
Նոպէլէան կոմիտէն որոշած է 2025ի Նոբէլեան խաղաղութեան մրցանակը շնորհել Վենեզուելլայի ընդդիմութեան առաջնորդ Մարիա Քորինա Մաչատոյին՝ Վենեզուելլայի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ բռնապետութենէն ժողովրդավարութիւն անցնելու արդար եւ խաղաղ գործընթացի անխոնջ աշխատանքներուն համար, կը յայտնէ Նոպէլեան կոմիտէն:
Մրցանակի շնորհման նախօրէին փորձագէտները յայտարարած էին որ Թրամփը չի ստանար մրցանակը, որովհետեւ ան կ։ոչնչացնէ միջազգային աշխարհակարգը։
11 միլիոն շուէտական քրոն կամ մօտաւորապէս 1,2 միլիոն տոլար արժողութեամբ Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակը պիտի յանձնուի Օսլոյի մէջ Դեկտեմբեր 10ին:
ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու գրասենեակը շնորհաւորեր է Նոպէլեան խաղաղութեան մրցանակիր Մաչատոյին։







Մեկնաբանէ