ԱՄՆ նախագահի ընտրութիւնների մեկնարկից դեռ գրեթէ մէկ տարի առաջ հայերն իրար ապացուցում էին, որ Թրամփի/Հարիսի յաղթանակը մեր փրկութիւնն է։ Ու Թրամփ/Հարիս կողմնակիցների “հայապահպան” թէզերը բացի ծիծաղելի լինելուց նաեւ շատ կարեւոր մի երեւոյթ են ընդգծում՝ օտարից սպասուող փրկութեան աննահանջ հաւատը։ Ո՞վ է փրկելու մեզ։ Թրա՞մփը, թէ՞ Հարիսը։ Կարեւոր չէ։ Կարեւորն այն…
(նորատիպ հրատարակութեան մը առիթով) Հակառակ երկար տասնամեակներու յառաջացուցած անջրպետին, որ մեզ կը բաժնէ Շանթի ապրած ժամանակաշրջանէն (գրողը մահացաւ Պէյրութ, 1951-ին), այս նշանաւոր թատերագիրն ու մանկավարժը կը շարունակէ մեզ պահել իր գրական հայեացքներուն ու դաստիարակչական տեսութիւններուն հմայքին տակ։ Կար շրջան մը, երբ Շանթի թատերգութիւնները, մա՛նաւանդ «Հին Աստուածներ»-ը, բեմ կը բարձրացուէին Պէյրութի ու Հալէպի մէջ, լեցուն սրահներու…
Երեւանի մէջ, արուեստասէրները նշած են Երուանդ Քոչարի քանդակած «Սասունցի Դաւիթ» արձանի տեղադրման 65ամեակը։ Արձանին վրան ներկայացուած է լուսային ցուցադրութիւն՝ ձայնային ձևավորումներով, իսկ պատուանդանին վրան ցուցադրուեր են արձանի ստեղծումը ներկայացնող լուսանկարներ։
Գերմանիա մտադիր է հիւրընկալել 2040ին տեղի ունենալիք 37րդ ամառնային ողիմպիական խաղերը, կը գրէ գերմանական DW-ն: 2040ին Գերմանիա պիտի տօնէ վերամիացման 50ամեակը Յաջորդ տարի տեղի ունենալիք մրցոյթին, Գերմանիա դիմում պիտի ներկայացնէ` հիւրընկալելու ամառնային Խաղերը: 2036ին տեղի ունենալիք ամառնային ողիմպիական խաղերու վայրը դեռ որոշուած չէ:
Ժամանակի հոգին եւ շունչը, մեզի համար, որպէս ազգ եւ ազգային հպարտութեամբ առլցուն՝ ազգասէր անհատներ, կ՛արժեւորուին ազգային աւիշով եւ հպարտութեամբ, որոնք կը փոխանցուին ո՛չ միայն մեր էութեամբ եւ գոյութեամբ, այլեւ արժանավայել գործով եւ ապա անոնցմէ բխած հպարտալի հետեւանքներով: Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինի կազմակերպութեամբ, հայկական վարժարաններու կրթական մշակներու վերաւորակաւորման ծրագրին ընթացքին, դաստիարակներու…
Վերջերս մի յօդուած է տպուել Science ամսագրում (Heggarty et al.) որտեղ հնդեւրոպական լեզուաընտանիքի հայրենիքը տեղադրւում է Հայկական Լեռնաշխարհում (այսուհետ ՀԼ): Այն ահագին տարածուեց ՖԲ-ում ու քանի որ այնտեղ յղում է արւում գենետիկական հետազօտութիւնների վրայ ապա մարդկանց մօտ կարող է թիւր տպաւորութիւն առաջանալ թէ յօդուածը հենց գենետիկական տուեալների հիման վրայ է…
Շուէտացի բնապահպան Կրեթա Թունպերկ յայտարարած է որ պիտի չմեկնի Պաքու մասնակցելու ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութեան խորհրդաժողովի 29-րդ նստաշրջանին: Ան ըսած է թէ Ատրպէյճանը բռնատիրական երկիր է որ բռնութիւններ կը գործադրէ իր քաղաքացիներուն հանդէպ, իսկ հայերու նկատմամբ գործադրած է էթնիկ զտումներ:
Միացեալ Նահանգները Լեհաստան ուղարկած է Abrams թանկերու նորագոյն M1A2SEPv3 տարբերակի առաջին խմբաքանակը, կը հաղորդէ լեհական Defense24 պարբերականը։ Պարբերականին համաձայն նոր Abrams-ը Լեհաստան պէտք է հասնի քանի մը շաբաթէն։ Ծրագրուած է մատակարարումները աւարտին հասցնել 2026ի վերջաւորութեան։ Լեհաստանը պայմանագիր ստորագրած է ստանալու 250 Abrams թանկեր, ինչպէս նաեւ օժանդակ սարքաւորումներ։
Կրկին կարդացի Միացեալ նահանգներու փոխ–նախագահ եւ նախագահութեան պաշտօնի թեկնածու Քամալա Հարիսի յայտարարութիւնը՝ Հայաստանի անկախութեան օրուան առիթով: Ըսած է. «Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանուած հայերու՝ իրենց տուները անվտանգ վերադառնալու իրաւունքը կարեւոր է հայ ժողովուրդի արժանապատուութեան վերականգնման եւ տարածաշրջանի կայունութեան համար»: Խօսքը ուղղուած է «հայ–ամերիկեան հանրութեան», Հայաստանի անկախութեան օրուան առիթով: Կ’ըսէ. «Մինչ մենք կը տօնենք այս օրը, մենք նաեւ պէտք է երբեք չմոռնանք Հայոց ցեղասպանութիւնը, երբ շուրջ 1,5 միլիոն հայեր տեղահանուեցան, սպանուեցան եւ քշուեցան դէպի մահ:Այս ողբերգութիւն է, որ կը շարունակէ ձեւաւորել հայ ժողովուրդի ինքնութիւնը։ Հայ–ամերիկեան համայնքի տոկունութիւնը կը մնայ ոգեշնչման աղբիւր ամերիկեան մեր հաւաքական պատմութեան մէջ: Ես հաւատարիմ կը մնամ Հայաստանի եւ անոր հարեւաններու միջեւ կայուն խաղաղութենան հասնելու գաղափարին՝ հիմնուած ինքնիշխանութեան, անկախութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան յարգանքի վրայ»: Ըսած է նաեւ. «Ես պիտի շարունակեմ աջակցիլ Հայաստանի ժողովրդավարութեան ամրապնդման եւ տարածաշրջանի կայունութեան խթանման անոր ջանքերուն»: Հայաստան եւ անոր ժողովուրդը ունին հարուստ պատմութիւն, որ կ’ոգեշնչէ բոլորս, ձգտելու ազատութեան եւ արդարութեան: Ես հաւատարիմ կը մնամ մեր ժողովուրդներու միջեւ կապերու խորացման եւ գործընկերութեան ամրապնդման, որ կը նպաստէ մեր ընդհանուր արժէքներուն եւ ձգտումներուն: Միասին մենք կրնանք կառուցել աւելի ապահով, արդար եւ ազատ աշխարհ»: Փոխ–նախագահ Քամալա Հարիս Ուշադրութեամբ ընթերցեցի: Մեզի հաճոյք պատճառող այլազան առիթներով եղած նման…
Ա._ Լեզուի Աւանդապահութեան եւ Դասական Ուղղագրութեան Մասին Հայ ժողովուրդը ունի մէկ ազգային լեզու; Արդի հայերէնը, իր գրական երկու տարբերակներով: Այլ խօսքով՝ Ժամանակակից հայերէնը իր երկու դրսեւորումներով, մեր ազգային գրական լեզուի գոյութեան երկու ձեւերն են: Տեսակէտ մը, որ ընդունուած է հայագիտութեան մէջ: Չմոռնանք՝ ժամանակակից հայոց լեզուի կառուցուածքի ամբողջական նկարագրութիւնը տալու համար,…
Azg21 Armenian Independent Blog
Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։





