
Մոսկուայի օդանաւակայանին մէջ ձերբակալուեր է ատրպէճանցի երեսփոխան Ազեր Պատամովը: Ռուսական կողմը անոր տեղակացուցած է որ անոր մուտքը Ռուսիա արգիլուած է, կը յայտնեն ատրպէճանական լրատուամիջոցները: Պատամովին Պաքու վերադարձուցած են:
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այհան Հաճիզատէ հաստատեր է լուրը։
Ռուսական կողմի այս որոշումը կը համարենք անբարեացակամ քայլ եւ կ՛ակնկալենք յստակ բացատրութիւններ, նշեր է Հաճիզատէ։







Մեկնաբանէ