Գիւմրիի համայնքապետ Վարդան Ղուկասեանի եւ եօթ այլ անձերու նկատմամբ կայացուած են հանրային քրէական հետապնդումներ յարուցելու եւ ձերբակալելու մասին որոշումներ։ Այս մասին յայտնած է Հակակոռուպցիոն կոմիտէն։Պարզուեր է որ Գիւմրի համայնքի ղեկավարը եւ գլխաւոր ճարտարապետը, տեղեկանալով որ քաղաքացիին կողմէ Գիւմրի համայնքի Գարեգին Նժդեհ փողոցի 1/9 հասցէին վրայ կառուցուած է շուրջ 1500 քմ…
Արեւմտահայերէնի պահպանման եւ կենսունակութեան շուրջ յառաջացած մարտահրաւէրները աւելի ու աւելի հրատապ դարձած են վերջին տասնամեակին։ Յատկապէս երբ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն 2010-ին արեւմտահայերէնը դասեց «վտանգուած» լեզուներու կարգին, սփիւռքի մէջ անոր ապագան դարձաւ գլխաւոր քննարկման նիւթ: Համայնքային առաջնորդներ, դաստիարակներ, մասնագէտներ եւ ակադեմականներ սկսան միջոցներ եւ ծրագիրներ որոնել դիմագրաւելու լեզուի անկումը: Անշուշտ, այս խնդիրը միայն…
Երէկ. Կիրակի 19 Հոկտեմբեր 2025ին, Վատիկանի Ս. Պօղոս տաճարին մէջ եւ հրապարակին վրայ, Իգնատիոս արք. Մալոյեանը` Հայոց ցեղասպանութեան նահատակը եւ վեց երանելիներ սրբադասուեցան։ Լեւոն ԺԴ. քահանայապետին կողքին համապատարագեց Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքը։ Սրբադասման արարողութեան պաշտօնական հիւրերուն շարքին էին Լիբանանի նախագահ զօր. Ժոզեֆ Աուն, ինչպէս նաեւ…
Կիրակի 19 հոկտեմբեր 2025-ին առաւօտեան ժամը 10,30-ին Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ տեղի պիտի ունենայ Երանելի Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի եւ այլ վեց երանելիներու սրբադասման արարողութիւնը, զոր պիտի գլխաւորէ Լեւոն ԺԴ. Պապը։
Իրանի եւ Աֆղանիստանի պաշտօնեաները քննարկած են երկու երկիրներու միջեւ անվտանգութեան ծիրէն ներս համագործակցութիւնը սահմանի երկայնքով անվտանգութիւնն ապահովելու ուղիները, կը յայտնէ իրանական Mehr գործակալութիւնը։ Երկու կողմերը մանրամասն խորհրդակցութիւններ ունեցած են թմրանիւթերու ապօրինի շրջանառութեան դէմ պայքարի եւ ընդհանուր սահմանի երկայնքով համակարգման բարելաւման համատեղ ջանքերու վերաբերեալ։
Քաղաքաշինութեան կոմիտէի ենթակայութեամբ գործող Ալեքսանդր Թամանյանի անուան ճարտարապետութեան ազգային թանգարան-հիմնարկը կը նշէ հիմնադրութեան 35ամեակը։ Այս առիթով կազմակերպուած ձեռնարկի ընթացքին թանգարանի աշխատակիցներուն շնորհաւորած է Քաղաքաշինութեան կոմիտէի նախագահ Եղիազար Վարդանեան։ Յոբելեանականի ծիրէն ներս բացուած է «Նմուշներ Հայաստանի ճարտարապետութեան գանձարանից» խորագիրը կրող ցուցահանդէս, ուր ներկայացուած են թանգարան-հիմնարկի պահոցներուն մէջ գտնուող հայ ճարտարապետութեան ժառանգութեան…
Երբ պետական մամլոյ հաղորդագրութիւնը գործիքի կը վերածուի ՝ հոգեւոր իրողութիւնները քաղաքականացնելու նպատակով, այնտեղ ո՛չ թէ պատահական շեղում մը կը յայտնուի, այլ՝ վտանգաւոր մօտեցում։ Հինգշաբթի օր, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» Մատենադարանի մատենադարանապետ, Գերաշնորհ Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան, Մաշտոցեան Մատենադարանի տնօրէն Արա Խզմալեանի հետ այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին: Սրբազան…
Հայկական յիշողութեան եւ պատմական գիտակցութեան դաշտին մէջ քիչ ջանքեր կը փայլին այնքան յամառութեամբ, ամբողջականութեամբ եւ յուզական արձագանգով, որքան «Յուշամատեան»ը: 2010-2011 թուականներու սահմաններուն որպէս յիշողութեան վերականգնման նախագիծ ծնած «Յուշամատեան»ը թերեւս դառնար պարզապէս թուային արխիւ մը, սակայն ան ինքզինք հաստատեց որպէս մշակութային հոգատարութեան կենդանի գործողութիւն, վերականգնումի քրտնաջան աշխատանք եւ վկայութիւն մը, թէ…
Անցեալ շաբաթ, Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին Յարաբերութիւններու յանձնախումբի փոխնախագահ, քոնկրեսական Տերըլ Այսա ներկայացուց այսպէս կոչուած «Խաղաղութեան Օրէնք» (PEACE Act)՝ օրինագիծը, որ ներկայացուեցաւ իբրեւ համարձակ նախաձեռնութիւն՝ զսպելու Ատրպէյճանի յետագայ նախայարձակումը Հայաստանի դէմ։ Հակառակ այն պնդումներուն, թէ օրինագիծը պիտի կիրառէ «աննախադէպ պատժամիջոցներ» Ատրպէյճանի նկատմամբ, իրականութեան մէջ այն թուղթէ վագր մըն է՝…
Քրեմլինը բովանդակալից եւ անկեղծ որակած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ ԱՄՆի նախագահ Տոնալտ Թրամփի հեռախօսազրոյցը, որ տեւած է մօտաւորապէս երկուսուկէս ժամ։ Հեռախօսազրոյցի ընթացքին շեշտուած է ուքրանական ճգնաժամի հետ կապուած հարցերը։ Ռուաիոյ նախագահը նշած է որ Ռուսիոյ զօրքերը ամբողջական վերահսկողութիւն ունին ռազմավարական նախաձեռնութեան նկատմամբ։ Թրամփ բազմիցս ընդգծած է խաղաղութիւն հաստատելու…
Azg21 Armenian Independent Blog
Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։





