Լուրեր
-
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: untitled post 949Պելճիքայի ներկայացուցիչներու պալատը հիւրընկալած է Սերգէյ Փարաճանովի 100-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէսը, որու կազմակերպչական աշխատանքները իրականացուցած են Հայաստանի եւ Ուքրանիոյ դեսպանատուները։ Բացման արարողութեան ներկայ գտնուած են Պելճիքայի ներկայացուցիչներու պալատի եւ Սենաթի նախագահները, երեսփոխաններ, դեսպաններ, դիւանագիտական ներկայացուցիչներ եւ հայկական կառոյցներու ներկայացուցիչներ։
-
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: untitled post 941Սեպտեմբեր կէսերէն սկսեալ Լիբանան-Իսրայէլ պատերազմը թեւակոխեց ծանր փուլ։ Սեպտեմբեր 28էն մինչև Հոկտեմբեր 20 Պէյրութէն Երեւան ժամանած է 870 հոգի, Հայաստանէն Լիբանան մեկնած՝ 470 հոգի, յայտնած է սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան Sputnik Armenia=ի հետ զրոյցի ընթացքին։
-
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: untitled post 934Միացեալ Նահանգներու միջազգայիննիւթական զարգացման ընկերակցութեան փոխ տնօրէն Նիշա Պիսուալի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Հոկտեմբեր 23ին այցելած է Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր: Հիւրերուն դիմաւորած է Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէն Էդիտա Գզոյեան եւ ներկայացուցած է յուշահամալիրի ստեղծման պատմութիւնը: ՀՑԹԻ տնօրէնը անդրադարձեր է նաեւ անցեալ դարավերջին Սումկայիթի, Կիրովապատի (Գանձակ) եւ Պաքուի մէջ Ատրպէյճանի կողմէ կազմակերպուած կոտորածներուն…
-
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: untitled post 922Ալպանիոյ մայրաքաղաք Թիրանայի մէջ տեղի ունեցած յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի մինչեւ 23 տարեկաններու աշխարհի ախոյեանութեան, Հայաստանի հաւաքականի անդամ Հայկ Խլոյեան նուաճած է ախոյեանի տիտղոսը։ Աւարտականին ան պարտութեան մատնեց Ապուպաքըր Խասլախանաուն 11-6 արդիւնքով։
-
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: untitled post 918Թուրքիոյ կրթութեան նախարարութիւնը որոշում հրապարակած է որ 2024-2025 ուսումնական տարեշրջանէն սկսեալ Միջին Ասիա եզրոյթը պիտի փոխարինուի Թուրքիստանով կը յայտնէ Ermenihaber-ը։ Փրոֆէսոր Ահմէթ Թասագիլի համաձայն «ռուսական ներխուժման հետեւանքով Թուրքիստանի փոխարէն սկսած է օգտագործուիլ Կեդրոնական Ասիա (Միջին Ասիա) հասկացութիւնը, մինչդեռ Թուրքիստան բառը, որ կը նշանակէ թուրքերու երկիր, սկսած է գործածուիլ պատմութեան ամէնավաղ ժամանակներէն»:
-
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: untitled post 908Հոկտեմբեր 21ին Գաբրիէլ Սունդուկեանի ազգային ակեդեմիական թատրոնի սրահին մէջ սկսաւ Creative Armenia Week միջազգային խորհրդաժողովը, որ նուիրուած է ստեղծարար նախաձեռնութիւններու եւ արուեստի ոլորտին մէջ նորարար արհեստագիտութեան օգռագործման։
-
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: untitled post 899Ռուսահայ թենիսմէն Կարէն Խաչանով տիրացաւ Ալմա Աթայի բաց մրցաշարքի տիտղոսին, աւարտականին յաղթելով Քանատացի Կաբրիէլ Տիալոյին 6-2, 5-7, 6-3 արդիւնքով։ Այս յաղթանակը անոր եօթերորդն է ATP TOUR մրցաշարքերուն։
-
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: untitled post 891Ամերիկաբնակ թուրք, իսլամ քարոզիչ, 83 տարեկան Ֆեթուլլահ Կիւլէնը մահացեր է Հոկտեմբեր 20ին հիւանդանոցին մէջ։ Լուրը հաստատեր է անոր զարմիկը։ Տարիներէ ի վեր Թուրքիոյ իշխանութիւնները Միացեալ Նահանգներէն կը պահանջէին անոր արտայանձնումը։
-
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: untitled post 862Ֆրանսական Le Monde թերթին համաձայն, Միացեալ Նահանգները այլեւս որեւէ հիմնաւոր պատճառ չունին որ Ուքրանիան ՆԱԹՕ անդամ դառնայ։ Այս գծով թերթը յղում կը կատարէ Հոկտեմբեր 18ին Պերլինի մէջ ԱՄՆ-ի, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ Մեծն Բրիտանիոյ ղեկավարներու հանդիպման արդիւնքներուն ծանօթ դիւանագիտական աղբիւրներուն։ Թերթի աղբիւրները յայտնած են նաեւ որ չորս երկիրներու ղեկավարները Պերլինի մէջ…
-
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: untitled post 858Հայաստանի բռնցքամարտի կանանց հաւաքականի անդամ Էլիտա Քոչարեան երկրորդ տարին անընդմէջ դարձաւ Եւրոպայի մինչեւ 23 տարեկաններու ախոյեանութեան ոսկի մետալակիր: Ախոյեանութեան մրցումները տեղի ունեցան Վառնայի մէջ Աւարտականին Էլիատան յաղթեց ուքրանացի Թաթիանա Տովկալին։






