Յունական Enikos.gr լրատուական կայքէջը՝ Յունաստանի բանակի աղբիւրներուն վրայ հիմնուելով, կը տեղեկացնէ որ Յունաստան Հայաստանին պիտի փոխանցէ S-300PMU-1 հակօդային հրթիռներ։ Ըստ յունական աղբիւրին, այս որոշումը միայն յունական նախաձեռնութիւն չէ, այլ Ֆրանսայի հետ համագործակցաբար Հայաստանը զինելու գործընթացին մաս կը կազմէ։ Այս տեղեկությունները պաշտօնապէս չեն հաստատուած կան հերքուած Յունաստանի կամ Հայաստանի կողմէ։
Դեկտեմբեր 12-13ին Երեւանի մէջ պիտի գումարուի «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» 5րդ համաժողովը։ Երկօրեայ ժողովը պիտի կրէ «Ցեղասպանութեան եւ այլ ոճրագործութիւններու նկատմամբ վաղ ազդարարման եւ վաղ արձագանքման միջազգային արդիւնաւէտութեան ամրապնդումը» խորագիրը։
Լեհաստանի նախագահ Անճէյ Տուտա Նոյեմբեր 25-27 պաշտօնական այցով կը ժամանէ Հայաստան, կը յայտնէ Լեհաստանի նախագահին պաշտօնական կայքէջը։։ Ան հանդիպում պիտի ունենայ Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատրեանի, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ խորհրդարանի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի հետ։ Կը նշուի նաեւ որ Նոյեմբեր 26-ին Լեհաստանի նախագահը պիտի այցելէ Ծիծեռնակաբերդ, յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան…
Share Սփիւռքի կազմաւորման առջին օրերէն գաղթօճախներու հայեցի դիմագիծի պահպանման գործին մէջ ազգային վարժարանը ունեցած է անառարկելի առաքելութիւն: Այդ առաքելութիւնը ի կատար ածելու հիմնասիւնը հանդիսացած է ազգային ոգին եւ անոր յաջողութեան գրաւականը՝ կրթական մարզին նուիրուած հայորդիներու նուիրումը: Այսօր, հայ ազգային դպրոցի ղեկավարութեան կոչուած պատասխանատուները չեն կրնար անտեսել հայ ազգային դպրոցին վերապահուած…
Global Defense Corp.պարբերականը կը հաղորդէ որ Storm Shadow» հրթիռի հարուածի հետևանքով Քուրսքի մէջ սպաննուած են Հիւսիսային Քորէայի 500 զինուորական եւ 18 ռուս սպայ: Նոյն պարբերականը կը յայտնէ թէ ուքրանացիք իրենց գրաւած տարածքներուն 40 առ հարիւրը կորսնցուցած են։
«Պերթ» փոթորկի պատճառով Իրլանտայի տասնեակ հազարաւոր տուներ, ագարակներ եւ այլ հաստատութիւններ զրկուեր են ելեկտրականութենէ, իսկ Բրիտանիոյ մէջ փակուեր են որոշ ճամբաներ եւ երկաթուղային գիծեր։ Ընկերային ցանցերու վրայ տարածուած նկարներն ու տեսաերիզները ցոյց կու տան որ ձիւնը ծածկեր է Մեծն Բրիտանիոյ բազմաթիւ ճամբաներ։
Զինվորականներու ըմբշամարտի 37-րդ աշխարհի ախոյեանութեան խմբային հաշուարկով, Հայաստանի կազմը կը գրաւէ 3րդ դիրքը։ Առաջին եւ երկրորդ դիրքերը կը գրաւեն յաջորդաբար Ռուսիան եւ Իրանը։ Երեւանի Կարէն Տէմիրճեանի անուան համալիրին մէջ ընթացող ախոյեանութեան, Հայաստանը ներկայացնող մարզիկները շահած են 14 մետալ (3 ոսկի, 3 արծաթ եւ 8 պրոնզ):
Ատրպէյճանի նախագահի արտաքին քաղաքականութեան գծով խորհրդական Հիքմէթ Հաճիեւ յայտարարեր է որ հայերը կրնան վերադառնալ Արցախ միայն ընդունելով Ատրպէյճանի քաղաքացիութիւն։ Այս մասին ան գրած է X-ի իր միկրոբլոգին՝ արձագանքելով Պաքուի մէջ կայացած COP29–ի ընթացքին ԱՄՆ սենաթոր Էտ Մարքիի ելոյթին ։ Ըստ Հաճիեւի, «իր այցելութեան արդիւնքները ներկայացուցած է այնպէս, որ համահունչ ըլլայ հայկական լոպիի ակնկալիքներուն»։
Ֆուտբոլի Ազգերու Լիկայի փլէյ-օֆֆի մրցումներուն Հայաստանի մրցակիցը Վրաստանն է Զուիցերիոյ Նիոն քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգերու Լիկայի փլէյ-օֆֆի վիճակահանութիւնը։ 2025 Մարտի 20ին, երթի մրցումին Հայաստան պիտի հիւրընկալէ մրցակից Վրաստանի ազգային խումբը, իսկ դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ Մարտ 23ին Վրաստանի մէջ։
«Հայաստան-Վրաստան. 100 տոկոս ձեռարու Երեւանի մէջ։ Ցուցահանդէսին կարելի է գտնել երկու երկիրներուն առանձնայատկութիւնները ընդգծող իրեր՝ զարդեր, հագուստ, տիկնիկներ, արուեստի գործեր, որոնք իւրայատուկ և ինքնատիպ են։ Նոյն ծիրէն ներս պիտի կազմակերպուի նաեւ հայկական եւ վրացական ուտելիքներու միօրեայ համատեղ ցուցադրութիւն։
Azg21 Armenian Independent Blog
Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։





