Սուրիոյ վարչապետը յայտարարած է իշխանութիւնը յանձնելու պատրաստակամութեան մասին։ Ասատի բանակի հրամանատարութիւնը զինուորներուն եւ սպաներուն տեղեկացուցած է որ վարչակարգը տապալած էեւ հրամայած է զէնքերը վար դնել։ Ասատի ընդդիմադիրներ ընդամէնը 11 օր պատերազմով ջախջախեցին սուրիական բանակը, որ կը վայլէր Ռուսիոյ եւ Իրանի զօրակցութիւնը եւ գրաւել Դամասկոսը Ասատ ընտանիքի կառավարումը, որ տեւեց 53…
Ռումանիոյ Սահմանադրական դատարանը անվաւեր հռչակած է Նոյեմբեր 24ին անցկացուած նախագահական ընտրութիւններու առաջին փուլի արդիւնքները։ Դեկտեմբեր 4ին գործող նախագահ Քլաուս Եոհաննիս հրապարակած էր գաղտնի տուեալներ, որոնք կը վկայեն թէ Ռուսիա ընկերային ցանցերու վրայ մեծ քարոզչութիւն տարած է աջակողմեան թեկնածու Քելին ՃորՃեսքուի օգտին։ Դատարանի որոշումին համաձայն՝ կառավարութիւնը պէտք է հաստատէ նոր ընտրութիւններու…
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքճին ժամաներ է Պաղտատ Իրաքի եւ Սուրիոյ իր պաշտօնակիցներուն հետ եռակողմ հանդիպում ունենալու, որու ընթացքին պիտի քննարկուի Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող պատերազմական զարգացումները։ Իրանցի նախարարը յայտարարեր է որ Սուրիա փխրուն իրավիճակ մը ունի եւ շրջանի երկիրներու համագործակցութիւնը անհրաժեշտ է։ Կը հաղորդուի որ Իրաք եւ Իրան՝մտահոգ…
Ա) Նորութիւն մը չըլլար, եթէ ըսեմ թէ հայերէն ընթերցողներու թիւը ահաւոր վայրէջք արձանագրած է հետեւեալ պատճառներով. – Տարիքի պատճառած դժուարութիւններ, ինչպէս՝ տեսողութեան վատթարացում։ – Նոր սերունդին մօտ անտարբերութիւն առհասարակ ընթերցանութեան նկատմամբ եւ յատկապէս՝ հայկական նիւթերու մասին երկարապատում յօդուածներու։ Բ) Յարգելի հայագիր յօդուածագիրներ, ես ալ ներառեալ, մենք կը կարծենք, նոյնիսկ հաւատացած…
Վալերի Պրիւսովի անուան պետական համալսարանը, Հայ Առաջադէմ Երիտասարդութիւն (Armenian Progressive Youth) հասարակական կազմակերպութեան հետ Դեկտեմբեր 5ին կազմակերպած է «Կամաւորութեան միջազգային օր 2024» ձեռնարկը, որուն նպատակն էր երիտասարդներուն ներկայացնել կամաւորութեան կարեւորութիւնը եւ խթանելու անոնց մասնակցութիւնը ընկերային նախաձեռնութիւններուն: Ուսանողները ծանօթացեր են տարբեր երիտասարդական կազմակերպութիւններու կամաւորական ծրագիրներուն: Ողջոյնի խօսքով ուղղած է ռեկտոր Դաւիթ…
Պաքուն մերժած Է ԱՄՆի պետքարտուղար Էնթընի Պլինքընի առաջարկը ՝ Մալթայի մէջ ԵԱՀԿի արտաքին գործոց նախարարներու «հարթակով» Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու միջեւ հանդիպում կազմակերպելու։ Ատրպէճանական աղբիւրեներու համաձայն, Պաքուի նման որոշման պատճառը ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմի անարդար եւ կողմնակալ քաղաքականութիւնն է եւ այդ պատճառով Ատրպէյճանը համաձայն չէ որ Միացեալ…
Ազգային տիկնիկային թատրոնը Դեկտեմբեր 2ին «Բուկովսկի» ներկայացումով մասնակցեր է 30th Premio Mecenate միջազգային փառատօնին եւ արժանացեր՝ «Տարուայ Լաւագոյն Ներկայացում» պատուաւոր մրցանակին, կը յայտնէ Արմէնփրէս։ Ներկայացման ներկայ գտնուած են Իտալիոյ մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վլատիմիր Կարապետեան եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ։ Ներկայացման բեմադրիչն է Մարիէթա Դովլաթբէկեան։
Երեւանի Մատենադարանի մէջ պահուող Արցախի գրաւոր ժառանգութեան վերականգման եւ հանրայնացման աշխատանքները սկսած են։ Այս ծրագիրը կ՛իրականացուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու աջակցութեամբ։ Ծրագիրին յատկացուած է 74 հազար տոլար։ Ծրագրի ծիրէն ներս ընտրուած են Գանձասարի, Դադիվանքի, Գնդեվանքի, Խադավանքի, Գտչավանքի եւ հայկական միջնադարեան վանքերու մէջ 13-18-րդ դարերու ընթացքին գրուած եւ նկարազարդուած ձեռագրեր, արխիւային եզակի…
Իրանի աջակցութիւնը վայելող հարիւրաւոր իրաքցի կամաւորներ մտած են Սուրիա, կառավարական ուժերուն օգնելու ահաբեկիչներու դէմ պատերազմին։ Անցեալ շաբաթավերջին Թուրքիոյ հովանաւորութիւնը վայելող հակակառավարական ուժերը անակնկալ յարձակումով գրաւած էին Սուրիոյ երկրորդ մեծ քաղաքը՝ Հալէպը։ Իրաքեան եւ սուրիական աղբիւրները հաստատած են Ռէօթըրզի լուրը։ Ըստ իրաքեան աղբիւրներու 300 իրաքցիները հատած են սահմանը։ Միւս կողմէ Իրանի…
Արմէնփրէսի հետ զրոյցի ընթացքին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Պատալեան յայտնած է որ նախարարութիւնը կը հետեւի Սուրիոյ մէջ կատարուող դէպքերուն։ Ան հաղորդած է նաեւ որ Հալէպի գլխաւոր հիւպատոսը իր աշխատանքները կը շարունակէ Դամասկոսէն։ Յիշեցնենք որ Թուրքիոյ հովանաւորութիւնը վայելող ահաբեկչական խմբաւորումներ գրաւած են Հալէպի մէկ մասը։
Azg21 Armenian Independent Blog
Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։





