Ատրպէյճանի կողմէ գերեվարուած եւ ապօրինաբար Պաքուի բանտը պահուող Արցախի նախկին նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի եւ նախկին պետնախարար Ռուբէն Վարդանեանի դատավարութիւնը պիտի սկսի Յունուարի 17ին, յայտնած է Անար Ռզաեւը։ Այդ օրը պիտի որոշուի թէ դատավարութիւնը ինչպէս պիտի ընթանայ՝ փակ թէ բաց։ Չի բացառուիր, որ գործընթացի մէկ մասը փակ նիստերով անցնի, կը գրէ Minval.az-ը։ Արայիկ Հարությանին և Ռուբեն Վարդանյանին…
ԱՄՆ-ի նորընտիր նախագահ Տոնալտ Թրամփ Քանատան հրաւիրեց միանալ ԱՄՆ-ին: Անոր կարծիքով Ճասթին Թրիւտոն հրաժարած է, որովհետեւ հասկցած է, որ «ԱՄՆ-ն այլեւս չի կրնար տուժել այն առեւտրային բացերէն, որոնք քանատացիներուն անհրաժեշտ են իրենց կեանքին համար»: «Եթէ Քանաըան միաւորուի Միացեալ Նահանգներուն հետ, ապա մաքսատուրքեր կը դադրին, տուրքերը կը նուազին, իսկ չինական եւ…
Գերմանիոյ Քանցլեր Օլաֆ Շոլցը հերքեր է Պունտեսթակի ընդդիմադիր Քրիստոնեա-դեմոկրատական միութեան պատգամաւոր Ռոտերիխ Գիզեւեթերի յայտարարությունը թէ քանցլերը կը պատրաստուի Մոսկուա այցելել մինչեւ Փետրուար 23: Պատգամաւորը այս տեղեկատուութեան համար ոչ մէկ աղբիւր չէ նշած։ Նախօրէին Գերմանիոյ նախարարական խորհուրդի մամուլի ծառայութիւնը եւս յայտնած էր որ Շոլցի՝ Մոսկուա այցելութեան մասին։
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը 2024-ի դեկտեմբերին յայտարարած է, որ Պաշշար Ասատը, որ 2000-էն ի վեր կը կառավարէր Սուրիան, հրաժարած է նախագահի պաշտօնէն, եւ անոր ապաստան առաջարկուած է Ռուսիոյ մէջ: Ռուսական լրատուամիջոցներու համաձայն, ան այժմ կը գտնուի այդ երկրին մէջ: Յայտարարութիւնը յաջորդեց Սուրիոյ` Ասատի կառավարութեան ռազմական ուժերու արագ փլուզումին, որ տեղի…
Հաւաստի աղբիւրներ կը յայտնեն թէ Լիպիոյ Ազգային համաձայնութեան կառավարութեան հետ կապուած բանակային ուժերը (Թուրքիոյ հովանաւորութիւնը վայելող) զինեալ գործողութիւններու ձեռնարկած են Հաֆթարի ուժերուն դէմ (Ռուսիոյ հովանաւորութիւնը վայելող)։ Նշենք որ տարիներ առաջ ռուսերու դաշնակից Հաֆթարը հասած էր մայրաքաղաք Թրիփոլիի մատոյցները, երբ Էրտողանի պահանջով ռուսերը ստիպեցին Հաֆթարին կանգնեցնել պատերազմը։
Հայաստանի բանակի գլխաւոր շտաբի պետի նախկին տեղակալ, զօրավար Տիրան Խաչատրեան ձերբակալուեր է, կը յայտնէ անոր պաշտպան խումբը։ «Տիրան Խաչատրեանին առաջադրուած մեղադրանքը (ռազմական դրության ժամանակ զինուորական պաշտօնէական անփութութիւն), որ ան չի ընդունում, կ՛առընչուի 44-օրեայ պատերազմի որոշ հանգամանքներու»,-նշուած է յայտարարութեան մէջ: Պաշտպանական խումբը նշեր է որ նախաքննական եւ ռազմական գաղտնիքի պատճառով այս…
Սուրիոյ հիւսիսը գտնուող եւ Միացեալ Նահանգներու հովանաւորութիւնը վայելող քրտական SDF-ի ուժերը յայտարարեր են որ Սուրիոյ Մէնպիճ քաղաքին մէջ սպաննած են Թուրքիոյ աջակցութիւն վայելող 72 զինեալներ։ Անոնց մէջ եղած են Թուրքիոյ, Իւզպէքիստանի եւ Չեչենիոյ քաղաքացիներ։ Նոյն աղբիւրը կը հաղորդէ նաեւ որ իրենց մօտ կը գտնուի սպանուածներէն 16 դիակ։
Քալիֆորնիոյ Ֆուլերթըն քաղաքին մէջ օդանաւ մը մխրճուեր է շէնքի մը մէջ, յայտներ է տեղական ոստիկանութիւնը։ Արկածը տեղի ունեցած է Ռայմըր էւընեու եւ Կիլպըրթ սթրիթի խաչմերուկին վրայ։ Քաղաքի բնակիչներուն խորհուրդ տրուած է հեռանալ միջադէպի վայրէն։ Զոհերու կամ վիրաւորներու ոստիկանութիւնը տակաւին տուեալներ չունի։ Սակայն BNO News կը յայտնէ թէ օդանաւի կործաման հետևանքով…
Յօդուածը հրապարակուել է Project Syndicate կայքում։2025 ին մենք, հաւանաբար, կ՛իմանանք պատասխանը այն հարցի, թէ արդեօք BRICS խումբը (Պրազիլիա, Ռուսաստան, Հնդկաստան, Չինաստան, Հարաւային Ափրիկէ) կը դառնայ ուժի նոր կենտրոն համաշխարհային քաղաքականութեան մէջ: Նոր անդամների (Եգիպտոս, Եթովպիա, Իրան, ԱՄԷ) միանալուց յետոյ, երբ այն սկսեց ներկայացնել մոլորակի բնակչութեան 45%-ը, որոշ փորձագէտներ սկսեցին պնդել,…
Այսօրուընէ սկսեալ Մոլտովայի մէջ եուրօն պիտի դառնայ հիմնական դրամանիշը, գործառոյթներ կատարելու համար, յայտարարեր է երկրի նախագահ Մայա Սանտուն։ «Մեր առեւտուրի աւելի քան 60%-ը եւ դրամական փոխանցումներու 70%-ը եուրոյով են, այս քայլը կ՛ամրապնդէ մեր տնտեսական կապերը Եւրոպական միութեան հետ, ապահովելով աւելի մեծ կայունութիւն Մոլտովայի բոլոր քաղաքացիներուն համար»,- նշեր է երկրի նախագահը:
Azg21 Armenian Independent Blog
Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։





