Իրանը 800 քմ շառաւիղով ռատար տեղադրած է, որու հասողութիւնը կ՛ընդգրկէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի երկինքը, կը գրէ Islamic World News-ը։ Ռատարը տեղադրուած է Կիլանի նահանգի բարձրավանդակին վրայ՝ երկրի հիւսիսային օդային տարածքը հսկելու համար։ Ան միացուած է Իրանի հակաօդային պաշտպանութեան ցանցին։ Կը նշուի որ Կիլանի մէջ ռատարի տեղադրումէն ետք Հայաստանի, Ատրպէյճանի, արեւելեան…
Հայաստանի պետական սիմֆոնիք նուագախումբը Յունուար 17-19-ը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Տուպայ քաղաքին մէջ պիտի ներկայացնէ «Սիմֆոնիք ռոք» համերգաշարը։ Նուագախումբը Տուպայ կը մեկնի տեղւոյն օփերայի հրաւէրով։ «Սիմֆոնիք Զեփելին» եւ «Սիմֆոնիք Նիրվանա» համերգները պիտի ղեկավարէ Միացեալ Թագաւորութենէն հրաւիրուած խմբացար Ռիչըրտ Սիտուէլ, իսկ «Սիմֆոնիք Ճէքսըն» համերգը՝ Հայաստանի պետական սիմֆոնիք նուագախումբի ղեկավար եւխմբավար Սերգէյ Սմբատեան։
Ժողովուրդի իմաստութիւնը ցոլացնող յիշեալ խօսքը՝ կրակին ցաւցնող ազդեցութեան մասին, երկար մեկնաբանութեան չի կարօտիր: Այս խօսքը բառացիօրէն կը յիշենք՝ երբ տեղ մը իսկական հրդեհ կայ, նաեւ փոխաբերաբար՝ երբ մէկը ցաւալի պատահարի մը մէջ իյնայ, նիւթական կամ մարդկային կորուստ մը ունենայ. իսկ եթէ քիչ մըն ալ տարածուինք՝ կրնանք մտածել նաեւ հայրենիք կորսնցնելու…
Իրանի ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Աքպար Ահմատիան Հայաստանի Հանրապետության անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի հետ հանդիպումի ընթացքին վերահաստատեր է Թեհրանի պատրաստակամութիւնը՝ զարգացնելու տարածաշրջանային երկիրներուն միջեւ քաղաքական, անվտանգութեան եւ տնտեսական յարաբերութիւնները, կը յայտնէ իրանական IRNA լրատու գործակալութիւնը։ Քննարկուեր են նաեւ տարածաշրջանային խնդիրներ եւ ընդգծուեր է խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման…
2025ին Սուրիան կը ներկայանայ նոր պատկերով։ Արտաքին թէ ներքին ազդակներու ներգործութեամբ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցաւ աւելի քան վաթսուն տարուան կեանք ունեցող վարչակարգի տապալում, իսկ նոր իշխանութիւնները կը ջանան երկիրը բարելաւման առաջնորդել՝ վերջ տալու փտածութեան, անարդարութեան եւ ժողովուրդի բազմատեսակ զրկանքներուն։ Սուրիոյ վերջին զարգացումները, որքան ալ անորոշութեամբ յղի ու ենթակայ ըլլան տարածաշրջանային…
Աւելի քան երկու տարի նախագահական աթոռը թափուր մնալէ ետք, այսօր Լիբանանի խորհրդարանը 128 երեսփոխաններու ներկայութեամբ, 99 ձայնով հանրապետութեան նախագահ ընտրեց բանակի հրամանատար զօր. Ժոզէֆ Աուն։ Այս ընտրութիւնները կը յաջորդեն Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի Դէմ շղթայազերծուած պատերազմի զինադուլի համաձայնագիրին, որուն համաձայն երկիրի նախագահական ընտրութիւնները պէտք է կատարուին 60 օրուայ ընթացքին։
Զոյգ հարցումներ.Ա. Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները եւ ժողովուրդը Սփիւռքի հայութիւնը կ՚ընդունի՞ն, ընդունա՞ծ են, որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան հաւասար իրաւատէր-հայրենատէր եւ հաւասարապէս յանձնառու ազգի իրաւունքներու սահմանման եւ վերականգնման ըմբռնումի ճիշդ ըմբռնումով:Բ. Սփիռքի հայութիւնը ինքզինք կը համարէ՞ տէր եւ ծառայ Հայաստանի։Այս զոյգ զիրար ամբողջացնող հարցումներուն պէտք է պատասխանեն հայերը, ուր որ ալ գտնուին։ Պէտք…
Լոս Անճելըսի մոլեգնող հրդեհին հետեւանքով ամբողջութեամբ այրած է Ալթատենայի Սահակ Մեսրոպ ամէնօրեայ վարժարանը։ Դպրոցը հիմնուած էր 1980ին եւ ունէր աւելի քան 200 աշակերտ։ Պետական ծրագրի կողքին կը դասաւանդուէր հայոց լեզու, հայոց պատմութիւն եւ կրօն։Լուսանկարին մէջ կ՛երեւի դպրոցին այրող շէնքը։
Լոս Անճելըսի մէջ բռնկած է խոշոր հրդեհ մը եւ 30 հազար մարդոց յորդորած են հեռանալ իրենց տուներէն։ Հրդեհը արագօրէն կը տարածուի: Քաղաքի այդ մասին մէջ նշանաւոր դէմքեր տուներ ունին։ Հրշէջները սկսած են պայքարիլ հրդեհին դէմ եւ օգնել քաղաքացիներուն, որ տեղափոխուին ապահով վայրեր։ Քալիֆորնիոյ նահանգապետը արտակարգ դրութիւն յայտարարած է: Ան կոչ…
Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տոնալտ Թրամփ «ըմբռնումով կը մօտենայ Ռուսիոյ զգացումներուն» ՆԱԹՕ-ի եւ Ուքրանիոյ շուրջ եւ կը յուսայ որ զինադադար կարենայ հաստատել ոչ թէ 24 ժամէն այլ վեց ամիսէն, կը յայտնէ ՊիՊիՍի-ն։ Ան նաեւ պատրասռակամութիւն յայտնած է տեսնուիլ Վլատիմիր Փութինի հետ բայց Յունուար 20ի երդման արարողութենէն ետք, նշելով որ Փութիւնը…
Azg21 Armenian Independent Blog
Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։





