ԱՄՆի նախագահ Տոնալտ Թրամփը Ուքրանիոյ մէջ զինադադարի դիմաց Ռուսիոյ դէմ որոշ պատժամիջոցներու հնարաւոր վերացման հարցով որոշում պիտի կայացնէ իր վարչակազմի անդամներուն հետ խորհրդակցելէ ետք, յայտարարեր է ԱՄՆի պետքարտուղար Մարքօ Ռուպիօն։ Անոր խօսքով, ամերիկեան կողմը ներկայիս կը վերլուծէ բանակցութիւններու արդիւնքները։ Ան նշած է որ պատշաճ գնահատումներէ ետք քանի մը տարբերակներ պիտի…
Բրիտանացի քաղաքագէտ Ճորճ Կալըուէյ հեգնական դառնութեամբ կը յայտարարէ․- Հաւանաբար Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան միանայ Պաշշար Ասատի, աքսորի առումով․․․։ Սակայն իրականութիւնը աւելի խոր է եւ ցոյց կու տայ, թէ անոր աքսորավայրը աւելի յարմար է որ ըլլայ Թել Աւիւ կամ Տոհա, ուր նստած են անոր դաշնակիցները։ Էրտողան իսլամ ղեկավար մը չէ երբեք, ինչպէս…
Հայ արքաներէն քիչերու ճակատագիրը այնքան հետաքրքրական եղած է, որքան Հայկական Կիլիկիոյ վերջին թագաւոր Լեւոն Լուսինեանինը։ Անոր կեանքի ընթացքին եղած են վերելքներ ու վայրէջքներ, անակնկալներ ու անսպասելի իրադարձութիւններ, որոնցմէ ամէնամե¬ծը Կաստիլայի թագաւոր Խուան Ա.ի ընծան էր։ Այս մասին «Սփութնիք» կայքէջին մէջ կը գրէ Լիլիթ Յարութիւնեան։ Պատմական փաստերը կ՚ապացուցեն, որ եւրոպացի թագաւոր…
Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Անալենա Պերպոք առաջարկած է Եւրոպական միութեան երկիրները սահմանեն 10 սէնթ iPhone-ի իւրաքանչիւր ծրագրային թարմացման համար։ Այս նախաձեռնութիւնը պատասխան կրնայ ըլլալ Միացեալ Նահանգներու նախագահ՝ Թրամփի կողմէ սահմանուած նոր մաքսատուրքերուն։ Մարտ 27-ին նախագահ Թրամփ յայտարարած էր որ Ապրիլ 3էն սկսեալ ԱՄՆ-ը 25 առ հարիւր մաքսատուրքեր պիտի գանձէ բոլոր…
Լիբանան եւ Սուրիա համաձայնագիր ստորագրած են սահմանազատման եւ համագործակցութեան շուրջ եւ սահմանամերձ շրջաններու ապահովութեան պահպանման համար, կը հաղորդէ The Associated Press- (AP): Լիբանանի պաշտպանութեան նախարար Միշէլ Մնասա եւ անոր սուրիացի պաշտօնակից Մուրհաֆ Ապու Քասրա համաձայնագիրը ստորագրած են Մարտ 27ի երեկոյեան Ճետտայի մէջ ընթացող բանակցութիւններէն ետք։ Պաշտպանութեան նախարարներու հանդիպումին ներկայ…
Վերջին շրջանում Պաքուի եւ Ալիեւի աշխատակազմից վարձահրաւիրուած «միջազգային փորձագէտները» ջանք ու եռանդ չեն խնայում՝ քարոզելու, որ Ատրպէյճանը քննարկում է այսպէս կոչուած «Աբրահամի ուխտին» միանալու հնարաւորութիւնը: Ըստ տեղեկութիւնների՝ խնդիրը քննարկուել է Ատրպէյճանի նախագահի արտաքին քաղաքական հարցերով օգնական Հիքմէթ Հաճիեւի Երուսաղէմ այցի ընթացքում, երբ նրան ընդունել է Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն: Ընդսմին,…
Այսօր անցեալի իրադարձութիւնները յիշեցնող, ծանր պայմաններու տակ ձեւակերպուած խաղաղութեան պայմանագիրը, բողոքի ալիքներ կը բարձրացնէ հայութեան շարքերէն ներս: Արդարացի պոռթկումներ են որ կը ժայթքին, որով դժուար է հաշտուիլ այն իրղութեան հետ, երբ խաղաղութեան դիմաց մեր ազգի խորհրդանիշն է դրուած, մեր պատմութիւնն ու հաւաքական յիշողութիւնը: Միթէ կարելի է՞ պատմութեան էջերէն ջնջել ժողովուրդի…
Թատրոնի միջազգային օրը՝ Մարտ 27ին, Կապանի Ալեքսանտր Շիրվանզատէի անուան թատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Արտաւազդ» ամէնամեայ մրցանակաբաշխութիւնը։ Մեծ «Արտաւազդ»-ը մրցանակը տրուեցաւ Տիգրան Աթայեանին Կապանի Ալ․ Շիրվանզատէի անուան թատրոնին ստեղծագործական նոր շունչ հաղորդելու եւ Կապանի կամերային ներկայացումներու փաատօնը հիմնադրելու համար։ Լաւագոյն ներկայացում մրցանակին արժանացաւ Սօս Սարգսեանի անուան Համազգային թատրոնի ներկայացուցած «Լակոտը։ Կապանի…
Հայաստանը ներկայացնող ճատրակի խաղացողները աւարտեցին Եւրոպայի ախոյեանութեան անհատական ելոյթները: Գաբրիէլ Սարգսեան, Ռոպէրթ Յովհաննիսեան, Շանթ Սարգսեան եւ Հայկ Մարտիրոսեան նուաճեցին ճատրակի աշխարհ ախոյեանութեան մասնկակցելու իրաւունք: Եւրոպայի ախոյեան հանդիսացաւ գերմանացի Մաթիաս Պլիուպաում։ Ան պատմութեան մէջ առաջին խաղացողն է, որ երկրորդ անգամ կը նուաճէ տիտղոսը։
Հիւսիսի երկրէն հասնող հարսանեկան հրաւիրագիր մը զօրակոչի ենթարկեց մեր ընտանիքի բոլոր անդամները: Հրաւիրողը ամուսինիս հօրեղբօրորդին էր, Վարդանը, որուն միակ զաւակը կ’ամուսնանար եւ հոն հարազատներ չունենալով՝ կը փափաքէր որ մենք ամբողջ ընտանեօք ներկայ գտնուէինք պսակին: Եւ հրաւէրը ի զօրու դարձնելու համար, ինք յանձն առած էր բոլորիս ճամբորդութեան եւ կեցութեան ծախսերը հոգալ:…
Azg21 Armenian Independent Blog
Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։





