
Հնդկաստանը դադրեցուցած է Փաքիստանին ջուր մատակարարել Բագլիհար ամբարտակով, որ կը գտնուի Ջամու եւ Քաշմիրի նահանգի Չենաբ գետին վրայ, կը հաղորդէ Hindustan Times։
Պարբերականին համաձայն, մէկ շաբաթ տուած քննարկումներէ եւ փորձաքննութիւններէ ետք ամբարտակին պատասխանատուները նման քայլի դիմած են, 90% կրճատելով Փաքիստանի ջուրի մատակարարումը։
Բացի այդ, Հնդկաստանի իշխանութիւնները ծրագրած են նմանատիպ քայլերու դիմել նաեւ Ջամու եւ Քաշմիրի Գիշանկանկա ամբարտակէն, որ կը գտնուի Հիմալայներու հիւսիս-արեւմուտքը։
Ապրիլի 22-էն ի վեր լարուած վիճակ կը տիրէ Հնդկաստանի եւ Փաքիստանի միջեւ։







Մեկնաբանէ