• Միջին Արեւելքի մէջ շարունակուող պատերազմական գործողութիւնները ամէնէն բիրտ կերպով կը շարունակուին։ Երէկ գիշեր Իսրայէլի ռազմական օդանաւերը ռմբակոծած են Սուրիոյ Սէյիտա Զէյնապ արուարձանը, որ կը գտնուի Դամասկոսի միջազգային օդանաւակայանի ճամբուն վրայ։ Al Hadath հեռատեսիլի կայանը կը յայտնէ թէ պայթումներ որոտացած են ԱլՄազար շրջանին մէջ, սուրիական բանակին օժանդակող «Հըզպալլահ»ի կեդրոններոն մօտ։ Կորուստներու…

    Շարունակէ Կարդալ →: Իսրայէլ Կը Հարուածէ Սուրիոյ Մէջ
  • Հայաստանի խորհրդարանի նախագահ Ալէն Սիմոնեան Նոյեմբեր 4ին հանդիպում ունեցած է Ֆրանսացի երեսփոխան Իզապէլ Սանթիակոյի եւ Ալֆորվիլի քաղաքապետ Լիւք Քարվունասի հետ:  Ա. Սիմոնեան հայ ժողովուրդի անունով շնորհակալութիւն  յայտնած է բարեկամ Ֆրանսային, Հայաստանի համար այս ծանր օրերուն ցուցաբերած աջակցութեան համար: Զրուցակիցները քննարկած են միջխորհրդարանական համագործակցութեան եւ տարածաշրջանային զարգացումներուն վերաբերող խնդիրներ։

    Շարունակէ Կարդալ →: untitled post 1071
  • Միացեալ Նահանգներու նախագահական քարոզարշաւի թէժ մթնոլորտին մէջ նախկին նախագահ Տոնալտ Թրամփն ու ներկայի փոխնախագահ Քամալա Հարիսը յայտարարութիւններ կատարեցին ամերիկահայ ընտրողներուն` խնդրելով անոնց աջակցութիւնը: Նախորդ շաբաթ իր ընկերային ցանցի «Թրութ Սոշըլ» էջին վրայ Թրամփ յայտարարութիւն հրապարակեց` մեղադրելով Քամալա Հարիսը, որ՝ «Ոչինչ ըրաւ, երբ 120 հազար հայ քրիստոնեաներ սարսափելի հալածանքներու կ՛ենթարկուէին եւ…

    Շարունակէ Կարդալ →: Նախագահական Թեկնածուները Արցախամէտ Յայտարարութիւններ Կատարեցին. Դո՛ւք Որոշեցէք՝ Որո՞ւ Պիտի Քուէարկէք
  • Հայաստանի հանրութեան շրջանում մեծ ուշադրութեան է արժանացել տեղեկութիւնը, որ ԱՄՆ նախագահի թեկնածու, նախկին նախագահ Տոնալտ Թրամփը զանգահարել է Մեծի Տան Կիլիկիո Կաթողիկոս Արամ Առաջինին: Ըստ Անթիլիասի տարածած հաղորդագրութեան՝ Թրամփը բարձր է գնահատել Արամ Առաջինի առաջնորդութիւնը, որը վերջերս էր շրջագայել ԱՄՆ-ում: Թրամփը նաեւ վերահաստատել է իր աջակցութիւնն արցախահայութեանն ու հաւատարմութիւնը ռեգիոնալ…

    Շարունակէ Կարդալ →: Ի՞նչ է Ասել Տոնալտ Թրամփն Արամ Առաջինին
  • Պելառուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօն, ելոյթ ունենալով Կրոտնենսկի մարզին մէջ տեղի ունեցած տօնակատարութեան, յայտարարեր է որ «պելառուսերը կ՛ապրին դրախտի մէջ»՝ համեմատած աշխարհի այլ երկիրներու բնակիչներուն: Լուքաշենքոյի խօսքով՝ Պելառուսիան «հացի երկիր եւ խաղաղութեան տարածք» է: Ան նշեր է որ օտարները հաճոյքով կ՛այցելեն Պելառուսիա եւ ընդգծեր է երկիրի մաքրութիւնը, ապահովութիւնը եւ յարմարաւէտութիւնը:

    Շարունակէ Կարդալ →: untitled post 1059
  • Յ. Պալեան             Հայկական «Սփիւռք»-ը, տեւաբար կը տարածուի, ինքզինք կը բազմապատկէ, կը վերարտադրէ նոր անուններով, որոնց ցանկագրումը  չեմ գիտեր թէ եղա՞ծ  է, կ’ըսենք համայնք(ներ), աներեւակայելի աշխարհագրական վայրերու անուններով, հետեւանք՝Հայաստանի եւ բազմանդամ գաղութներու բնակչութեան նօսրացման, որ հեռացում է ազգի մէկութենէ:             Ամէն օր որ կ’անցնի, քիչ մը աւելի կը տարտղնուինք, գոհունակութիւն ալ կ’ունենանք, կը կարծենք ներկայութիւն,…

    Շարունակէ Կարդալ →: ԳՈՐԾԵԼ ԱՆՄԻՋԱԿԱՆԻ ՕՐԱԿԱՐԳՈՎ  ՎԱՏ ՉԷ, ՀԻՄՆԱԿԱՆԸ ԵՒ ԳԱԼԻՔԸ ԱՆՏԵՍԵԼ՝ ԱՊԻԿԱՐՈՒԹԻՒՆ
  • Նոյեմբեր 1ին, Չինաստանի մայրաքաղաք Փեքինի՝ ազգային օփերայի թատրոնին մէջ մեկնարկեր է Արամ Խաչատուրեանի անուան պատանեկան միջազգային մրցոյթի աւարտական փուլը։  Մրցոյթը կազմակերպած է «Արամ Խաչատուրեան» մշակութային հիմնադրամը, գործակցութեամբ չինական պետական-մշակութային կառոյցներու։ Մրցոյթի դատական կազմին մաս կը կազմեն նաեւ հայ երաժիշտներ՝ Սերգէյ Սարաճեան (դաշնամուր), Հայկ Գազազեան (ջութակ), Միքայէլ Հախնազարեան (թաւջութակ)։ 

    Շարունակէ Կարդալ →: untitled post 1049
  • Հիւսիսային Քորէան մեղադրել է Միացեալ Նահանգներուն եւ Հարաւային Քորէային պատերազմ հրահրելու ծրագիր մշակելու մէջ, յայտներ է Հիւսիսային Քորէայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը։ Հիւսիսային Քորէայի կարծիքով՝ Ուաշինկթընը եւ Սէուլը այլ ելք չեն ձգած, քան նախապատրաստուիլ միջուկային պատերազմի հաւանականութեան։

    Շարունակէ Կարդալ →: untitled post 1046
  • Լաւ կը հասկնամ Հայաստանի իրավիճակը շրջանային եւ միջազգային աշխարհաքաղական զարգացումներուն մէջ: Տողերս կը գրեմ, որովհետեւ տարօրինակ մտայնութիւն մը սկսած է հետզհետէ գետին գտնել այսօրուան Հայաստանին մէջ: Գուցէ եւ գայ այն օրը եւ ըսուի՝ սխալած էինք… Յուդան ալ մեր բարեկամն էր…: Հայ ազգային ազատագրական պայքարը՝ հետեւանք է եւ ո՛չ պատճառ հայ…

    Շարունակէ Կարդալ →: ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԵԹԷ ԸՆԴՎԶԵՑԱՒ, ՀԱՐԿԱԴՐՈՒԱԾ ԸՆԴՎԶԵՑԱՒ
  • Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններու դեմոկրատական թեկնածու Քամալա Հարիսի եւ հանրապետական թեկնածու Տոնալտ Թրամփի նախընտրական քարոզարշաւի ընթացքին ծախսուած է մօտաւորապէս 14,7 միլիառ տոլար կը յայտնէ Bloomberg գործակալութիւնը։ Գովազդային արշաւները կեդրոնացած են Արիզոնա, Ճորճիայ, Միշիկըն, Նեւատա, Հիւսիսային Գարոլինա, Փենսիլվանիա եւ Ուիսքընսըն նահանգներուն մէջ։ Դասական նախընտրական պաստառներուն եւ հեռատեսիլի գովազդներուն աւելցած են թուայինները,…

    Շարունակէ Կարդալ →: untitled post 1036

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ