Լուրեր
  • Բողոքի Ցոյցեր Աբխազիոյ Մէջ

    Աբխազիոյ մէջ ցուցարարներ վերահսկողութեան տակ առած են խորհրդարանը, կառավարութեան շէնքը եւ հանրապետութեան նախագահի նստավայրը, կը հաղորդէ «Ինթերֆաքս»-ը։ Ընդդիմութինը բողոքի ցոյցեր կատարած էր խորհրդարանին մօտ, պահանջելով նախագահ Պժանիայի հրաժարականը։

    Շարունակէ Կարդալ →: Բողոքի Ցոյցեր Աբխազիոյ Մէջ
  • Կտանսքի Հայկական Միութիւնը Կը Տօնէ Արշիլ Կորքիի 120ամեակը

    Ամերիկահայ նկարիչ, Արշիլ Կորքիի (Ոստանիկ Ադոյեան) արուեստը Լեհաստանի մէջ հանրաճանաչ դարձնելո համար, Կտանսքի հայկական միությունը 2024-ի ձեռնարկները նուիրած է արուեստագէտի 120-ամեակին։ Ցարդ կազմակերպուած են ցուցահանդէսներ, շնորհանդէսներ եւ փառատօններ։ Կտանսքի հայկական միութեան նախագահ նկարիչ Գաֆիկ Պարսամեան նշած է որ Դեկտեմբերին նախատեսուած է հրապարակել գիրք մը, որ կը պատմէ Կորքիի կեանքը եւ գործունէութիւնը։…

    Շարունակէ Կարդալ →: Կտանսքի Հայկական Միութիւնը Կը Տօնէ Արշիլ Կորքիի 120ամեակը
  • ԵՄ-Իսրայէլ Բանակցութիւններու Դադրեցո՞ւմ

    Եւրոպական Միութեան արտաքին գործերոց եւ անվտանգութեան ներկայացուցիչ Ժոզէփ Պորէլ առաջարկած է Եւրոպական Միութեան դադրեցնել բանակցութիւնները Իսրայէլի հետ՝ Կազայի շրջանի մարդու իրաւունքներու խախտումներու գծով, կը յայտնէ Reuters-։ Ան նամակ ուղարկած է ԵՄ անդամ երկրներու արտաքին գործոց նախարարներուն՝ արտահայտելով իր մտահոգութիւնը Կազայի մէջ մարդկային իրաւունքներու խախտումներու գծով։ Reuters-ի աղբիւրները կը նշեն որ…

    Շարունակէ Կարդալ →: ԵՄ-Իսրայէլ Բանակցութիւններու Դադրեցո՞ւմ
  • Հայաստան Պրոնզէ Մետալակիր

    Հայաստանը ներկայացնող Եարոսլավ Կիսիլիով-Սոֆիա Ֆիլիպչուկ պարային զոյգը պրոնզէ մետալ շահած է Երեւանի մէջ տեղի ունեցած 10 պարաձեւերով աշխարհի ախոյեանութեան: ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի նախարարութեան աջակցութեամբ եւ Հայաստանի սփորթային պարերու ֆետերասիոնի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ախոյեանութեան մասնակցած են 31 երկիրներու ներկայացուցիչներ: Ֆետերասիոնի նախագահ Գէորգի Բաբայեանի համաձայն՝ աշխարհի ախոյեանութիւնը ամէնաբարձր մակարդակով էր։

    Շարունակէ Կարդալ →: Հայաստան Պրոնզէ Մետալակիր
  • Ճատրակի Եւրոպայի Անհատական Ախոյեանութիւն

    Հայաստանը ներկայացնող ճատրակի վարպետները կը շարունակեն իրենց մրցումները Եւրոպայի անհատական ախոյեանութեան: «Արմէնփրէս» կը հաղորդէ թէ 5րդ հանգրուանէն ետք Ռոպէրթ Յովհաննիսեան, Շանթ Սարգսեան, Գաբրիէլ Սարգսեան, Մանուէլ Պետրոսեանն ունին 4ական կէտ: Ախոյեանութեան չորս խաղացող 4,5 կէտով առաջին դիրքի վրայ է: Ճատրակի Եւրոպայի անհատական ախոյեանութիւնը տեղի կ՛ունենայ Մոնթենեկրոյի մէջ։ Մրցաշարքը, որուն կը մասնակցին…

    Շարունակէ Կարդալ →: Ճատրակի Եւրոպայի Անհատական Ախոյեանութիւն
  • Շարլ Ազնաւուրը Հայ Նկարիչներու Աչքերով

    Շարլ Ազնաւուրի ծննդեան 100ամեակին առիթով, Նոյեմբեր 11ին Հայաստանի նկարիչներու միութեան տան մէջ բացուեցաւ երգիչին նուիրուած La Bohème խորագիրով ցուցահանդէսը։ Ցուցադրութեան մէջ տեղ գտած է հարիւր հայ նկարիչի հարիւր ստեղծագործութիւն՝ ներշնչուած երգիչի « La Bohème » ստեղծագործութենէն։ Կտաւները կը ներկայացնեն Ազնաւուրը, անոր երաժշտութիւնը եւ գործունէութիւնը։ 

    Շարունակէ Կարդալ →: Շարլ Ազնաւուրը Հայ Նկարիչներու Աչքերով
  • Խորհրդարանը Մերժեց Ընդդիմութեան Նախագիծը

    Հայաստանի խորհրդարանը չընդունեց ընդդիմադիր «Պատիւ ունեմ» եւ «Հայաստան» խմբակցութիւններու կողմէ «Ատրպէյճանում պահուող հայ ռազմագերիների վերաբերեալ» ԱԺ յայտարարութեան նախագիծը:  նախագիծը ստացաւ 30 կողմ ձայն։ Քպական երեսփոխանները չմասնակցեցան քուէարկութեան։ Ըստ խորհրդարանի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեանի, ընդդիմութիւնը գերիներու հարցով քննարկում  հրաւիրած է քաղաքական նպատակներով եւ թէ հայ գերիները կը վերադառնան թէ ոչ, կախեալ է ոչ…

    Շարունակէ Կարդալ →: Խորհրդարանը Մերժեց Ընդդիմութեան Նախագիծը
  • Բողոքի Ցոյց Ատրպէյճանի Դեսպանատան Առջեւ

    Շուէտացի բնապահպան Կրեթա Թունպերկը մասնակցեր է Նոյեմբեր 11ին Թիֆլիսի Ատրպէյճանի դեսպանատան առջեւ կազմակերպուած բողոքի հաւաքին։ «Իլհամ Ալիեւը բռնապետ է» կարգախօսի տակ տեղի ունեցած բողոքի մասնակիցները կը պահանջէին ազատ արձակել ատրպէճանական բանտերուն մէջ պահուող քաղաքական բանտարկեալները եւ կը քննադատէին ՄԱԿ-ը COP-29 խորհրդաժողովը Պաքուի մէջ գումարելու որոշումին համար։ «COP-29-ը քաղաքական երեսապաշտութեան օրինակ է», – գրուած էր…

    Շարունակէ Կարդալ →: Բողոքի Ցոյց Ատրպէյճանի Դեսպանատան Առջեւ
  • Լիբանանի Դէմ Իսրայէլեան Ոճիրները Կը Շարունակուին

    Իսրայէլի օդանաւային ռմբակոծումներու հետեւանքով, վերջին երկու օրերուն Լիբանանի մէջ սպաննուեր է 43 հոգի, որոնցմէ երեքը հիւանդանոցի աշխատողներ, իսկ զոհերուն մեծ մասը կանայք եւ երեխաներ են, կը յայտնէ Elnashra լրատուականը։ Ռմբակոծումներու թիրախ դարձած են տարբեր շրջաններ։ Առողջապահութեան նախարարութեան տուեալներով՝ 8 Հոկտեմբեր 2023ին սկսած պատերազմական գործողութիւններու սկիզբէն ի վեր սպաննուած է 3189…

    Շարունակէ Կարդալ →: Լիբանանի Դէմ Իսրայէլեան Ոճիրները Կը Շարունակուին
  • Արսէն Խանճեան Փոխախոյեան

    Ղազախիստանի մայրաքաղաք Աստանայի մէջ տեղի ունեցող Սամպոյի աշխարհի ախոյեանութեան 98 քկ. Ծանրութեան մրցումներուն, Արսէն ԽանՃեան դարձեր է փոխախոյեան։

    Շարունակէ Կարդալ →: Արսէն Խանճեան Փոխախոյեան

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ