025-ի Յունուար ամսուան սկիզբը, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի Հայաստանի մասին գրգռիչ յայտարարութիւնները անհանգստութիւն յառաջացուցին աշխարհի չորս կողմերը։ Հայաստանը «ֆաշիստական պետութիւն» կոչելով եւ անոր այսպէս կոչուած «ֆաշիստական գաղափարախօսութիւնները» «արմատախիլ ընելու» մասին իր մտադրութիւնը յայտարարելով, Ալիեւի խօսքերը ցնցում յառաջացուցին յատկապէս կովկասեան տարածաշրջանին առընչուած շրջանակներուն մէջ։ Այդ յայտարարութիւնները – որոնք կատարուեցան պատկերասփիւռային հարցազրոյցի…
Տաւուշի Առաքելոց վանական համալիրը եւ բնակատեղին ընդգրկուեր են Եւրոպայի 14 ամէնէն վտանգուած ժառանգութեան վայրերու կարճ ցանկին վրայ։ 2013-էն ի վեր իրականացուող ծրագիրը միտուած է Եւրոպայի մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան։ Տաւուշի անտառներում թաքնուած, Աճարկուտ գիւղէն երկու քմ. դէպի արեւմուտք, Կիրանց գետի երկայնքով, Առաքելոց վանական համալիրը միջնադարեան կրօնական եւ աշխարհիկ ժառանգութեան բացառիկ գոհարներէն…
ՀԱՄԱՍ շարժումը Փետրուար 1-ին ազատ պիտի արձակէ ԱՄՆ-ի եւ Ֆրանսայի մէկական քաղաքացիի, յայտարարեր է զինուորական պատասխանատու Ապու Օպայտա։ Իսրայէլի վարչապետ Նաթանիահուի գրասենեակն յայտնած է որ իսրայէլեան կողմը միջնորդներէն ստացեր է ազատ արձակուելիք պատանդներու անունները։ ՀԱՄԱՍի այս քայլին դիմաց, իսրայէլեան բանտերէն ազատ պիտի արձակուին 90 պաղեստինցի բանտարկեալներ։
ԱՆՆԵՐԵԼԻ ԵՒ ՆՈՅՆՔԱՆ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵԼԻ ԿԸ ԳՏՆԵՄ ԳՈՐԾՈՂ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ ԱՆՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ Հայ ժողովուրդի խորհրդանիշները կասկածի տակ առնելու, ազգային եւ պետական գաղափարախօսութեան հանդէպ հեգնանքը նոր թափ ստացաւ երբ Հայաստանի հանրապետութեան վարչապետը քանի մը յայտարարութիւններով նոր ցնցումներ փորձեց յառաջացնել Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ: Լուրջ հարցական է, թէ որո՞ւն կը ծառայեն եւ ի՞նչ կը…
Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկը, որ մեծ գործունէութիւն կը տանի թէ Հայաստանէն ներս եւ թէ դուրսը, համերգներ կազմակերպելով, միջազգային «Կոմիտաս» գիտաժողով-փառատօնը, Յունուար 29ին նշած է հիմնադրման տասնամեակը։ Խօսք առած են տնօրէն Տաթեւիկ Շախկուկեան, գիտական խորհուրդի նախագահ Մհեր Նաւոյեան, եւ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի փոխ նախարար Ալֆրէտ Քոչարեան Գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցած են…
Յունաստանի պաշտպանութեան նախարար Նիքոս Տենտիաս լուսաբանութիւն խնդրած է Ֆրանսայի դեսպան Լորէնս Օուէրէն Թուրքիոյ Meteor հրթիռներու վաճառքի լուրերոն գծով։ Տենտիասը վարչապետ Քիրիաքոս Միցոտաքիսի եւ արտաքին գործոց նախարար Եորկոս Կերապերտիտիսի հետ քննարկումներէ ետք, հանդիպած է Ֆրանսայի դեսպանին հետ, որմէ խնդրած է պաշտօնական բացատրութիւն Թուրքիոյ Meteor հրթիռներու վաճառքի մասին լուրերուն։ Նախօրէին թրքական Milliyet…
Դժգոհանք Վարչապետի Ցիւրիխեան Հանդիպումից Շուէյցարիայի հայ համայնքի ներկայացուցիչների հետ հանդիպմանը Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ Օսմանեան կայսրութիւնում հայերի բնաջնջման մասին ռեւիզիոնիստական մեկնաբանութիւնը քննադատութեան ալիք է բարձրացել: Ինձ հարցնում են, թէ որպէս հանդիպմանը ներկայ մարդ՝ ինչ եմ մտածում այդ մասին եւ արդեօք կիսում եմ վարչապետի թէզը:Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Յունուարի 24-ին Ցիւրիխի հիւրանոցներից…
American Airlines օդանաւային ընկերութեան մարդատար օդանաւը բախուեր է ԱՄՆի զինուորական Black Hawk օդանաւին եւ ինկած է Բոտոմակ գետը։ Օդանաւին մէջ կային 60 ճամբորդ եւ անձնակազմի 4 պաշտօնեայ։ The Washington Post-ի համաձայն, գետէն բազմաթիւ դիակներ դուրս բերուած են եւ առայժմ ոչ մէկ ողջ մնացածի չեն գտած։ Բախումը տեղի ունեցեր Վիրճինիա նահանգի՝…
Ամերիկացի միլիարատէր Իլոն Մասքի աջակցութիւնը գերմանական աջակողմեան «Այլընտրանք Գերմանիոյ համար» կուսակցութեանը ընդվզեցուցիչ է, յայտարարեր Է Գերմանիոյ քանցլըր Օլաֆ Շոլց: «Մենք շատ ուրախ ենք որ Միացեալ Նահանգները ազատագրեր է մեր երկիրը եւ օգնած մեզ կրկին դառնալ ժողովրդավար երկիր։ Այդ պատճառով ես այնքան դառնացած եմ, որ Իլոն Մասքը հանդէս կու գայ ի…
Յունուարի 27-ին Մոսկուայում Ատրպէյճանի դեսպանը հրաւիրուել է ՌԴ ԱԳՆ: Նրան ընդունել է փոխարտգործնախարար Կալուզինը: Վերջինս անցած ամիսներին մի քանի անգամ «փայլել է» հայ-ատրպէճանական կարգաւորման հարցում Պաքուի մօտեցումներին աջակցութեամբ: Այս անգամ նրան վիճակուել է Ատրպէյճանին «ուշքի բերելու» շատ բարդ առաքելութիւն: Կալուզինը յորդորել է, որ ռուս-ատրպէճանական յարաբերութիւնները պէտք է մնան ռազմավարական գործընկերութեան…
Azg21 Armenian Independent Blog
Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։





