Համայն աշխարհը կ’ապրի աշխարհաքաղաքական թոհուբոհի օրեր: Կարծես հին աշխարհը կը քանդուի եւ նորի ստեղծման ճանապարհին ենք: Եթէ մեր հայեացքը սեւեռենք մեր տարածաշրջանին, աշխարհի վերաբաժանման կամ վերաձեւման ծրագիրը սկսաւ դեռեւս արաբական գարուններէն, շարունակուեցաւ Իրաքով, Լիպիայով, վերջերս՝ Սուրիայով եւ այսպէս շարունակ: Աշխարհի գերհզօր ոյժերը մրցավազքի մէջ են տիրանալու «փոքր» երկիրներու հումքային պաշարներուն՝…
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողան հաւանաբար յառաջիկայ օրերուն այցելէ Ուքրանիա, կը հաղորդէ Türkiye թերթը։ Հրատարակութեան համաձայն, դիւանագիտական շրջանակներու մէջ կը քննարկուի Էրտողանի Քիեւ հնարաւոր այցելութիւնը։ Լաւատեղեակ աղբիւրներ կը պնդեն որ այցելութիւնը կրնայ տեղի ունենալ յառաջիկա օրերուն։ Թերթը կ՛աւելցնէ նաեւ որ այցելութեան օրակարգին են երկու երկիրներու միջեւ ազատ առեւտուրի համաձայնագրի վաւերացումը…
Յուլիս 23էն Օգոստոս 3 Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ վոլիպոլի Եւրոպայի Մ16 տարեկան տղաներու ախոյեանութիւնը, որուն մասնակցեցան 16 երկիրներ Ախոյեան հանդիսացաւ Իտալիոյ ազգային խումբը, աւարտականին պարտութեան մատնելով Սպանիան։ Երրորդ պատուաւոր դիրքը գրաւեց Ֆրանսան։ Հայաստանի ազգային խումբը որ 6 ամիս առաջ էր կազմուած էր, Եւրոպայի երեւանեան ախոյեանութեան ընթացքին կատարեց 7 մրցում։
Անցնող Յուլիսին Միացեալ Նահանգներու 87 քոնկրէսականներ կոչ ուղեցին կառավարութեան, ապահովելու արցախահայութեան անվտանգ վերադարձը իրենց հայրենիք։ Այս կոչը կը հիմնուի Մայիսին Զուիցերիոյ խորհրդարանին կողմէ վաւերացուած նոյնանման բովանդակութեամբ բանաձեւին վրայ։Այս կոչը պատահականութիւն պէտք չէ համարել։ Պարզ յիշեցում մը։ Նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի օրով հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը, որ ծանօթ է «ֆութպոլային դիւանագիտութիւն»…
IX դարի հայկական քրիստոնէական վանքը Տաթեւի միակ տեսարժան վայրը չէ, որը զբօսաշրջիկներին Սիւնիքի այս փոքրիկ գիւղն է բերում։ Վանքից մի քանի հարիւր մեթր հեռաւորութեան վրայ «ՏաԹեւեր» են՝ աշխարհի ամէնաերկար յետադարձելի ճօպանուղին։ Գործունէութեան առաջին տասնամեակում «ՏաԹեւեր»-ը աւելի քան մէկ միլիոն այցելու են տեղափոխել։ Չնայած զբօսաշրջութեան ոլորտի դանդաղ վերականգնմանը քորոնավիրուսի համաճարակից եւ…
Աւելի քան 25 տարի առաջ Վահէ Օշական սոյն վերնագրով յօդուած մը կը ստորագրէր, սկսելով հետեւեալ տողերով. «Կտրատումի, երկփեղկումի չարագուշակ հովեր կը փչեն մեր ազգին վրայէն։ Խորհրդաւոր ախտ մը կը կոտորակէ մեր ուժերը եւ կը սպառնայ ջլատել Սփիւռքն ու Հայաստանը»։ Յօդուածը կը շարունակուէր օրուան իրավիճակի վերլուծումով ու կ՚աւարտէր կարգ մը բացասական…
Գիւմրիի մէջ Օգոստոս 8էն 17ը տեղի պիտի ունենայ ժամանակակից արուեստի միջազգային փառատօնը՝ «Gyumri Art Week»-ը, որ այս տարի նուիրուած է բնապահպանութեան եւ շրջակայ միջավայրի ապահովութեան։ «Gyumri Art Week»-ը միտուած է դառնալու ժամանակակից արուեստի եւ գիտական տարբեր ոլորտներու միջեւ համագործակցութեան կապ ստեղծելու, միաժամանակ խթանելով արուեստագիտական հետազօտութիւնները եւ հասարակական գործընթացներու շուրջ բանավէճը։…
Քաղաքականութեան, գործարարութեան, ընտանեկան յարաբերութիւններուն, կրօնքին, թէ պատերազմին մէջ՝ ամբողջ աջակողմեան աշխարհայեացքը ի մի բերող եւ ամրապնդող ընդհանուր շաղախը հնազանդութեան գաղափարն է։ Հիմնական գաղափարը ան է, որ պէտք է միշտ գոյութիւն ունենայ ղեկավարող, գերիշխող ու վճռող հեղինակութիւն մը՝ սովորաբար տղամարդ, որուն պէտք է ենթարկուին բոլո՛րը։ Եթէ չես ենթարկուիր՝ պիտի կրես հետեւանքները։…
Զանգեզուրի միջանցքը շարունակում է մնալ տարածաշրջանային ամենավիճելի եւ քննարկուող հարցերից մէկը։ Ադրբեջանն օգտագործում է իւրաքանչիւր հնարաւորութիւն՝ պահանջելու անարգել մուտք Հայաստանի տարածքով դէպի Նախիջեւան։ Այս առումով, Ամերիկան, կարծես, որոշակի հետաքրքրութիւն է ցուցաբերել՝ միջնորդի դերում հանդէս գալու համար։ Թուրքիայի Հանրապետութիւնում Ամերիկայի դեսպան Թոմաս Ջ. Բարրաքը վերջերս առաջարկել է Ամերիկային հարիւր տարուայ վարձակալութեամբ…
Սլովենիան հանդիսացաւ Եւրոպակամ միութեան առաջին պետութիւնը որ ամբողջութեամբ արգիլած է զէնքի ներածումը, արտածումը եւ տարանցումը դէպի Իսրայէլ եւ այդ երկիրէն, կը գրէ Deutsche Welle։ Սլովենիոյ իշխանութիւնները այս որոշումը բացատրեր են որ իսրայէլեան իշխանութիւններու պաշարման պատճառով Կազայի բնակիչները կանոնաւոր կերպով չեն ստանար մարդասիրական օգնութիւն։ Յիշեցնենք որ Սլովենիոյ խորհրդարանը Յունիս 2024ին Պաղեստինը…
Azg21 Armenian Independent Blog
Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։





