
ՆԵՐԱԾՈՒԹԻՒՆ
Սփիւռք-Հայրենիք յարաբերութիւններու հարցը կը մնայ հայ ժողովուրդի արդի պատմութեան ամենէն բարդ եւ վիճայարոյց խնդիրներէն մէկը: Հայաստանի Հանրապետութեան անկախացումէն ետք ձեւաւորուած նոր իրավիճակը, հայկական երրորդ հանրապետութեան զարգացման առանձնայատկութիւնները եւ Սփիւռքի ներքին փոխակերպումները կը պահանջեն Սփիւռք-Հայրենիք յարաբերութիւններու նորովի համակարգում եւ ռազմավարական հայեցակարգի մշակում: Այս հայեցակարգը պէտք է համապատասխանէ ժամանակակից մարտահրաւէրներուն, հաշուի առնէ համաշխարհային զարգացումները եւ ուղղուած ըլլայ համահայկական ներուժի առաւելագոյն օգտագործման: Պէտք է իրատեսօրէն ամրագրէ այն, որ տասնամեակներու վրայ երկարող իր պատմութեամբ եւ փորձառութեամբ, Սփիւռքը կրցած է զարգացնել իր ինքնուրոյն տնտեսական եւ գիտական ներուժն ու ընկերա-քաղաքական մտածողութիւնը, որմէ պէտք է անպայման օգտուիլ:
Այս յօդուածը չի հաւակնիր ներկայացնել ամբողջական նոր հայեցակարգ մը, այլ կը միտի ներկայացնել այն հիմնական սկզբունքները, որոնք կրնան երաշխաւորել համապարփակ հայեցակարգի մը ձեւակերպումը:
ԻՐԱՎԻՃԱԿ ԵՒ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐ
Ներկայիս Սփիւռք-Հայրենիք յարաբերութիւնները կը բնութագրուին զարգացման զգալի ներուժով, սակայն միաժամանակ կը դիմագրաւեն բազմաթիւ մարտահրաւէրներ, ինչպէս օրինակ՝
• Համակարգուած ռազմավարական մօտեցումի բացակայութիւնը պետական (Հայաստանի պարագային) եւ համայնքային (Սփիւռքի պարագային) մակարդակով.
• Միջազգային անկայուն իրավիճակը եւ տարածաշրջանային բարդ զարգացումները.
• Հայաստանի դիմագրաւած անվտանգութեան խնդիրները.
• Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ առկայ գաղափարական եւ աշխարհահայեացքային տարբերութիւնները.
• Հայաստանի՝ Սփիւռքի աւանդական կառոյցները շրջանցելու եւ Սփիւռքը անկայունացնելու միտումները. (որքան ալ որ շեշտենք անոնց, շատ հաւանաբար, ժամանակաւոր ըլլալու բնոյթը).
• Սփիւռքի աւանդական կառոյցներու ղեկավարութեան մօտ համայնքային տեսլականի եւ համահայկական օրակարգի մը շուրջ նուաճողական ներգործութեան եւ համախմբումի ակնյայտ պակասը:
ՆՈՐ ՀԱՅԵՑԱԿԱՐԳԻ ՀԻՄՆԱՐԱՐ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐԸ
Սփիւռք-Հայրենիք յարաբերութիւնները կրնան բարձրանալ նոր որակական մակարդակի, երբ նոր հայեցակարգը հիմնուի առանցքային սկզբունքներու վրայ, որոնցմէ կարելի է առանձնացնել՝
ՓՈԽԱԴԱՐՁ ՅԱՐԳԱՆՔ ԵՒ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՒԱՍԱՐՈՒԹԻՒՆ. Սփիւռք-Հայրենիք յարաբերութիւններու հիմքը պէտք է կազմեն հաւասարութեան եւ փոխադարձ յարգանքի սկզբունքները: Սփիւռքը չի կրնար դիտարկուիլ պարզապէս որպէս նիւթական (դրամական) աջակցութեան աղբիւր եւ հետեւորդ (ոչ ալ պէտք է բաւարարուի այդ դերով), այլ պէտք է դառնայ լիարժէք գործընկեր համազգային նշանակութեան հարցերու լուծման մէջ: Միաժամանակ, Հայաստանը պէտք է ներառէ սփիւռքի գործօնը միջազգային ասպարէզի վրայ Հայաստանի եւ հայկական շահերու պաշտպանութեան համակարգուած եւ ներդաշնակուած աշխատանքներուն մէջ:
ԻՐԱՏԵՍԱԿԱՆ ԵՒ ՆՊԱՏԱԿԱՅԻՆ ՄՕՏԵՑՈՒՄ. Սփիւռք-Հայրենիք յարաբերութիւններու նոր հայեցակարգը պէտք է ընդգրկէ իրատեսական գնահատականներ եւ յստակ սահմանուած նպատակներ: Անհրաժեշտ է, որ կեդրոնացում ըլլայ գործնական քայլերու վրայ, որոնք կը նպաստեն երկուստեք նպատակասլաց, օգտակար համագործակցութեան: Սփիւռքի գիտական, տնտեսական եւ քաղաքական կարողութիւններն ու հնարաւորութիւնները պէտք է զբաղեցնեն իրենց արժանի տեղը այս հայեցակարգի մշակման եւ իրականացման հանգրուաններուն:
ՀԱՄԱԿԱՐԳՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԵՐԿԱՐԱԺԱՄԿԷՏ ՌԱԶՄԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ. Նոր հայեցակարգը պէտք է ըլլայ համակարգուած եւ միտուած երկարաժամկէտ արդիւնքներու: Սփիւռք-Հայրենիք յարաբերութիւնները պէտք է զարգանան համաձայն յստակ մշակուած ռազմավարութեան, որ կը ներառէ ինչպէս կարճաժամկէտ, այնպէս ալ երկարաժամկէտ նպատակներ: Անհրաժեշտ է ստեղծել յատուկ հաստատութենական համակարգ, որ պիտի ապահովէ հայեցակարգի իրականացման հետեւողականութիւնը եւ շարունակականութիւնը:
ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՕՐԱԿԱՐԳԻ ՍԱՀՄԱՆՈՒՄ. Նոր հայեցակարգը պէտք է ներառէ համահայկական նշանակութեան հարցերու յստակ սահմանում եւ առաջնահերթութիւններու յստակեցում: Հայաստանի անվտանգութեան, կրթական մակարդակի եւ տնտեսութեան զարգացման, ժողովրդավարական հաստատութիւններու ամրապնդման, ցեղասպանութեան, Արցախի հարցի եւ միջազգային ասպարէզի վրայ հայկական շահերու պաշտպանութեան խնդիրները պէտք է դառնան բոլոր հայերու միասնական, գործօն ուշադրութեան առարկայ:
ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ
Արդի աշխարհի համար Սփիւռք-Հայրենիք յարաբերութիւններու նոր հայեցակարգի մշակումն ու իրականացումը կը պահանջեն համակարգուած ռազմավարական ջանքեր, նորարար մօտեցումներ եւ ճշդատես երկարաժամկէտ տեսլական: Փոխադարձ յարգանքի, հաւասարութեան եւ համատեղ պատասխանատուութեան սկզբունքներով կերտուած այս հայեցակարգը կը նպաստէ հայկական ներուժի լիարժէք բացահայտման, առաւելագոյն օգտագործման եւ համազգային մարտահրաւէրներու արդիւնաւէտ լուծման:
Թուային դարաշրջանի ընձեռած հնարաւորութիւնները, մասնակցային որոշումներու կայացման մշակոյթի զարգացումը եւ համահայկական օրակարգի յստակեցումը կ՚ըլլան այն հիմնական հենասիւները, որոնց վրայ պիտի կառուցուին ապագայի Սփիւռք-Հայրենիք յարաբերութիւնները:
ԱՅՍ ՆՊԱՏԱԿԻՆ ՀԱՍՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ Է ԱՐԴԻԱԿԱՆԱՑՆԵԼ ՍՓԻՒՌՔԸ՝ ԻՐ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՉԱԿԱՆ ԴԱՇՏՈՎ, ՎԵՐԱԻՄԱՍՏԱՒՈՐԵԼՈՎ ԻՐ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԵՒ ՎԵՐԱՁԵՒԱԿԵՐՊԵԼՈՎ ԻՐ ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ՏԵՍԼԱԿԱՆՆԵՐԸ: Միայն համադրական եւ նպատակաուղղուած ջանքերով կարելի է ապահովել հայ ժողովուրդի անընդհատ զարգացումն ու բարգաւաճումը ժամանակակից աշխարհի տարբեր հանգրուաններուն՝ ինչպէս Սփիւռքի, այնպէս ալ Հայաստանի մէջ:
Մուրատ Մանուկեան
Ֆէյսպուքեան Գրառում
Ուոթըրթաուն
Մարտ 4, 2025







Մեկնաբանէ