«Գանձասար»-ի Քեսապի թղթակիցը յայտնած է որ Քեսապի մէջ կրկին հրդեհներ բռնկած են՝ այս անգամ Պաղճաղասէն Մեղրաձոր, Փենելըք, Էքիզօլուքի լեռները։ Կրակը Էքիզօլուքէն Տիւզաղաճի ուղղութեամբ սկսած է տարածուիլ։ Գիւղացիները առաջքը առած են, որպէսզի կրակը գիւղին չմօտենայ, գիւղին դիմացի լեռները կը հրկիզուին։ Տիւզախաճի տղաքը նախազգուշական աշխատանք կը տանին, որպէսզի հրդեհը բնակարաններուն չհասնի։ Առայժմ…
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլէր հանդիպում ունեցած է Սուրիոյ պաշտպանութեան, արտաքին գործոց նախարարներուն եւ հետախուզութեան տնօրէնին հետ, որոնք պաշտօնական այցով Անգարա կը գտնուին, կը հաղորդէ «Անատոլու» գործակալութիւնը։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են երկկողմ եւ տարածաշրջանային պաշտպանության եւ անվտանգութեան հարցեր։Պաշտպանութեան նախարարները ստորագրած են երկկողմ գործակցութեան յուշագիր, համատեղ զօրավարժութիւններու եւ խորհրդատուութիւններու գծով։
Վերջին ամիսներին Ռուսաստանը եւ Ատրպէյչանը յայտնուել են քաղաքական լարուածութեան կիզակէտում․ երբեմնի ռազմավարական գործընկերների յարաբերութիւններն այսօր նմանւում են փոխադարձ անվստահութեամբ լի մրցակցութեան։ Դրա հիմքում ոչ միայն առանձին միջադէպեր են, այլ նաեւ խորքային փոփոխութիւններ՝ արտաքին քաղաքական ուղղութիւնների, հասարակական ընկալումների ու պետական հռետորաբանութեան մակարդակներում։ Ռուսաստանը եւ Ատրպէյճանը ժառանգել են Խորհրդային Միութեան փլուզումից յետոյ…
Մայիս ամսուն տեղի ունեցած Լիբանանի թաղապետական եւ քաղաքապետական ընտրութիւններուն լիբանանահայ երեք կուսակցութիւններուն արձանագրած դրական արդիւնքները գօտեպնդող էին շատերու համար, որոնք յաջողութիւնը մեկնաբանեցին իբրեւ լիբանանահայ հաստատութենական համակարգի կենսունակութեան եւ արդիւնաւէտութեան ցուցանիշ: Յաջորդած շնորհաւորական եւ արդարացման գրութիւններուն զուգահեռ, կրկին հնչեցին համայնքային միասնականութեան անհրաժեշտութեան մասին արտայայտութիւններ` այդ միասնականութեան հրամայականը ներկայացնելով իբրեւ յաջողութեան գլխաւոր…
Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանի Հայաստան այցի ընթացքին Երեւանի մէջ Օգոստոս 19ին տեղի պիտի ունենայ գործարար համաժողով։ Իրանական կողմէն գործարար համաժողովին պիտի մասնակցին արդիւնաբերութեան, ճանապարհաշինութեան, գիւղատնտեսութեան, դեղագործութեան եւ այլ ոլորտներու ներկայացուցիչներ։ Իրանի նախագահին Հայաստան այցելութիւնը նախատեսուած է Օգոստոս 18-21։
ԱՄՆ նախագահ Տոնալտ Թրամփ յայտարարեր է որ շինիչ բանակցութիւններ կ՛ակնկալէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ կայանալիք հանդիպումէն, որ նախատեսուած է Օգոստոս 15ին Ալասքայի մէջ, կը հաղորդէ Ինտերֆաքս գործակալութիւնը։ Թրամփ նշած է որ հանդիպման ընթացքին իր պահանջը պիտի ըլլայ Ուքրանիոյ մէջ պատերազմի դադրեցումը։
Սկզբունքով առաջնորդուիլը ընդհանրապէս լաւ բան է: Սկզբունք ունեցողը յաճախ ժամանակաւորապէս վնասով դուրս կու գայ: Կը կարծուի, թէ ժամանակաւոր ձեռքբերումները նուաճումներ են, սակայն բնականաբար ժամանակը ցոյց կու տայ, որ կարկտան լուծումները ի շահ որո՛ւ են: Այդպէս է միջազգային քաղաքականութեան մէջ. Միացեալ Նահանգներու նախագահ Թրամփի ամբողջ պահուածքը սկզբունքային ոչ մէկ հիմք ունի:…
Սեպտեմբեր 5-ին կը մեկնարկէ Գեղարուեստական Տպագրութեան Յոբելեանական Հինգերորդ միջազգային Բիենալէ, Երեւան 2025-ը։ Հիմնական ցուցադրութեան հետ զուգահեռ Բիենալէ 2025-ը պիտի հիւրընկալէ Գեղարուեստական Տպագրության Երկրորդ միջազգային Համաժողովը, «Տպագրութենէն մինչեւ Պիքսէլ․ Արուեստ, արհեստական բանականութիւն եւ արդիւնաբերութիւն» խորագրով։ Երկօրեայ համաժողովը կը համախմբէ արուեստագէտներ, հետազօտողներ, իրաւաբաններ եւ մշակութային գործիչներ Հայաստանէն եւ արտերկիրէն, ուսումնասիրելու թէ ինչպէս…
Արցախեան վերջին հակամարտութիւնը հիմնովին փոխեց Հարաւային Կովկասի աշխարհաքաղաքական համայնապատկերը` ետին թողնելով մարդասիրական, քաղաքական եւ տնտեսական խոր հետեւանքներ: Պատերազմին ամէնէն ողբերգական հետեւանքը արցախահայութեան ցեղասպանութիւնն էր: Լեռնային Ղարաբաղի մէջ արձանագրուած տնտեսական ու մարդկային հսկայական կորուստներէն անկախ, արցախահայութեան զանգուածային տեղահանումը ծանր ճգնաժամ ստեղծեց Հայաստանի մէջ` մեծ բեռ մը դնելով հայկական տնտեսական, ընկերային, քաղաքական…
Վրէժ Արմէնի վերջին՝ «Վտանգը» խորագիրով յօդուածը, որ լոյս տեսաւ «Դրօշակ»ի մէջ (Թիւ 7, 2025) հնչեց իբրեւ սրտաշարժ ահազանգ մը: Ան իր խոր մտահոգութիւնը կը յայտնէ հայ ժողովուրդի հաւանական փլուզումին մասին: Ան կը զգուշացնէ ազգային հաստատութիւններու քայքայման, սփիւռքեան ինքնութեան վտանգուելուն եւ համահայկական տեսլականին մարելուն մասին: Այս զգուշացումները լուրջ են եւ շատերու…
Azg21 Armenian Independent Blog
Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։





