Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները յայտարարեր է Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ իր միջնորդական ջանքերու շնորհիւ գերիներու փոխանակման մասին, կը յայտնէ էմիրութիւններու WAM լրատուական գործակալությունը։ Կողմերէն իւրաքանչիւրը ազատ արձակած է 175 ռազմագերի Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաստատեր է ռազմագերիներու փոխանակումը։ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին եւս հաստատեց փոխանակման լուրը զայն անուանելով «ամէնամեծ փոխանակումներէն մէկը» պատերազմի…
Աւելի քան տասնամեակ մը պատերազմէ, բռնապետական իշխանութենէ եւ միջազգային միջամտութենէ ետք, Սուրիան նոր փուլ կը մտնէ: Պաշշար Ասատի երկարամեայ վարչակարգը տապալած է, եւ Ահմէտ Շարհ` Հայըթ Թահրիր Շամ (HTS) կազմակերպութեան նախկին առաջնորդը, յայտնուած է որպէս նոր նախագահ: Սակայն, կայունութիւն բերելու փոխարէն, այս անցումը աւելի մեծ անորոշութիւն ստեղծած է Լաթաքիոյ եւ…
Հայակերտման գործում նշանակալի ներդրում ունեցող, համայնքի հեղինակաւոր կրթահամալիրներից՝ Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի 55ամեակը նշանաւորուեց պատմական իրադարձութեամբ: Յոբելեանական տարեդարձի առիթով խրախճանքի ժամանակ, կրթօճախին նուիրաբերուեց 5 միլիոն տոլար, ինչը հնարաւորութիւն է ստեղծում իրականութիւն դարձնել մասնաշէնքի ընդարձակման վաղեմի երազանքը: Կրթօճախի պատմութեան նոր էջի բացումը հնարաւոր է դառնում համատեղ ուժերով, ինչի վառ…
Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն Տէր Լայէն մտահոգութիւն յայտնած է ընդդիմադիր թուրք քաղաքական գործիչ եւ Պոլսոյ քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլուի ձերբակալութեան գծով։ «Քաղաքապետի ձերբակալութիւնը խորապէս մտահոգիչ է: Թուրքիա պէտք է յարգէ ժողովրդավարական արժէքները, յատկապէս՝ ընտրուած պաշտօնեաներու իրաւունքները», -յայտներ է անա, աւելցնելով որ Թուրքիա պէտք է հաւատարիմ մնայ ժողովրդավարութեան կարեւորագոյն սկզբունքներուն։ Պոլսոյ…
Անյայտ անձ մը Լաս Վեկասի Tesla ընկերութեան վերանորոգման կեդրոնին մէջ այրած է Tesla-ի քանի մը ինքնաշարժներ, կը յայտնէ CNN-ը: Հետաքննութիւն սկսած է։ Մասքը միջադէպը համարած է ահաբեկչութիւն, իսկ ոստիկանութիւնը զայն անուանած է նպատակային յարձակում Tesla ձեռնարկութեան վրայ: Դէպքի վայր ժամանած ոստիկանները այրող ինքնաշարժներու կողքին յայտնաբերած են “դիմադրութիւն” բառը, որ գրուած…
Հայկական իրականութեան մէջ միշտ ալ անտեսուած եղած է տնտեսութեան կարեւորութեան դերը, թէ Հայաստանի պետութեան ամրակայման եւ թէ սփիւռքի պահպանման մէջ։ Հայ քաղաքական միտքը տակաւին ճիշդ չէ գնահատած անոր դերակատարութեան կարեւորութիւնը։ Հայաստանը իբրեւ պետութիւն գոյատեւելու, զարգանալու եւ հզօրանալու առաջին գրաւականը հզօր տնտեսութիւնն է։ Քաղաքական ազգ եւ քաղաքական գործօն դառնալու համար տնտեսութեան…
Հայաստանի Հանրապետութեան բանակի ԳՇ պետի տեղակալ, զօրավար Արթիւր Երոյեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Շթութկարթի մէջ տեղակայուած ԱՄՆի բանակի եւրոպական հրամանատարութեան կեդրոնակայանին մէջ մասնակցեր է ՀՀ եւ ԱՄՆ եւրոպական հրամանատարութեան միջեւ երկրորդ տարին անընդմէջ տեղի ունեցող շտաբային բանակցութիւններուն, կը տեղեկացնէ Հայաստանի ՊՆ-ի տարածած հաղորդագրութիւնը։ Բանակցութիւններու ընթացքին տեղի ունեցած շարք մը հանդիպումներ եւ առանձնազրոյցներ…
Կազայի մէջ 356 պաղեստինցի սպանուած է իսրայէլեան օդուժի ռմբակոծումներու հետեւանքով, կը յայտնէ Al Arabiya-ն։ Պաղեստինի առողջապահութեան նախարարութեան աղբիւրները հաստատած են զոհերու նշեալ թիւը։ Կը տեղեկացուի նաեւ որ իսրայէլեան օդուժի ռմբակոծումներու հետևանքով հարիւրաւորներ վիրաւորուած են։
ԱՄՆ-ն կրկին ներգրաւուում է Հայաստան-Ատրպէյճան կարգաւորման գործընթացում, ինչը միանշանակ դրական իրադարձութիւն է։ Նախագահ Թրամփի Անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Մայքլ Ուոլցը յայտարարում է, որ Հարաւային Կովկասում հակամարտութիւնը պէտք է աւարտուի։ Նա այսօր զանգել է Պաքու եւ խօսել նախագահ Իլհամ Ալիեւի օգնական Հաճիեւի հետ։ Ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնեայի այսօրուայ զանգը տեղի է ունեցել Ատրպէյճանի…
Քանատայի նոր վարչապետ Մարք Քարնի յայտարարեր է թէ ԱՄՆ-ի հետ կարելիութեան չափով դրական յարաբերութիւններ կը պահպանեն։ Քանատայի վարչապետը իր այս յայտարարութիւնը կատարած է Փարիզի մէջ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ կայացած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին։
Azg21 Armenian Independent Blog
Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։





