Հոլանտա մինչեւ 2030 թուականը բանակի թիւը պիտի հասցնէ 100 000-ի, որմէ ետք այդ թիւը կրնայ հասնիլ 200 հազարի, յայտնած է Հոլանտայի պաշտպանութեան նախարարութիւնը: Կը նշուի որ արհեստավարժ զինուորները պահեստազօրայինները եւ քաղաքացիական անձնակազմը ոչ միայն պէտք է աւելի արագ հաւաքագրուին, այլեւ պէտք է աւելի արագ վերապատրաստուին, մարզուին եւ միախառնուին մշտական ստորաբաժանումներուն։
Պոլսոյ քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլուի ձերբակալութեան պատճառով Թուրքիոյ մէջ բողոքի ցոյցերը սկսելէն ի վեր, չորս օրուայ ընթացքին ձերբակալուած է աւելի քան 1100 ցուցարար, իսկ բախումներու ընթացքին վիրաւորուած է 123 ոստիկան։ Այս մասին X- պլոկի մէջ կատարուած գրառումով յայտներ է Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Ալի Երլիքայան: Ան յայտնած է նաեւ որ ձերբակալուածները…
301 թ-ին հայերը, առաջինը աշխարհում, պաշտօնապէս ընդունեցին քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօն: Հայոց ռազմական աւանդոյթներում սկսեց առաջանալ ռազմիկի նոր՝ «ԽԱՉԻ ԴԻՒՑԱԶՈՒՆ»-ի, կերպարը, սկսեց ձեւաւորուել ռազմիկների մի ամբողջութիւն, որի նմանը եւրոպական երկրներում պէտք է առաջանար միայն հարիւրամյակներ անց` ի դէմս ասպետութեան: Փաւստոս Բիւզանդը՝ «Խաչի դիւցազունների» իր ժամանակի այդ գովերգիչը, այսպէս է փոխանցում…
Միջին եւ Մերձաւոր Արեւելքի փոխուող աշխարհաքաղաքականութեան եւ աշխարհագրութեան գլխաւոր անկախ բեւեռը Իրանն է, միւս երկուքը իրարու դաշնակից Թուրքիան եւ Իսրայէլն են, որոնք հակադրուած են Իրանին: Թուրքիան ՕԹԱՆ-ի անդամ է, իսկ Իսրայէլը ցարդ կը վայելէ Միացեալ Նահանգներուն 100 տոկոս անվերապահ նիւթական եւ ռազմական աջակցութիւնը: Իրանը իր ճկուն քաղաքականութեան շնորհիւ, հակառակ ամերիկեան…
Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող մարմնամարզի աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն, մարմնամարզիկ Արթիւր Դաւթեանը դարձաւ ոսկէ մետալակիր։ Ան ախոյեանութիւնը նուաճեց յենացատկի մրցումներուն։ Այս մէկը Դաւթեանի՝ աշխարհի ախոյեանութեան երկրորդ ոսկի մետալն է։
Սուրիոյի նոր առաջնորդ Ահմատ Ալ Շարաահ Ռուսիոյ իշխանութիւններէն պահանջած է Սուրիոյ յանձնենլ նախկին նախագահ Ասատին, ինչպէս նաեւ Դամասկոսին փոխանցել ամբողջ գումարը, որ ան իր հետ տարած էր երկիրէն հեռանալու ժամանակ, կը հաղորդէ Al Hadath։ Նշենք որ Ասատի անկումէն ետք լուրեր շրջուեցան թէ նախկին նախագահը միլիառաւոր տոլարներ հետը տարած է Մոսկուա։
Բանաստեղծութեան միջազգային օրը՝ Մարտի 21ին, Հայաստանի գրողներու միութեան յարկին տակ նշուեցաւ Աւետիք Իսահակեանի 150ամեակը։ Բանաստեղծներ, արձակագիրներ, դերասաններ, ասմունքողներ ընթերցեցին անոր ստեղծագործութիւնները, յիշելով քնարերգուի հետ կապուած յուշերը։ Բանաստեղծութեան միջազգային օրը ամէնամեայ տօն է, որ կը նշուի Մարտ 21ին: Այս տօնը 1999ի Նոյեմբեր 15ին հռչակած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն։ Հայաստանի մէջ այս տօնը սկսած…
Սառցադաշտերու ընդհանուր զանգուածը 2022-2024 թուականներուն կրճատուել է մեծ չափով, կը յայտնեն Օդերեւութաբանութեան համաշխարհային կազմակերպութեան եւ Սառցադաշտերու ուսումնասիրութեան համաշխարհային ծառայութեան ՄԱԿ-ի մասնագիտացած հիմնարկութիւններու հրապարակած զեկոյցները։ ՄԱԿ-ի տուեալներով, Երկրի վրայ կան աւելի քան 275 հազար սառցադաշտ, որոնք ունին մօտաւորապէս 700 հազար քառակուսի քմ տարածութիւն եւ կը պարունակեն աշխարհի խմելու ջուրի պաշարներուն մօտաւորապէս 70%-ը:…
Հայաստանի եւ Վրաստանի ազգային հաւաքականների ֆութպոլային հանդիպման առիթով նախօրէին Երեւան էր ժամանել Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Կոբախիձէն: Դատելով սոցցանցային գրառումներից, որ արել էր նաեւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը, Վրաստանի վարչապետից բացի Երեւան էր ժամանել նաեւ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարը: Հայաստանի եւ Վրաստանի բարձրաստիճան պաշտօնեաները միասին են դիտել խաղը՝ Հանրապետական մարզադաշտում: Ցաիօք, ինչպէս արդէն…
Երկար դադարէ ետք մարտի 21ին կը վերաբացուի 16–20-րդ դարերու արտասահմանեան արուեստի մնայուն ցուցադրութիւնը Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին մէջ։ Շուրջ 300 գեղանկարչական բարձրարժեք գործեր, քանդակներ և -կիրառական արուեստի անկրկնելի նմուշներ ներկայացնող նոր ընդլայնուած ցուցադրութիւնը կ՛ընդգրկէ համաշխարհային անուններ՝ Մարք Շակալ, Վասիլի Գանտինսքի, Վալենթին Սերով, Իլիա Ռեբին, Իվան Շիշկին, Ռոպէրթ Ֆալկգ ինչպէս նաեւ ռուսական…
Azg21 Armenian Independent Blog
Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։





