Յառաջիկայ Յունիսին տեղի ունենալիք Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն, ի շարս այլ հարցերու, Ռուսաստան-Պելարռուսիա միութենական պետութեան կազմին մէջ մտնելու հարցը պիտի ըլլայ օրակարգի վրայ ու քուէարկութեան մասնակցողները ընտրութիւն պիտի կատարեն այդ հարցին շուրջ եւս։ Միութենական պետութեան մաս կազմելու հարցը հրատապ դարձաւ, երբ Հայաստանի երկրորդ մեծագոյն քաղաք՝ Կիւմրիի քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան վերջերս յայտնեց,…
Գերմանիոյի իշխանութիւնները ծրագրած են յառաջիկայ տարիներուն մօտաւորապէս 10 միլիառ եուրօ յատկացնել բանակը ԱԹՍներով համալրելու համար, յայտարարեր է Գերմանիոյ պաշտպանութեան նախարար Պորիս Բիսքորուսը։ Անոր յայտարարութեան համաձայն, Գերմանիա կը ծրագրէ ձեռք բերել տարբեր տեսակի եւ թռիչքային բարձրութիւններու ԱԹՍ-ներ, ընդգրկելով թէ՛ պաշտպանական և թէ՛ յարձակողական գործողութիւններու մէջ կիրառուող համակարգերու համար։
Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն Տէր Լայէն Սերպիայէն պահանջած է միանալ Ռուսիոյ դէմ ԵՄ պատժամիջոցներուն, առանց որուն Պրիւքսէլը չի կրնար Պելկրատը համարել «յուսալի գործընկեր», ինչ որ կը բացառէ զայն դաշինք ընդունելու հնարաւորութիւնը։ ԵՄ ընդլայնման գործընթացի ծիրէն ներս, դաշինքին անդամակցութեան թեկնածու բոլոր երկիրները որպէս անդամակցութեան նախապայման պէտք է իրենց արտաքին քաղաքականութիւնը…
Երբ ընկերային ցանցերը առաջին անգամ յայտնուեցան, անոնք հետերնին բերին խորապէս գրաւիչ խոստում մը․ 21-րդ դարու լուսաբացին, Facebook-ը, Twitter-ը, եւ աւելի ուշ Instagram-ը, TikTok-ը եւ անթիւ ուրիշ հարթակներ ներկայացան իբրեւ մարդոց նոր տեսակի միութեան եւ կապի դարպասներ։ Անոնք խոստացան մեզ միացնել ծովերով ու մայրացամաքներով բաժնուած մեր ընկերներուն ու հարազատներուն հետ եւ օգնել գտնելու այն միջավայրերը, ուր պիտի…
(Սուրբ Թարգմանչաց Տօնին Առթիւ) Ամէն տարի Հոկտեմբեր ամսուան երկրորդ Շաբաթ օրը Հայ ժողովուրդը կը տօնէ Սուրբ Թարգմանիչներու տօնը: Այս տօնը նուիրուած է պանծացնելու յիշատակը՝ հինգերորդ դարու մեր անմահ թարգմանիչ հայրերուն, որոնք երկնեցին հայ գրականութեան Ոսկեդարը: Թարգմանչաց շարժումը հայ քրիստոնէութիւնը հայ ժողովուրդին մէջ արմատացնելու եւ մեր ազգային գոյութիւնը ամուր հիմերու վրայ…
Վերաբացուած է Վանաձորի Ստեփան Զօրեանի տուն-թանգարանի ցուցադրութիւնը, արդիականացուած եւ գեղարուեստական նոր ձեւաւորումով։ Ծրագիրի նպատակն է նպաստել գրողի հանրահռչակման, ստեղծել ժամանակակից չափանիշներուն համապատասխան թանգարանային ցուցադրութեան հատուած, նորովի ներկայացնել թանգարանային միջավայրը, ամրապնդելով թանգարան-այցելու կապը: Արդիականացուած ցուցադրութիւնը Ստեփան Զօրեանի կեանքին եւ գործունէութեան ճանաչման եւ բացայայտման նոր հարթակ պիտի դառնայ հանրութեան համար:
Այն պահուն, երբ ամբողջովին կորսնցուցած էին յոյսը, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը կրնայ երբեւէ որեւէ բան ըսել կամ ընել յաջակցութիւն Արցախին, հաճելի անակնկալ էր տեսնել Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեային նամակը, ուր ան Արցախի պաշտպանութեան վերաբերող շատ ճիշդ դիրքորոշումներ դրսեւորած է: 25 սեպտեմբեր 2025 թուակիր այդ նամակը գրած էր…
Ուքրանիոյ նախագահ Զելենսքի ելոյթ ունեցած է ՆԱԹՕ-ի խորհրդարանական վեհաժողովի 71-րդ նիստին, որուն կը մասնակցին շուրջ 50 երկիրներու պատուիրակութիւններ: Զելենսքի յայտարարած է որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին կարելի է ստիպել որ խաղաղութիւն հաստատուի։ Ան շեշտած է որ չնայած դժուարութեամբ եւ մեծ զոհերու գնով, սակայն Միջին Արեւելքի մէջ պատերազմը ի վերջոյ կ՛աւարտի…
Այսօր Կարսի ստորացուցիչ պայմանագրի տարեդարձն է։ Այսօր շատ է խօսւում հայ եւ ռուս ժողովուրդների դարաւոր բարեկամութեան, մշակութային, քաղաքական շփումների եւայլնի մասին: Իսկապէս, հայ եւ ռուս ժողովուրդների այդ բազմաշերտ շփումը դարերի խորքից է գալիս, բայց արդեօք այդ յարաբերութիւնները միշտ բարեկամական են եղել, կամ աւելի ճիշդ կը լինի ասել` երկկողմանի բարեկամական են…
Հոկտեմբերը հայոց օրացոյցին մէջ արտասովոր խորհուրդ մը կը հաղորդէ մեր ժողովուրդին: Ան հայ մշակոյթի ամիսն է: Այս ամիսը առիթ մըն է` խոկալու, արժեւորելու մեր անցեալի ժառանգութիւնը, ուսումնասիրելու ներկայի մարտահրաւէրները եւ վերանորոգ պատասխանատուութեամբ դիմագրաւելու ապագան: Մշակոյթը մարդկային քաղաքակրթութեան հնագոյն եւ ոգեղէն շունչն է: Դարերու ընթացքին եղած է ժողովուրդներու ինքնութիւնը ամրագրող հիմնական…
Azg21 Armenian Independent Blog
Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։





