Հայաստանի պաշտօնապէս դարձեր է Միջազգային արեւային Միջազգային դաշինքի 104րդ անդամ: Հնդկաստանի եւ Ֆրանսայի կողմէ հիմնադրուած Միջազգային արեւային դաշինքին Հայաստանի լիիրաւ անդամակցութիւնը ի զօրու դարձած է Նոյեմբեր 15էն սկսեալ։ Համապատասխան համաձայնագիրը ստորագրուեր է Նոյեմբեր 16ին, Երեւանի մէջ։
Կը խօսինք այս կամ այն երկրի «հայկական» համայնքի անդամի եւ անդամներու որպէս քաղաքացիի օրինակելի կերպով «մերուած» ըլլալու յաջողութեան մասին:Համայնքները կը ճանչցուին իրենց անցեալի եւ ներկայի պատկանելիութեան վերադիրներով տեղական հանրութիւններ, կ’ըսեն «հայ-ամերիկեան», «հայ-ֆրանսական», «հայ-լիբանանեան», ցանկը բազմապատիկ է եւ չէ փակուած: Հպարտութիւն է, հաւատարմութեան վկայութիւն է ըսել, որ այս կամ այն հայը, արաբէն աւելի…
13 երկիրներ դէմ քուէարկած են մահապատիժը վերացնելու ՄԱԿ-ի բանաձեւին։ Երկրներու ամբողջական ցանկը, որոնք դէմ են մահապատիժի վերացման Իրան, Միացեալ Նահանգներ, Չինաստան, Ճափոն, Հնդկաստան Ս. Արաբիա, Իրաք, Պահրէյն Քաթար, Քուէյթ, Լիպիա, Եգիպտոս եւ Փաքիստան Ուշագրաւ է որ դէմ քուէարկողներուն մեծամասնութիւնը արաբական երկիրներ են։
Վերջին օրերուն լուրեր հաղորդուած են թէ Ատրպէյճանը ոչնչացուցած է Արցախի Կովսականի շրջանի 19րդ դարուն կառուցուած Տանձատափ եկեղեցին, որ կը համարուի շրջանին ամէնէն հին եկեղեցիներէն մէկը, յայտնած է «Գեղարդ» գիտավերլուծական հիմնադրամի տնօրէն Ռոպէրթ Ղազարեան Անոր կարծիքով՝ քանի դեռ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն նկատմամբ միջազգային հանրութեան կողմէ կոշտ քայլեր չկան, ատրպէյճանցիք պիտի շարունակեն իրենց…
Մեղրալուսինէն նոր վերադարձած էին, երբ, օր մը ամուսինը շատ խանդավառ տուն մտաւ: Քարիւղի ընկերութեան տնօրէնը, որ շատ կը գնահատէր զինք, որպէս փայլուն ճարտարագէտ` առաջարկած էր իրեն, հարաւի իրենց մասնաճիւղը փոխադրուիլ մէկ տարուան համար. իր ներկայ աշխատավարձին եռապատիկը պիտի գանձէր, առաւել` ինքնաշարժ եւ ձրի բնակարան պիտի տրամադրէին իրենց: Մէկ շաբաթ ժամանակամիջոց…
ԵՄ դիւանագիտութեան պետ Ժոզէփ Պորէլ վստահեցուց Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ եւ եւրոպական զօրքերուն միջեւ ընդհարում չի նախատեսուիր։ «Մենք պատերազմող կողմ չենք, մենք պատերազմի մաս չենք կազմեր, Ուքրանիոյ մէջ եւրոպական զօրքեր չկան», – յայտարարած է ան Պրիւքսէլի մէջ Եւրոպական միութեան պաշտպանութեան նախարարներու հանդիպումէն ետք մամլոյ ասուլիսի ընթացքին։ Պորէլ անգամ մը եւս ընդգծած…
Կրնա՞նք Հաւատալ Կլիմայական Արդարութեան, Երբ Քարիւղի Դրամը Կը Ղեկավարէ Այս Թատերաբեմը. ՔՈՓ 29-ի Ազերի Գործադիր Տնօրէնը Նկարահանուած Է Հանածոյ Վառելանիւթի Համաձայնութեան Մը Սատարելու Ընթացքին ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութեան տարեկան խորհրդաժողովը` UNCCC, որ պէտք է սահմանափակէ կենսոլորտի ապականութիւն պատճառող քարիւղի եւ նման նիւթերու արտահանումը եւ գործածութիւնը, վերածուած է նաեւ քարիւղ արտադրող կողմերու…
Միացեալ Նահանգներու պետքարտուղարի օգնական Պրայըն Նիքըլս յայտարարեր է որ Ուքրանիոյ կողմէ ամերիկեան հեռու հասողութեամբ զէնքերու օգտագործման արտօնութիւնը կրնայ ստիպել Ռուսիոյ որ խաղաղութեան շուրջ բանակցութիւններու սկսիլ։ Պետքարտուղարի օգնականը այս մասին յայտներ է պրազիլիական O Globo պարբերականին տուած հարցազրոյցի ընթացքին։ Այս ձեւով, ան կը հաստատէ Նոյեմբեր 18էն ի վեր շրջանառուող լուրերը, որոնց…
Ինչպէ՞ս յուսալու հոգեվիճակ ստեղծել Սփիւռքի մէջ «Եկէք պայմանաւորուենք մի բան, որ ինչ էլ լինի՝ մենք մեզ երբեք պարտուած չենք ճանաչի…»: Քառասունչորսօրեայ Պատերազմի էն սկզբնաւորութեան եւ անոր աւարտին, Եռակողմանի Համաձայնագրի ստորագրութեան օրը, պատերազմի ժամանակ Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուած Ուժերու գերագոյն հրամանատար եւ, հետեւաբար, պարտութեան պատասխանատու վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի զոյգ յայտարարութեանց մէջ հնչած այս նախադասութիւնը,…
Աւելի քան 80 երկիր միացեր է սովի եւ աղքատութեան դէմ պայքարի դաշինքին, յայտարարեր է Պրազիլիոյ նախագահ Լուիս Ինասիօ Լուլա Տա Սիլվան՝ Ռիօ Տը Ժընէյրոյի G20-ի գերաստիճանի բացման ընթացքին։ Սովի եւ աղքատութեան դէմ պայքարի դաշինքը Պրազիլիոյ նախաձեռնութիւնն է։ Անոր նպատակն է համախմբել հանրային քաղաքականութեան եւ արհեստագիտութեան կարելիութիւններն ու առաջարկները, որոնք արդիւնաւէտ…
Azg21 Armenian Independent Blog
Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։





