Հիւսիսի երկրէն հասնող հարսանեկան հրաւիրագիր մը զօրակոչի ենթարկեց մեր ընտանիքի բոլոր անդամները: Հրաւիրողը ամուսինիս հօրեղբօրորդին էր, Վարդանը, որուն միակ զաւակը կ’ամուսնանար եւ հոն հարազատներ չունենալով՝ կը փափաքէր որ մենք ամբողջ ընտանեօք ներկայ գտնուէինք պսակին: Եւ հրաւէրը ի զօրու դարձնելու համար, ինք յանձն առած էր բոլորիս ճամբորդութեան եւ կեցութեան ծախսերը հոգալ:…
Հայկական Սփիւռքի կարեւոր մարտահրաւէրներէն մէկն է հայրենասիրութիւնը՝ որովհետեւ հայրենասիրութեան զգացումը կամաց կամաց կը չքանայ, իսկ “հպարտ հայ ըլլալու” զգացումը արդէն շատոնց չքացած է: Դարերով հայը իր ժառանգութիւնը պահպանած է ի հեճուկս սարսափելի դժուարութիւններու։ Բայց վերջին տասնամեակներուն, նկատելի է անհանգստացնող երեւոյթ մը՝ հայը սկսած է ղեկավարուիլ ղեկավարներով, որոնց առաջնահերթութիւնները աւելի մօտ…
Եւրոմիութեան երկիրներու նավահանգիստներուն Մարտ 26էն սկսեալ արգիլուած է Ռուսիոյ մէջ արտադրուած կամ այնտեղէն արտահանուած հեղուկացուած բնական կազի (ՀԲԳ) փոխաբեռնման ծառայություններ կատարել։ Այս պատժամիջոցները սահմանուած են 2024 Յունիսին։ ԵՄ երկիրներու իշխանութիւնները կրնան թոյլատրել ռուսական ՀԲԳ-ի փոխաբեռնման ծառայութիւնները, եթէ ան անհրաժեշտ է միութեան անդամ երկիր փոխադրելու համար եւ կ՛օգտագործուի անոր ուժանիւթի ոլորտի…
Հայաստանի տնտեսութեան նախարարի տեղակալ Նարեկ Յովակիմեան յայտարարեր է որ հայաստանեան դեղագործական ընկերութիւնները հետաքրքրուած են դեղագործական արտադրանքի Թուրքմէնիստան արտահանման ծաւալները աւելցնելու հեռանկարով։ Անոր խօսքով՝ հայ-թուրքմէնական միջկառավարական յանձնաժողովի նիստերը կարեւոր հարթակ են, ուր հնարաւորութիւն կը ստեղծուի քննարկել առկայ խնդիրները եւ ուրուագծել համագործակցութեան նոր հնարաւորութիւնները եւ ոլորտները։ Նախարարի տեղակալի խօսքով՝ փոփոխուող աշխարհաքաղաքական…
… ՄԱՐՏ 24 Է: Այդ օրը 49 տարի առաջ, 1976-ին, Արժանթինի մէջ զինուորականները պետական հարուածով մը իշխանութիւնը վերցուցին, եւ յաջորդ եօթը տարիներուն երկրին մէջ հաստատեցին Հարաւ Ամերիկեան ցամաքամասի ամէնավայրագ բռնատիրութիւնը: Երեսուն հազար «անհետացածներ», տնտեսական աղիտալի քաղաքականութիւն, եւ 1982-ի Մալվինեան Պատերազմի պարտութիւն, որ բռնատիրութեան աւարտն ու ժողովրդավարութեան անցումը: Այս վերջին…
Հռոմէն առաջ, Բաբելոնի օրերուն ալ, կար երկիր՝ Նայիրի կամ Հայաստան, Արմենիա: Աստուածաշունչը Նոյեան Տապանը հոն բերած է, Արարատի վրայ, ան հոն տնկած է խաղողի այգի: Հոն ապրող ժողովուրդը կը կոչուէր Հայ կամ Արմէն: Կը սիրենք ըսել նաեւ Նայիրիցի: Պատմաբանները թող որոշեն: Այդ երկիրը եւ ժողովուրդը ունեցած են պատմութիւն, ընդգրկուած են յունահռոմէական քրիստոնեայ համաստեղութեան եւ մշակոյթին մէջ:…
Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան յայտարարեր է որ իրաւունքը կը մնայ թուղթի վրայ, եթէ կը բացակայի զայն պաշտպանելու յանձնառությունը։ Ան նաեւ ըսած է թէ մարտի 29-ին ժամը 15:00-ին, կը պատրաստուի միանալ Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունենալիք հաւաքին՝ ի պաշտպանութիւն արցախցիներու իրաւունքներուն։ «150 հազար մարդու խախտուած իրաւունքներու վրայ խաղաղութիւն կառուցելն անարդիւնաւէտ…
«Հայաստան» խմբակցութիւնը առաջարկած է 2026 Յունուարի 1էն սկսեալ նուազագոյն կենսաթոշակը հաւասարի սպառողական զամիւղի ամսական արժէքին։ Ազգային ժողովի նիստին «Պետական կենսաթոշակների մասին» օրէնքի մէջ յաւելումներ կատարելու նախագիծը ներկայացուց խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեան։ Ան նշած է որ փոփոխութեան նպատակն է ի կատար ածել Սահմանադրութեան 84րդ յօդուած, ուր ամրագրուած է արժանապատիւ գոյութեան իրաւունքը։
Ֆութպոլի այսօրուայ (Կիրակի 25 Մարտ 2025 խմբ.) խաղի մասին ես նոյնպէս կ՛արտայայտուեմ, բայց առանց անդրադառնալու նրա գործառոյթային առանձին տեդալներին, որտեղ իմ սիրողական կարծիքը միգուցէ արժէք չունենայ։ Ֆութպոլը համաշխարհային քաղաքականութեան մասն է դարձել արդէն աւելի քան հարիւր տարի։ Համաշխարհային պատմութիւնն անցեալից ունի զանգուածային դիտողական մրցութիւնների նման եւս երկու օրինակներ, որոնք եղել…
Հակամէտ (ածական) Բանի մը հանդէպ տրամադիր՝ յօժար, հակում կամ յարմարութիւն ունեցող, համաձայն, յօժարամիտ, դիւրամէտ. Օրինակ՝Դու անցեալ անգամ հակամէտ էիր այդ առաջարկն ընդունելու։
Azg21 Armenian Independent Blog
Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։





