, կը յայտնէ Reuters-։ Ան նամակ ուղարկած է ԵՄ անդամ երկրներու արտաքին գործոց նախարարներուն՝ արտահայտելով իր մտահոգութիւնը Կազայի մէջ մարդկային իրաւունքներու խախտումներու գծով։ Reuters-ի աղբիւրները կը նշեն որ…
Azg21 Armenian Independent Blog
Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։





