Նորվեկիոյ Ֆիորտէ քաղաքին մէջ ընթացող ծանրամարտի աշխարհի ախոյեանութեան, Հայաստանի հաւաքականի անդամ Վարազդատ Լալայեան 461 քկ արդիւնքով երկրորդ տարին անընդմէջ դարձաւ աշխարհի ախոյեան։
Փարիզի «Ժորժ Փոմփիտու» արուեստի եւ մշակոյթի ազգային կեդրոնի նախաձեռնութեամբ, կեդրոնին մէջ մեկնարկեր է անուանի բեմադրիչ Յարութիւն Խաչատրեանի ֆիլմերու «Բացելով ներկայի ծալքերը» խորագիրով յետահայեաց ցուցադրութիւնը: Ցուցադրութիւնը նուիրուած է բեմադրիչին ծնդդեան 70ամեակին։Ցուցադրութեան ծիրէն ներս, մինչեւ Նոյեմբեր 30 պիտի ցուցադրուին բեմադրիչին 10 ֆիլմեր։
Նոպէլէան կոմիտէն որոշած է 2025ի Նոբէլեան խաղաղութեան մրցանակը շնորհել Վենեզուելլայի ընդդիմութեան առաջնորդ Մարիա Քորինա Մաչատոյին՝ Վենեզուելլայի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ բռնապետութենէն ժողովրդավարութիւն անցնելու արդար եւ խաղաղ գործընթացի անխոնջ աշխատանքներուն համար, կը յայտնէ Նոպէլեան կոմիտէն: Մրցանակի շնորհման նախօրէին փորձագէտները յայտարարած էին որ Թրամփը չի ստանար մրցանակը, որովհետեւ ան կ։ոչնչացնէ միջազգային աշխարհակարգը։…
Ինքնութեան մասին յաճախ կը խօսուի: Մշակոյթին մասին` նոյնպէս: Կ՛արժէ, սակայն, մտմտալ անոնց կապակցութեան ալ մասին, մանաւանդ` այս օրերուն, երբ այնքան կը խօսինք ու կը խօսինք թէ՛ ինքնութեան եւ թէ՛ մշակոյթի խաթարման ու կորուստին մասին: Խաթարմա՞ն, թէ՞… զարգացմա՜ն: Ինքնութիւն. ինչպէ՞ս սահմանել զայն, ինչպէ՞ս բանաձեւել, հասկնալ ու հասկցնել: Ինքնութիւնը առաջին հերթին առնչուած…
Իսրայէլի կառավարութիւնը պաշտօնապէս հաստատած է Կազայի մէջ զինադուլի եւ պատանդներու վերադարձի Թրամփի ծրագիրը, կը յայտնէ Նաթանիահուի հրապարակած յայտարարութիւնը։ Եգիպտոսի մէջ տեղի ունեցած եռօրեայ բանակցութիւններէ ետք Իսրայէլ եւ ՀԱՄԱՍ համաձայնութեան եկած են ԱՄՆ-ի առաջարկած ծրագրի շուրջ։ Իր հերթին, BBC կը հաղորդէ որ զինադուլի ի զօրու դառնալուն զուգահեռ իսրայէլեան ուժերը պիտի հեռանան…
Մամուլը մշակոյթի մը գլխաւոր գործօններէն մէկն է: Ան ազգի մը կեանքին մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ: Անշուշտ ան կոչուած է ըլլալու հաղորդակցութեան միջոց մը, ժողովուրդի մը զանազան մասնիկներուն միջեւ կապ պահելու՝ կարծիքներու, գաղափարներու եւ ընթացիկ հարցերու փուլերուն հետ: Ինչ կը վերաբերի հայ մամուլին, հարկ է ըսել, որ ան մեր ազգային…
Ամէն Ինչ Յանձնելու Այլընտրանքն Անվերջ Առճակատումն Ու Պատերազմելը Չէ, Այլ` Ռազմավարական Զսպումը Հայաստանի բեւեռացուած քաղաքական դաշտում տարածուած ընկալում կայ, թէ ոչ իշխանական ուժերը «այլընտրանք չունեն» գործող իշխանութիւնների որդեգրած ներկայիս ուղուն: Ակնարկը պարզ է. որքան էլ թերի լինեն Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնների կարգաւորման ջանքերը, Ատրպէյճանին արուող միակողմանի եւ անհիմն զիջումները եւ Ռուսաստանից…
Լոնտոնի Բրիտանական գրադարանին մէջ տեղի ունեցած է «Բրիտանահայ» խորագիրով ցուցահանդէսի բացումը, կը յայտնէ Բրիտանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը։ Ցուցահանդէսը նուիրուած է հայերու եւ բրիտանացիներու միջեւ դարաւոր յարաբերութիւններուն։ Ցուցահանդէսին ներկայացուած են ուշագրաւ ցուցանմուշներ, 1736ին Լոնտոնի մէջ տպագրուած առաջին հայերէն գիրքէն՝ Մովսէս Խորենացիի «Հայոց Պատմութիւն»էն, մինչեւ հայկական եւ անգլիական պետութիւններու ղեկավարներու առաջին…
Իսրայէլեան ուժերը կալանած են նաւատորմ մը, որ կը փորձէր Կազա հասցնել սնունդ եւ բժշկական օգնութիւն, կը հաղորդէ BBC-ն։ Նաւատորմը կը բաղկանար 9 նաւէ, որոնց տախտակամածին կը գտնուէր 150 հոգի, կանգնեցուեր է միջազգային ջուրերուն վրայ։ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեր է որ ձախողեցուած է փորձ մը եւս, խախտելու «ծովային օրինական պաշարումը…
Պատմութեան գիրքերը կ՛ըսեն, թէ Արարատ լերան շուրջ կար ազգ մը՝ իր Հայաստան-Armenia կոչուած հայրենիքով: Գիտունները եւ կապոյտ մոլորակի մեծ ու պզտիկ ղեկավարները, եթէ իրենց գովաբանած արդարութեան արեւի լոյսով փնտռէին ՀԱՅ կոչուած ազգը եւ անոր ՀԱՅԱՍՏԱՆ կոչուած հայրենիքը, այսօր ի՞նչ պիտի գտնէին եւ ի՞նչ ընէին: Դեռ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆ անորոշութիւն դարձած անուան տակ…
Azg21 Armenian Independent Blog
Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։





