Լուրեր
-
Իսրայէլեան Կը Հարուածէ Լիբանանի Հարաւը
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Իսրայէլեան Կը Հարուածէ Լիբանանի ՀարաւըԻսրայէլեան Կը Հարուածէ Լիբանանի Հարաւը Երէկ գիշեր իսրայէլեան օդուժը երկու յարձակում գործեց Լիբանանի Նապաթիէ շրջանին վրայ։ Պայթումները առաջացուցած են մեծ հրդեհ։ Լրատու աղբիւրներ յայտնած են որ իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը քաղաքային թիրախաւորած է ինքնաշարժ մը, որ կը պատկանի Հըզպալլայի պատասխանատուի մը, որ Իրանէն Լիբանան գումարներու փոխադրման հարցով կը զբաղի:…
-
Սերպիոյ Վարչապետ Վուչեւիչ Հրաժարեցաւ
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Սերպիոյ Վարչապետ Վուչեւիչ ՀրաժարեցաւՍերպիոյ վարչապետ Միլոշ Վուչեւիչ յայտարարած է թէ ներկացացուցած է իր հրաժարականը, երկրին մէջ ծաւալուած զանգուածային բողոքի ցոյցերուն եւ հանրային ճնշման հետեւանքով։ Բողոքի ցոյցերը սկիզբ առած էին անցեալ Նոյեմբերին։ Յունուար 24-ին տեղի ունեցաւ ընդհանուր գործադուլ, իսկ Յունուարի 26-ին Պելկրատի բնակիչները պատուհաններէն զանազան իրերով սկսած են թակել կաթսաները՝ ի նշան բողոքի։ Յունուարի…
-
Իսրայէլ Պատերազմական Նոր Գործողութեան Կը Ձեռնարկէ
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Իսրայէլ Պատերազմական Նոր Գործողութեան Կը ՁեռնարկէԻսրայէլ բանակը յայտարարեր է որ սկսած է Յորդանան գետի արեւմտեան ափի Թուլքարամ քաղաքին մէջ «հակաահաբեկչական» գործողութեան։ Այս գործողութիւնը կը յաջորդէ Իսրայէլի եւ ՀԱՄԱՍի զինադադարին, որ ի զօրու դարձաւ քանի մը օր առաջ։ Իսրայէլ պատրուակած է թէ «ահաբեկիչներ»ու գոյութիւնը Արեւմտեան Ափին տարբեր քաղաքներուն մէջ։
-
Մահացեր Է Լրագրող Արմէն Դուլեան
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Մահացեր Է Լրագրող Արմէն Դուլեան71 տարեկանին մահացեր է լրագրող, «Սփութնիկ Արմենիա» ձայնասփիւտի հաղորդավար Արմէն Դուլեան: Ձայնաոփիւռի կայանին հրապարակած ցաւակցական հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի որ կիրակի երեկոյեան անոր առողջականը վատացեր է եւ կեանքը փրկել հնարաոր չէ եղած։ Արմէն Դուլեանն աշխատած է նաեւ «Արմէնպրէս» լրատուական գործակալութեան մէձ որպէս թարգմանիչ, ինչպէս նաեւ «Ազատութիւն» կայանը՝ որպէս հաղորդավար։
-
«Hi Arev» Խումբին Նոր Մօտեցումները
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: «Hi Arev» Խումբին Նոր ՄօտեցումներըՀայաստանի հանդիսատեսին պահանջկոտութեան պատճառով բազմաթիւ արուեստագէտնեև սկսած են ելոյթ ունենալ տարբեր խումբերու հետ, որոնց կարելիութիւն ունին թէ՛ երգել եւ թէ՛ պարել։ Այս խումբերէն է «Hi Arev»-ը, ուր կրնան յաճախել եւ սորվիլ 4-15 տարեկան, ձայնային եւ պարային տուեալներ ունեցող երեխաները։ Խումբը կը գործէ Թագուհի Գէորգեանի ղեկավարութեամբ։ Եղած են համագործակցութօւններ սիրուած արուեստագէտներու…
-
Ռուսական Ուժերը Դուրս Պիտի՞ Գան Հայ-Թրքական Սահմանէն
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Ռուսական Ուժերը Դուրս Պիտի՞ Գան Հայ-Թրքական ՍահմանէնՀայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Պարոյր Յովհաննիսեան հնարաւոր համարած է որ Ռուսիոյ սահմանապահները դուրս գան հայ-թրքական եւ հայ-իրանական սահմաններէն։ Անդրադառնալով Հայաստանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ ստորագրուած ռազմավարական փաստաթուղթով նախատեսուած դրոյթին, Յովհաննիսեան նշած է թէ ԱՄՆ-էն մաքսային եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերով մասնագիտական խումբ մը պիտի այցելէ Հայաստան, աշխատելու հայ գործընկերներու հետ…
-
Գայա Գալաս Կը Ժամանէ Հայաստան
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Գայա Գալաս Կը Ժամանէ ՀայաստանԵւրոպական Միութեան արտաքին գործոց եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան ներկայացուցիչ Գայա Գալաս պիտի ժամանէ Հայաստան, յայտարարեր է արտաքին գործոց փոխ նախարար Պարոյր Յովհաննիսեան։ Յովհաննիսեան նշած է որ պիտի քննարկուին համագործակցութեանը վերաբերող տարբեր հարցեր: Այցելութեան թուականը տակաւին չէ ճշդուած։
-
Հայաստանը Պէտք Է Դարձնել Աւելի Հզօր. Կ՛ըսէ Ֆինլանտայի Խորհրդարանի Նախագահը
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Հայաստանը Պէտք Է Դարձնել Աւելի Հզօր. Կ՛ըսէ Ֆինլանտայի Խորհրդարանի ՆախագահըԵրեւանի մէջ ընթացող Հիւսիսային Եւրոպա-Պալթեան երկիրներ խորհրդարաններու նախագահներու եւ փոխնախագահների մասնակցութեամբ քննարկումներու ընթացքին, Ֆինլանտայի խորհրդարանի նախագահ Եուսսի Հալլա-Ահո պատասխանելով բանախօսներուն ուղղուած հարցումին, թէ հնարաւո՞ր է աւելի գործնական ճնշումներ գործադրել Ատրպէյճանի վրայ, պատասխաներ է. «Հայաստանի դէմ հաւանական պատերազմի սպառնալիքը չէզոքացնելու լաւագոյն ճանապարհը զայն աւելի զօրաւոր դարձնելն է»։ Ատրպէյճանի վրայ ճնշում գործադրելու…
-
Կազայի Բնակիչները Յունուար 25ին Պիտի Սկսին Վերադառնալ Իրենց Տուները
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Կազայի Բնակիչները Յունուար 25ին Պիտի Սկսին Վերադառնալ Իրենց ՏուներըԿազայի հիւսիսային շրջանի բնակիչ պաղեստինցիները, որոնք պատերազմի ընթացքին հեռանած էին իրենց բնակարաններէն, պիտի սկսին վերադառնալ իրենց տուները, Յունուար 25-էն սկսեալ, զինադադարի համաձայնագիրին համաձայն։ ՀԱՄԱՍ շարժումը նշած է որ Կազայի հիւսիս վերադառնալու համար կրնան օգտագործուիլ փոխադրամիջոցներ, սակայն ատոնք պէտք է ստուգուին նախքան հարաւէն դուրս գալը։ Նոյն օրը ՀԱՄԱՍը պէտք է ազատ…
-
Թրամփ Կը Սպառնայ Ռուսիոյ Նոր Պատժամիջոցներով
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Թրամփ Կը Սպառնայ Ռուսիոյ Նոր ՊատժամիջոցներովԹրամփ. «Ես չեմ ուզեր վնասել ռուս ժողովրդին։ Կ՛ուզեմ մեծ լաւութիւն ընել Ռուսիոյ, որուն տնտեսութիւնը փլուզման մէջ է։ Փութինը պէտք է դադրեցնէ այս անհեթեթ պատերազմը։ Եթէ մենք համաձայնութեան չգանք, այլ ելք չեմ տեսներ, քան բարձր հարկեր, մաքսատուրքեր եւ պատժամիջոցներ սահմանել ամէն ինչի վրայ, որ Ռուսիան կը վաճառէ ԱՄՆ-ին եւ այլ երկիրներու»:Տոնալտ…






