Միացեալ Նահանգները խորապէս մտահոգուած են Ատրպէյճանի մէջ քաղաքացիական հասարակութեան եւ լրատուամիջոցներու նկատմամբ «աճող բռնաճնշումներով» եւ Պաքուին կոչ ըրած է անյապաղ ազատ արձակել Meydan անկախ լրատուամիջոցի աշխատակիցներուն, ինչպէս նաեւ այլ անձանց, որոնք ձերբակալուած են մարդու իրաւունքներու ոլորտէն ներս իրենց կատարած աշխատանքներուն համար։ Յայտարարութիւնը կատարած է պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն։
Շողակաթ Վարդանեանի «1489» վաւերագրական ֆիլմը Հռոմի վաւերական ֆիլմերու միջազգային փառատօնին արժանացեր է գլխաւոր մրցանակին։ Նախապէս, 2023ին, ֆիլմը արժանացեր էր նաեւ Ամսթերտամի վաւերագրական ֆիլմերու միջազգային փառատօնի (IDFA) գլխաւոր մրցանակին: Ֆիլմը կը ներկայացնէ Վարդանեաններու ընտանեկան մթնոլորտը, անոնց յոյզերը, ապրումները, տառապանքը, սպասումները 2020ի 44օրեայ պատերազմի օրերուն, երբ անոնք կը կորսնցնեն կապը ռազմաճակատ գտնուող…
Վայրը Ողիմպոս, Olimpo, անուանած էին հոն տեղակայուած զինուորականները, որոնք արգելափակման, չարչարանքի եւ սպանութեան այդ գաղտնի կեդրոնացման ճամբարը հասնողներուն կ’ըսէին թէ մուտք կը գործէին Ողիմպոս, ուր իրենք՝ զինուորականները աստուածներ էին, այսինքն՝ հոն բերուածներու կեանքի թէ մահուան որոշումը առնողները: Իրենք իրենց յունական աստուածներու անուններ կու տային եւ կը ստիպէին, որ անոնք որոնց…
Սուրիոյ վարչակարգին տապալումէն ետք, բազմաթիւ եւրոպական երկիրներ՝ Գերմանիա, Դանիա, Ֆրանսա, Մեծն Բրիտանիա եւայլն, յայտարարած են որ պիտի դադրեցնեն սուրիացի գաղթականներու ապաստան խնդրելու դիմումները։ Քանի մը տասնեակ հազար գաղթականներու ապագան անորոշ է։ Եւրոպական երկիրները յայտնած են թէ վերջնական որոշումը պիտի կայացուի Սուրիոյ քաղաքական իրավիճակի գնահատումին լոյսին տակ։ Յիշեցնենք որ 2011ին ծայր…
Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նեթանիահուն որպէս վկայ կանչուեր է դատարան, փտածութեան հարցով իր դէմ բացուած դատին համար։ 75 տարեկան Նեթանիահուն Իսրայէլի գործող առաջին վարչապետն է որ կը մեղադրուի յանցագործութեան մէջ։ Ապահովութեան պատճառներով դատական նիստերը տեղափոխուեր են ստորգետնեայ դատարանի դահլիճ։ 2019ին Նեթանիահույին առաջադրուեցան երեք մեղադրանքներ։ Ան կը հերքէ զանոնք եւ իր նկատմամբ…
Իսրայէլի բանակի պահեստազօրային զօր. Նոամ Դիպոն յայտարարեց որ «Իսրայէլ շատ շահագրգռուած է Սուրիոյ մէջ քրտական պետութեան ստեղծածմբ։ Նախօրէին, Իսրայէլի նախկին գործոց նախարարը եւս քիւրտերու հետ համագործակցութեան անհրաժեշտութեան մասին խօսած էր։
Ատրպէյճանի մէջ ձերբակալուեր են 7 լրագրողներ։ Իշխանութիւնները զանոնք կը մեղադրեն օտար դրամանիշներու մաքսանենգութեան մէջ։ Լրագրողները ձերբակալուած են Ուրբաթ երեկոյեան եւ Կիրակի օրը՝ Նոյեմբեր 8ին, անոնց պաշտօնապէս մեղադրանք առաջադրուած է։ MeydanTV-ն Ատրպէյճանի մէջ յայտնի լրատուամիջոց է, լրագրողները տարիներ շարունակ կը գրեն փտածութեան եւ կաշառակերութեան մասին, նաեւ նախագահ Ալիեւի ընտանիքի գործարարութեան մասին։…
Հայերէն գրողների համար երբեմն դժուարութիւններ են առաջ գալիս ձ-ծ-ց բաղաձայններ ունեցող մի շարք բառերի գրութեան ժամանակ, չնայած որ դրանք մարդկանց հիմնականում ծանօթ են դպրոցական տարիներից:Ընտրել ենք ձ-ծ-ց-ի ուղղագրութեանն առնչուող «վթարային» 13 դէպք:Կրկնում ենք բաց թողածը: 1. Փառապանծ «փառաւոր ու պանծալի» եւ սիգապանծ «սէգ եւ պանծալի, վեհօրէն գեղեցիկ» բառերի վերջում ծ…
Իսրայէլի ներքին գործոց նախկին նախարար Այելէտ Շաքէտ, յայտարարեր է որ Իսրայէլը եւ Միացեալ Նահանգները պէտք է աջակցին քիւրտերուն, որպէսզի Էրտողան չօգտուի այս իրավիճակէն անոնց վնասելու համար։ «Իսրայէլ պէտք է ռազմավարական դաշինք ստեղծէ 45 միլիոն քիւրտերուն հետ», յաւելել է իսրայէլցի նախկին նախարարը։
Published by Armenpress, original at https://armenpress.am/hy/article/1206972 Մոսկուայի հայկական եկեղեցւոյ «Տապան» թանգարանին մէջ տեղի ունեցած է, Կոմիտասի ծննդեան 155ամեակին, Կոմիտասի անուան ազգային լարային քառեակի հիմնադրման 100ամեակին եւ 1988ի Դեկտեմբեր 7ի աղէտալի երկրաշարժի զոհերու յիշատակին նուիրուած հոգեւոր-դասական երաժշտութեան երեկոյ: Ներկաները նախ յոտնկայս Տէրունական աղօթքով յարգեր են երկրաշարժի զոհերու յիշատակը, որմէ ետք Կոմիտասի…
Azg21 Armenian Independent Blog
Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։





