Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ստորագրեցին միացեալ հռչակագիր մը՝ «Միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման համար Թրամփի ճամբայ»ին համար (Trump Route for International Peace and Prosperity), որ պիտի ճանչցուի TRIPP յապաւումով: Թրամփ, Ալիեւ եւ Փաշինեան այս հռչակագիրը ստորագրեցին 8 Օգոստոսին, Սպիտակ տան մէջ…
Հայը իր հոգեբարոյական դարպասի պահակը չէ: Իր արմատներուն դէմ նախայարձակումներ գործել իմաստութիւն եւ գործնականութիւն կը համարէ, իր լեզուն կը զեղծէ, անհատաբար եւ հաւաքաբար, այս կամ այն յաջողութեան հասնելու կրպակային պատշաճեցումներով, լաւ ապրելու համար հայրենիք կը լքէ:Դար մը առաջ, մարդորսական նկատումներով, թրքախօս հայերը քրիստոնեայ դարձնելու համար, հայերէն աղօթք, շարական եւ Ս.…
ԱՄՆի նախագահ Թրամփը յայտարարեր է որ ամերիկեան կողմը բաւական երկար համագործակցած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ, որու շնորհիւ կարելի եղած է հասնիլ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ «պատմական» խաղաղութեան կնքման, որ տեղի պիտի ունենայ Օգոստոս 8ին Սպիտակ տան մէջ։ Նախագահ Թրամփի խօսքով, Միացեալ Նահանգներ նաեւ երկկողմ համաձայնագիրներ պիտի ստորագրէ Հայաստանի եւ…
Յուլիս 1ի տուեալներով Հայաստանի բնակչութիւնը կը կազմէ 3 084 000 հոգի, որոնցմէ 1 974 000 կը բնակի քաղաքներուն մէջ իսկ 1 109 000ը՝ գիւղերուն։ Անցեալ տարուայ նոյն ժամանակաշրջանի հետ համեմատած բնակչութեան թիւը աւելցած է 27 հազարով։ Քաղաքային բնակչութեան թիւը աւելցած է աւելի քան հազարով, իսկ գիւղական շրջաններու բնակչութեան թիւը՝ 25 հազարով։ Տուեալները հրապարակեր է վիճակագրական կոմիտէն։
Ռուսական տասնեակ անօդաչու թռչող սարքեր գրոհած է Ռումանիոյ սահմանին մօտ գտնուող ուքրանական գազափոխադրման ենթակառուցուածքի կայանը, ուրկէ Ուքրանիա կը մտնէ ԱՄՆէն եւ Ատրպէյճանից եկող կազը, կը հաղորդէ «ՌԲԿ-Ուքրանիա» պարբերականը։ Օտեսայի իշխանութիւններ իրենց հերթին յայտնած են որ գիշերը ռուսական կողմը թիրախաւորած է Իզմայիլի շրջանի կազային ենթակառուցուածքը։ Բռնկուեր է հրդեհ, որուն հետեւանքով ոչնչացուեր…
2023 թուականին Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ վերահսկողութիւնը կորցնելուց յետոյ Հայաստանը շրջւում է դէպի Արեւմուտք։ Երեւանի քաղաքական հեռաւորութիւնը Քրեմլից նոր մակարդակի 2025 թուականի Մարտին հասաւ, երբ Հայաստանի խորհրդարանի մեծամասնուիունը քուէարկեց ԵՄ-ին անդամակցութեան գործընթացը սկսելու օգտին։ ԵՄ-ի նկատմամբ Հայաստանի հետաքրքրութիւնը վերջերս ուժեղացել է, սակայն այն նոր չէ։ 2017 թուականին կողմերը ստորագրեցին Համապարփակ եւ…
Հայաստանի ընդդիմութեան գործերը լաւ ընթացքի մէջ չեն։ Ամիսներէ ի վեր, չըսելու համար տարիներէ, անոնց մունետիկները կ’աւետեն Հայաստանի մօտալուտ կործանումը, սակայն այդ կանխատեսումները յամառօրէն կը մերժեն իրականութիւն դառնալ։ Այս օրերուն անոնք դարձեալ դժգոհ են, այս անգամ ոչ թէ իշխանութիւններէն՝ այլ Հայաստանի քաղաքացիներէն, որոնք ամառուան եղանակին ուրախութեան պահեր կը բոլորեն, կարճ ժամանակով…
ԱՄՆի նախագահ Թրամփի յատուկ բանագնաց Սթիւ Ուիթքոֆ ժամանած է Մոսկուա, կը հաղորդէ «Ինտերֆաքս» գործակալութիւնը։ Սթիւ Ուիթքոֆին դիմաւորած է Ռուսիոյ ներդրումներու հիմնադրամի ղեկավար եւ արտասահմանեան երկիրներու հետ տնտեսական համագործակցութեան հարցերով Ռուսիոյ նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Գիրիլ Տմիթրիեւ։ Ուիթքոֆ վերջին անգամ Մոսկուա այցելած էր Ապրիլ 25ին։ Տարեսկիզբէն ի վեր այս մէկը Ուիթքոֆի հինգերորդ…
Իրանի մէջ սաստիկ տաքի եւ նուազող ջրային պաշարներու հետեւանքով, իշխանութիւնները փակեր են Թեհրանի եւ քանի մը նահանգներու մէջ գործող կառավարական հաստատութիւնները եւ դրամատուները։ Կը գործեն միայն բժշկական հաստատութիւնները, մասնաւոր ընկերութիւնները եւ կարգ մը դրամատուներու մասնաճիւղեր։Օդերեւութաբանական ծառայութեան կանխատեսումով, այս շաբթուայ ընթացքին երկրի կարգ մը շրջաններուն մէջ ջերմաստիճանը կրնայ հասնիլ 50 սելսիուսի։
21-րդ դարուն «ո՞վ է հայը» հարցադրումը դուրս կու գայ ազգային ինքնութեան սովորական սահմաններէն ու կը վերածուի գոյաբանական, արժեհամակարգային, հոգեբանական եւ քաղաքակրթական ճգնաժամի ցուցիչի: Պատմութիւնը, աշխարհաքաղաքականութիւնը, տեղաշարժը, արհեստագիտութիւնը, դարաշրջանի թելադրանքները, սպառնալիքներն ու խաբկանքները՝ ձեւաւորած են իւրատեսակ հայ իրականութիւն մը, որ միաժամանակ կը կրէ թէ՛ հազարամեայ ժառանգութիւն, թէ՛ ներկայի գոյատեւման անորոշութիւն: Ինքնութեան…
Azg21 Armenian Independent Blog
Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։





